ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Ս. Վարդանանց տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հրաւիրեալ դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ ու երգեհոնահարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան եւ քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեան։

Պատարագիչ հայր սուրբը օրուան քարոզին մէջ ըսաւ. «Նայինք Յիսուսին՝ հաւատքի զօրագլուխին, զայն կատարեալ դարձնողին, որ իր առջեւ դրուած ուրախութեան փոխարէն յանձն առաւ խաչը, արհամարհեց ամօթը եւ նստաւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը։ Մեր պապերուն եւ յատկապէս Ս. Վարդանանց զօրավարներուն ու նահատակներուն հաւատքն էր՝ կապուած մնալ Յիսուսին՝ հաւատքի զօրագուլխին»։

Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ ի նշանաւորումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութեան տօնին։ Հուսկ, կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւոր հայրերը, դպիրներն ու հաւատացեալները։

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026