Չորեքշաբթի 11, Փետրուար 2026
ՖԻՏԱՆ-ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները անդրադարձան Արեւմտեան Շերիայի եւ Կազզէի իրադրութեան։ Անոնք կանգ առին նաեւ Կիպրոսի հիմնախնդրի վերջին իրադարձութիւններուն վրայ։ Հաքան Ֆիտան եւ Անթոնիօ Կութերես անդրադարձան նաեւ Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւններուն։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026