ՀԻՒՐԸ

Պէյրութի ամենէն հիանալի բանը իր աշունն է, թէեւ անցնող է ինչպէս իր ազատութիւնը…: Աւելի քան քսան տարի առաջ անոր մայթերուն վրայ թափառաշրջութեանս սկիզբը, հակառակող պետութիւններուն նման էի, արտաքին օժանդակութիւններուն յոյսով կ՚ապրէի, որով իրապէս ընդդիմադիր ընկերներ ունէի, օժանդակող ընկերներ, սպառող ընկերներ: Այս եղանակին յատկապէս, մինչ կը թափառէի, աւելի ճիշդ կը պտտէի ճաշի ժամուն «Ֆէյսալ» ճաշարանին դիմաց եւ կը նայէի անոր խորոված համերուն եւ տարօրինակ համեղութիւններուն՝ ինծի համար կարծէք գերիրապաշտական նկարներ ըլլային, որ հրաւիրուած է ընթրիքի մը «լերան» վրայ որպէս պաշտօնական հիւր կամ «պահեստային», չեմ յիշեր, առ ի գնահատանք սփիւռքի մտաւորականներուն: Անմիջապէս ընդունեցի հրաւէրը եւ մի քանի շիշ զովացուցիչ ըմպելիքներ խմեցի՝ պատրաստուելով այդ հրաւէրին, առանց գիտնալու, թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ որո՞ւ պատիւին է: Սակայն, հագուստներու խնդիր ունեցայ. արդարեւ, Լիբանանի մէջ պաղութիւնը իր քաղաքականութեան նման է, չես գիտեր, թէ երբ վերջդ կը բերէ: Այդ ժամանակները բանաստեղծութիւն մը հրատարակած էի աղքատութեան եւ թափառիկ ըլլալու մասին, որ տարբեր մասսաներու, կուսակցութիւններու եւ խմբաւորումներու կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած էր: Այդ պատճառով, նասրանիէ մը՝ տաբատ մը եկաւ ինծի, քաթաէպիէ մը՝ վերարկու մը, արաբ ազգայնականէ մը՝ քազաք մը, քննադատող ընկերվարականէ մը՝ կարմիր փողկապ մը, ատոր համար երբ բոլորն ալ հագուեցաւ, ինքզինքիս նայեցայ հայելիին մէջ. շատ նման է ազգային քայլերգի մը, կամ շարժող գագաթնաժողովի մը:

Առաջին փոխադրակառքը առի եւ սկսայ բարձրանալ հանդիսութեան վայրը: Կեանքիս այդ հանգրուանին, չէի գիտեր ու չէի լսած մտնելու, նստելու եւ մեկնելու քաղաքավարական վերաբերմունքին մասին: Որեւէ մէկ ձեռնարկի, կամ ճաշարան, կամ կուսակցութիւն, որ կը հրաւիրուէի, մտնելէ եւ հանդիպածս առաջին աթոռին վրայ նստելէ բացի ուրիշ բան չէի գիտեր: Միայն ձանձրանայի կամ բանէ մը ջղայնանայի, դուռը կը բանայի ու կը հեռանայի: Այս անգամ, սակայն, ամէն ինչ տարբեր էր: Արդարեւ, զարմացայ հոծ բազմութեան մը ներկայութենէն, անոր հագ ու կապէն, այնքան որ սարսափ զգացի: Ողջոյններ, խոնարհումներ, գացող ու եկող սպասեակներ, տեղ մը ծիծաղ, տեղ մը շշուկներ, չէի գիտեր ինչպէս վարուիմ: Դրան մօտ կանգնեցայ, շարժուեցայ, հազացի, արտաշնչեցի, բայց ո՛չ ոք ուշադրութիւն դարձուց գալուս. կարծեցի, թէ բոլորը ճանչցած են զիս, սակայն առ ի յարգանք չէին մօտենար, որով սրահին մէջի առաջին աթոռին նստայ ու սկսայ քրտինքս սրբել…: Այդ ընելուս պէս, կին մը միօտեցաւ ինծի ու ըսաւ.

-Հրամմեցէք այստեղ:

Մինչ կը նստէի անոր ցոյց տուած տեղը, ահա սպասեակ մը եկաւ ու ըսաւ ինծի.

-Հրամմեցէք այնտեղ:

Եւ այսպէս, մինչեւ ինքզինքս գտայ թփուտի մը վրայ, սփիւռքէն ժամանած երկու տարեց մտաւորականներու միջեւ, որոնք կը խօսէին արաբական արշաւանքներու եւ անոնց ունեցած ազդեցութեան՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւններուն վրայ: Անոնցմէ մէկը ամէն անգամ, որ նախադասութիւն մը աւարտէր, շշիկ մը կը բանար եւ անկէ մի քանի հատ դեղահատեր ու գրգռիչ դեղահատեր կ՚առնէր, կամ ալ աչքին մէջ կաթիլներ կը կաթեցնէր: Անտեսեցի զանոնք եւ գրպանէս հանեցի բանաստեղծութիւններուս սեւագիրները ու սկսայ սրբագրել, աւելցնել, ջնջել, որպէսզի ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեմ, թէ «մտաւորական» եմ, բայց ո՛չ ոք ուշադրութիւն դարձուց ինծի: Կանգնեցայ եւ սկսայ ուշադրութեամբ դիտել մեծ գրադարան մը, որ անկիւն մը դրուած էր, կը թերթատէի գիրքեր, նոյնիսկ անոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ գրեթէ կարդալու վրայ էի, եւ այդպէս ո՛չ ոք ուշադրութիւն դարձուց ինծի: Զսպեցի զայրոյթս եւ սկսայ կանգնած զրուցող խումբ մը փնտռել, որպէսզի միանամ անոնց. այդ խումբերէն սեղանին ամենէն մօտիկը ընտրեցի, որու անդամները կենացներ կը փոխանակէին՝ սուզուած ըլլալով խօսակցութեան ու կատակի մէջ. միացայ անոնց ու սկսայ իրենց հետ խնդալ, առանց գիտնալու պատճառը: Սակայն, խնդուքին անմիջապէս յաջորդեց խռպոտ հազ մը, որ սկսաւ առանց գիտնալու, թէ ինչպէս դադրի, կարծէք կուրծքիս տակ ամբարուած ամբողջ պատմութիւնս՝ «մարգարիտի ու քաղցրաւենիքի» մէկ պահուան մէջ պայթեցաւ. հիւրընկալուհիէն գաւաթ մը ջուր ուզեցի եւ ան անգլերէնով ըսաւ ինծի.

-Մէկ վայրկեան… ու հեռացաւ իր հրաւիրեալներուն մօտ:

Սպասեակէ մը գաւաթ մը լեմոնատ ուզեցի եւ ան ֆրանսերէնով ըսաւ ինծի.

-Վայրկեան մը… ու գնաց ուրիշի մը խնդրանքը կատարելու:

Ձգեցի բոլորը եւ գացի փնտռելու անկիւն մը՝ մինչեւ որ դադրի հազս ու ինքզինքս գտնեմ: Ինքզինքս «բաղնիքի» սենեակը գտայ. իրականութեան մէջ «բաղնիք» ըլլալը հասկցայ ծորակներէն ու այստեղ ու այնտեղ ծալուած անձեռոցներէն: Այդ բաղնիքը եւս նման էր փոքրիկ ընդունարանի մը: Կարճ ըսած, սպունգը, որ դրուած էր մուտքին, աւելի լայն ու փափուկ էր քան այն անկողինը, որու մէջ ծնած ու մանկութիւնս անցուցած էի: Իսկ «լոգարանը» հնարաւոր չէ, որ մարդ մը տեսնէ զայն ու փափաք չզգայ, որ ինք եւ իր ընտանիքը անոր մէջ ապրին յաւիտեան:

Մինչ ծիծաղներու ու հրաժեշտի կենացներու ձայնը կու գար ինծի ներսէն, մէյ մը աջ եւ մէյ մը ձախ դարձայ ու հագուստներովս լոգարանին մէջ պառկեցայ եւ մօտս եղած գիրքերն ու թերթերը դրի գլուխիս տակ, մէկ ոտքս միւսին վրայ դրի ու սկսայ մտածել.

-Քիչ մը վերջ հրաւիրեալները պիտի հեռանան մէկ առ մէկ եւ իւրաքանչիւր խումբի կը սպասէ իր ինքնաշարժն ու անոր վարորդը, իսկ ինծի ի՞նչ կը սպասէ դուրսը, ներսը, լերան վրայ, հարթավայրին ու ձորին մէջ, բացի գիշերէն, հովէն ու դռներու շրխկոցէն:

Յանկարծ, հրաւիրուած կիներէն մէկը ներս մտաւ իր զարդարանքը կարգի բերելու համար ու զարմացաւ զիս պառկած տեսնելով լոգարանին մէջ. բարձր-բարձր նայեցաւ ինծի, կարծէք սպունգ մը կամ օճառ մը ըլլայի, ու ըսաւ.

-Անկեղծ…, վայելչութիւնը կը պակսի քեզի:

Պատասխանեցի անոր.

-Այլ՝ հայրենիքը կը պակսի ինծի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026