ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներն ու դիւանագէտները վերջերս մէկտեղուեցան յատկանշական հաւաքոյթի մը առթիւ, որու ընթացքին քննարկուեցան շարք մը կարեւոր նիւթեր: Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուեցան Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները, օտարերկրեայ դեսպանները, աւագ հիւպատոսները եւ դիւանագիտական առաքելութեանց ներկայացուցիչները, որոնք քննարկեցին քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Անոնք լուծման ուղիներուն շուրջ ունեցան կարծիքի փոխանակումներ: Հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ դիւանագիտական կապերը կրնան նպաստել քրիստոնեաներուն եւ պաշտպանել իրավիճակը Երուսաղէմի մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ, քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները ընդգծեցին միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս քրիստոնէական համայնքներու պատմական եւ քաղաքացիական դերակատարութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու ճանապարհին:

Յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրաիրքութեան, այս համագումարին մասնակցեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան:

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026