ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ. ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔԷՆ ՎԵՐՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Մասեացոտնի թեմէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարդիրեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ քահանաներու պարգեւաբաշխութիւն։ Քահանայից հաւաքի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Շնորհաբաշխութենէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետն ալ յղեց իր պատգամը հոգեւոր հայրերուն։ «Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց նուիրական տօները Աստուծոյ, քրիստոնէական սրբութիւններու եւ արժէքներու մեր ժողովուրդի հաւատարմութեան նշանաւորումն են եւ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան վկայութիւնը։ Սրբոց Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց պատգամն է մեզի՝ չերկնչիլ, քանզի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ հաւատքին ուժը՝ անպարտելի։ Այս տօները կ՚ուսուցանեն ազգային շահերը սեփականէն վեր դասել, հոգեւորը, բարոյականն ու առաքինին նիւթապաշտութենէն գերադասել», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց պատգամը ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ նախնիներու սրբազան ժառանգութեան վրայ միշտ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը։
«Մեր օրերուն լրջագոյն հիմնախնդիրներու առջեւ կը գտնուի մեր ժողովուրդը, տարատեսակ բռնաճնշումներու կ՚ենթարկուի եւ յարձակումներ կը դիմագրաւէ մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Վարչապետի ձեռնարկած հակաեկեղեցական արշաւը արդէն բացայայտ է։ Կը խոչընդոտուի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ լրջագոյն վնաս կը հասցուի մեր ժողովուրդի հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին։ Դատական ատեաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու բացայայտ խախտումներով, հակաօրինական ու անարդար քայլերով իշխանութիւնը պետական լծակներու չարաշահմամբ կը միջամտէ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին։ Հոգեւորականներ՝ սարկաւագներէն մինչեւ եպիսկոպոս, կ՚ենթարկուին հետապնդումներու եւ պարտադրանքներու», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ եկեղեցին բոլորի հոգեւոր տունն է, որուն ուղղուած հարուածներուն դիմակայելը, եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը պաշտպանելը ամէնքի հաւաքական պարտականութիւնն է եւ պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ, հայրենիքի ու գալիք սերունդներու առջեւ։ «Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց ոգին ու ազգանուիրումը դարձնենք աշխարհասփիւռ հայութեան առաջնորդող ուժը՝ հաւատքի ամրութեամբ, եղբայրսիրութեամբ եւ ազգային միասնութեամբ ճանապարհը հարթելով դէպի հոգեւոր զարթօնք ու համերաշխ ոգիով մեր ժողովուրդի բարօր ապագայի կերտում», աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը։
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած քահանայից հաւաքի մասնակիցները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
*
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութեամբ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու նուիրուած տօնի առթիւ համախմբուելով համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ կը վերանորոգենք Բարձրեալին ու մեր բարեպաշտ ժողովուրդին ծառայելու սրբազան մեր ուխտը եւ կը վերահաստատենք հաւատարմութիւնն ու սէրը առ Սուրբ Էջմիածինն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը:
Ղեւոնդեանց սուրբ նահատակներու օրինակը բոլոր ժամանակներուն հայ հոգեւորականի համար հաւատքի եւ հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան, անմնացորդ ծառայութեան եւ հայրենեայց սիրոյ մշտահունչ պատգամ է: Արդի աշխարհի փոփոխուող իրողութիւններու եւ ներազգային կեանքի դժուարութիւններու յանդիման կոչուած ենք Ղեւոնդեանց սխրանքի խորհուրդով պաշտպանելու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր ինքնութիւնը, դարերով նուիրագործուած արժեհամակարգը եւ հաւատաւոր մեր զաւակներու սրտերուն մէջ անսասան պահելու ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան ոգին:
Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին ազգային ինքնութեան անսասան հիմքն է եւ հայրենի պետութեան կայունութեան ամուր հիմնասիւներէն մէկը, զոր պէտք է պահպանել եւ զօրացնել:
Վերջին ամիսներուն Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու թիրախաւորմամբ եւ հետապնդումներով խաթարուած է ազգային եւ եկեղեցական մեր կեանքը: Ստեղծուած իրավիճակը բացասական հետեւանքներ եւ լարուածութիւն յառաջացուցած է մեր համայնքներու կեանքէն ներս. բան մը, որուն, դժբախտաբար, նպաստած է նաեւ որոշ եկեղեցականներու անընդունելի ընթացքը:
Նոր պառակտումներէ զերծ մնալու համար հրամայական է, որպէսզի քահանաներս, մեր ուխտին ու կոչման հաւատարիմ, անշեղօրէն հետեւինք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգերուն ու կանոններուն, եղբայրսիրութեամբ հետամուտ ըլլանք միաբանութեան վերականգնման եւ առ Աստուած ապաւինութեամբ ու հաւատքի գործերով արդիւնաւորենք տիրաւանդ մեր առաքելութիւնը:
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ փորձութիւններու այս շրջանին աներեր պահել նախնեաց հաւատքը եւ փարած մնալ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ միմեանց զօրակցութեամբ հայոց տապանը առաջնորդելու դէպի ապահով եւ լուսաւոր նաւահանգիստ:
Մեր մշտամնայ աղօթքն է, որ երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ համայն աշխարհը, ապահով եւ անսասան՝ հայրենի մեր երկիրը, անխռով ու համերաշխ՝ մեր ժողովուրդը եւ յաւէտ պայծառ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:
«Կ՚աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի բոլորդ ալ նոյն խօսքը ունենաք, եւ ձեր մէջ բաժանումներ չըլլան, այլ հաստատուն մնաք նոյն մտքի ու նոյն նպատակի մէջ» (Ա Կորնթ. Ա 10):
