ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց կառավարութեան նորանշանակ անդամները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնամուտի առթիւ ողջունեց արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէքը եւ ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Չիֆթչին, որոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ տարեմուտին Անգարա այցելութեան ընթացքին տեսակցած էր այժմ արդէն նախկին ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի հետ։ Այդ այցելութեան ընթացքին ան փափաքած էր նաեւ տեսակցիլ՝ այժմ արդէն նախկին արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունչի հետ, որու ժամանակացոյցի ծանրաբեռնուածութեան հետեւանքով կարելի չէր եղած հանդիպումը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026