451-2026

Այսօր Վարդանանք է. տօն մը, որ չի նշուիր մեր հայրենիքին մէջ: Սխալ չհասկցուիմ. «Իրական Հայաստան» կոչուող այսօրուան մեր հայրենիքը չէ ակնարկածս, չէ՜, երբեք, քանզի շատոնց այսպէս էր՝ Վարդանանքը չկար հայրենի մեր տօներուն մէջ: 

Հարց չէ: Չըլլալը մեզի՝ սփիւռքի հարիւրաւոր մեր գաղութներուն արգելք չէ հանդիսացած, որ ամէն փետրուարի առաջին հինգշաբթին «Սրբոց Վարդանանց» տօնը յիշատակենք, դպրոցներուն մէջ Վարդանին եւ իր զինուորներուն պատմութիւնները պատմենք, կրկնենք, անվարան, անվհատ, առանց դժկամելու՝ նոյն խինդով կրկնենք, մանկապարտէզի մանուկներուն կարմիր սաղաւարտ ներկել տանք, նետ ու նիզակ գծենք, վահան ու զրահ բացատրենք, փիղերուն դէմ կռուող 60 հազար կտիճները գովենք, Վարդանին մահը հարցուփորձող մեր մանուկներուն զարմանալի հարցումներուն պատասխանենք, «Հիմի՞ էլ լռենք» ու «Գողթնի քնարք» երգենք, « Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» կարգախօսին տակ դասախօսութիւններ կազմակերպենք ու դարձեալ ու դարձեալ լսենք Յազկերտին ու հայերուն, Մամիկոնեաններուն, Ղեւոնդին ու Եղիշէին եւ ինչ խօսք՝ Վասակին մասին… 

Գիտենք բոլորս, որ փշոտ ու քարքարոտ տեղ մը բազմած է այս վերջինը, բայց խոստովանիմ, որ շատ յաճախ մտածած եմ 420-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ դպրոցներ հիմնելու եւ լուսաւորութիւն տարածելու գործին մէջ Մեսրոպ Մաշտոցին աջակցած ու Պարսից արքունիքի վստահութիւնը շահելով վրաց, ապա հայոց մարզպան նշանակուած Վասակ Սիւնիին մասին: 

Դարեր անցան՝ «դաւաճան» է ան: 

Պարսից Յազկերտ երկրորդ արքայի՝ հայերուն զրադաշտականութիւն պարտադրելու հրովարտակը մերժող պատասխանին մասնակցելու համար, այլոց հետ կանչուած է Տիզբոն՝ պատասխանատուութեան։ Առերես հաւատափոխութեան ու որդիները պատանդ ձգելու գնով վերադարձած է Հայաստան։ Մինչեւ 451 թուականը ընթացող ազատագրական շարժման ժամանակ Վասակ Սիւնին արիւնահեղ կռիւէն խուսափելու քաղաքականութիւն մը վարած է մտածելով, որ առանց Բիւզանդիոնի ռազմական օգնութեան՝ հայկական փոքրաթիւ ուժերը պարսկական բազմահազար ուժերուն չեն կրնար յաղթել… 

Սխա՞լ էր Վասակին մտածածը:

Նպատակս Վասակը որպէս դիւանագէտ հայրենասէր կամ նզովեալ դաւաճան դատել չէ, երբե՜ք: Կարիք չկայ: Կրկնուող պատմութիւնը պէտք եղածը կ՚ընէ՝ լիարժէք…

Արդիւնքի չհասնելով, Վասակը լքած է ապստամբները, միասնական պայքարը պառակտած ու իր գաղափարակիցներուն հետ պարսիկներուն կողմը անցած է: Աւելին, Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, պարսիկներուն հետ հայկական ապստամբութիւնը ճնշող գործողութիւններուն ալ մասնակցած է, Վարդան Մամիկոնեանի կողմնակիցները հալածած, ձերբակալած ու Պարսկաստան ուղարկած է նախարարներ ու հոգեւորականներ։

Անծանօթ երեւոյթներ ըլլալու չեն այս բոլորը… 

Քիչ անց, երբ պարսիկները Հայաստանի մէջ բռնութիւնն ու կամայականութիւնները մեղմացնելու նպատակով սիրաշահելու քաղաքականութիւն սկսած են վարել, եկէք տեսէք, որ Վասակ Սիւնին նախ մարզպանի իր պաշտօնէն հեռացուցած են, ունեցուածքը բռնագրաւած, զինք ձերբակալած ու տանջամահ ըրած են…

451-էն 2026-ը կ՚անցնիմ ու կը տեսնեմ, որ առերես հաւատափոխութիւն ալ չէ այսօրուան մեր ըրածը: Երանի՜:

«Իրական Հայաստան»ի մեր վարչապետը հմուտ առաջնորդ մը համարուելով խաղաղութեան պատմական համաձայնութիւն մը կնքեց Հայաստանն ու հայերը բարձաձայն ու քմծիծաղելով հեգնելու առիթը երբեք չփախցնող մեր հակառակորդին հետ: 

Մեր երկրին նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց պատմական Հայաստանի միայն մէկ տասներորդը կազմող այսօրուան մեր հայրենիքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչող Պր. Ալիեւին: 

Վասակը «դաւաճան» համարող, բայց «Ապրի մեր վարչապետը» ըսող զանգուածային մեր մտայնութեան մասին կը խորհիմ ու կը տեսնեմ, որ շուտով իրենց «հայրենիքը» կը վերադառնան ատրպէյճանցի մեր եղբայրներն ու քոյրերը ու մենք սիրով ու խաղաղօրէն կ՚ապրինք անոնց հետ: Ինչո՞ւ չապրինք. քնացած հայ զինուորը սպաննող Ռամիլ Սաֆարովը «Ազգային հերոս» հռչակող մեր հակառակորդին ձեռքը սեղմելով ամբողջ աշխարհին դիմաց «Մարդկային եղբայրութեան» մրցանակ չառի՞նք:

Առինք: 

Սպաննուած այդ զինուորներուն, բազմահազար զոհերուն ու անյայտ կորածներուն՝ թշնամութեան օրերը անցան: Մրցանակ, խաղաղ սահմաններ, բաց ճամբաներ, ազատ բեռնատարներ, պենզին ու ցորեն առինք: 

Առինք, ուրեմն՝ կու տանք: Պիտի տանք: 

Շուտով, գալիք ընտրութիւններէն վերջ, մնացած պահանջներն ալ տեղը կը բերենք, մեր երկրին սահմանադրութիւնը կը փոխենք, զինանշանէն Արարատն ալ կը հանենք ու իրենց «տուները» վերադարձող եկուոր մեր եղբայրները կ՚ընդունինք: 

Չձեռնուեցա՞նք, չեղբայրացա՞նք, լա՜յն ժպիտներով չնկարուեցա՞նք: Ինչպէ՞ս չընդունինք: 

1575 տարիները խտացնող գծիկը կը վերցնեմ ու կը տեսնեմ, որ ամիսներ առաջ Արցախի նախկին նախագահները, բանակի հրամանատարները, բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու քաղաքական բանտարկեալները շինծու յանցանքներով Պաքուի մէջ գերեվարելով իսկութեան մէջ ամբողջ մեր ազգը գերեվարած Ատրպէյճանը, այսօր՝ ի տես ամբողջ աշխարհին, ցմահ կամ քսան տարուայ բանտարկութեան իր վճիռով մեզ, բոլորս, ինքզինքը հայ զգացող ու հայօրէն ապրող իւրաքնչիւր մարդ դատապարտեց: 

Չեմ ուզեր անդրադառնալ ընկերային ցանցերուն մէջ ողբալի այս լուրը տարածող յղումներուն տակ մեր՝ հայերուս գրած մեկնաբանութիւններուն. ով, ինչ ալ ըրած ըլլայ, մեր հայն է, մեր սխալականն է, մեր ոճրագործն է, մերն է: Ինչո՞ւ մեր հակառակորդը գերեվարէ ու դատապարտէ զինք: «Լա՜ւ են արել, քի՜չ են արել» գրողներուն հայ ըլլալէն կը կասկածիմ ու դարձեալ ու կրկին կ՚ամչնամ: 

«Եղբայրասէր» մեր հակառակորդը թերեւս շուտով ազատ արձակէ այդ գերիները ու նորէն ծափահարուի ան՝ բարոյական իր «մեծահոգութեան» համար: Շատերը այսպէս կ՚ենթադրեն, ճիշդ է, բայց այսքան նուաստացումէ վերջ, նշանակութիւն մը ունի՞: 

Ընդհակառակը. այսպիսի ազատութիւն մը նուաստացումը միայն կը բազմապատկէ: 

1575 տարի վերջ Վարդանը սպաննող նիզակը դասարանի գրատախտակին վրայ կը գծեմ, այո՜, բայց կը տեսնեմ, որ դարե՜ր շարունակ մեր գովերգած ու երբեմն ալ՝ հեգնած «բարոյական յաղթանակ» մըն ալ չէ այսօրուան մեր ունեցածը, այլ՝ անարժանապատիւ պարտութիւն ու մուրացկան խաղաղութիւն: 

Վարդանանց տօն է եւ սփիւռքի մեր դասարաններուն մէջի հետաքրքրասէր, կենսախինդ աղմուկը աչքերս գոց կը լսեմ. սիրտս կը լեցուի:

Այդ աղմուկով սնուող, անով իր ըրածը իմաստաւորող հայրենաւանդ դասատուներուն, հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ պատուախնդիր ծնողներուն, հայկական նոյնիսկ պատառիկ մը պահպանելու մտահոգութեամբ վառող արժանապատիւ հայ ղեկավարներուն ձեռքը կը սեղմեմ ու կ՚ըսեմ. 

Ձեռք-ձեռքի տանք, թիկունք-թիկունքի. զօրանանք: 

Կու տան, գիտեմ, քանի որ այսօրուան Վարդաններն են անոնք: 

Իսկ այսօրուան Վասակները՞:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026