ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (1930 - 2009)

Անցեալ շաբաթ օր ներկայացուցինք Գրիգոր Շահինեանի կենսագրական գիծերը, ինչպէս նաեւ մի քանի վկայութիւններ անոր մասին: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անոր գրութիւններէն հատուածներ: Այսպէս.

* «Դիմաստուեր՝ Վայէ Օշականի» գրութեան մէջ կը կարդանք.

Վահէ Օշական իսկական երեւոյթ մըն է մեր ժամանակակից իրականութեան մէջ։ Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր ներկայ է գրական կեանքի բոլոր անկիւնադարձերուն, միշտ ուրիշներէ տարբեր, միշտ ինքնիրեն հաւատարիմ։ Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր միեւնոյն ինքնայատուկ մտածելակերպն ու զգալակերպը կը պարզէ եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, կը զարմացնէ, կ՚ըմբոստացնէ, ի վերջոյ մերժողական կեցուածք առաջացնելու համար։  Մարդիկ վերապահ են իր գործին հանդէպ, առնուազն սպասողական դիրքի մէջ։ Բայց ինք կը շարունակէ արտայայտուիլ, զարմացնել, ջղայնացնել։ Յուզիչ հետեւողականութեամբ մը։ Անսովոր ըլլալու, շուարական զարմանք առաջացնելու տրամադրութիւն մը գոյութիւն ունեցած է իր մէջ հաւանօրէն, թերեւս մեկնակէտը եղած է նոյնիսկ իր կերպին։ Բայց տարիներու ընթացքին բնաւորութիւն դարձած է ա՛լ, խառնուածքի վերածուած, անկեղծ կեցուածքի։ Մարդ գիտակից իր կեանքին 15 տարիները չի յատկացներ անտարբեր հաւաքականութիւն մը զարմացնելու միշտ միեւնոյն խռով աշխարհի անդոհանքը դրսեւորելով, յամառօրէն ինքզինք մնալով։ Թերեւս համազգացութեան ու հմակրանքի անհրաժեշտ ճիգը չենք ըրած իր աշխարհէն ներս մտնելու համար, հաւանօրէն պէտք եղած հեռաւորութիւնը չէ ստեղծուած, մինչեւ հիմա, դատումի լոյսին տակ առնելու համար իր գործը։ «Քաղաք»ի (Վ. Օշական «ՔԱՂԱՔ», Ա. հատոր, Պէյրութ, 1963) հրատարակութիւնը այժմէական կը դարձնէ ըմբռնումի ճիգ մը։ ժամանակն է թերեւս, երկու անջատ հատորներու եւ բազմաթիւ յօդ-ւածներու տասնհինգամեայ «հեռաւորութենէն» քննելու Վահէ Օշականի ստեղծագործութիւնը, ընկալումի փորձ ընելու եւ դատումի խօսք ըսելու: 

***

Իր բոլոր գրութիւններուն եւ յատկապէս «Պատուհան» եւ «Քաղաք» հատորներու խորանկարին վրայ կը փռուի Վահէ Օշականի դիմաստուերը։ Կենդանագիրի մը պէս պարզ չէ ան, հակասական գիծերով բարդացած է եւ ստուերներով մշուշուած, բայց բաւականաչափ յստակ շրջագիծեր ունի, ըմբռնելի է ամբողջութեանը մէջ։  

Ամէն ինչի հանդէպ արուեստագէտի եւ արուեստասէրի վերաբերում ունեցող մենաւորի մը բնապատկերն է ան։ 

Վահէ Օշական կեանքի եւ արուեստի երեւոյթները կ՚ընկալէ ո՛չ թէ միտքով կամ ջիղերով, այլ՝ հոգիի ամբողջ կառոյցով։ Տեւական ճակատում մըն է կեանքը իրեն համար. հակադրութիւնը ներքին իր աշխարհին եւ արտաքին իրականութեան: Որեւէ բան կ՚ընդունի կամ կը մերժէ՝ ամբողջութեամբ: Ինքզինք ամբողջ կը դնէ նաեւ գրածներուն մէջ՝ ինչ ալ ըլլան անոնք։ 

Եւ, ի վերջոյ, քերթուած ստորագրէ թէ օտար գրականութեան մը նուիրուած յօդուած, գրողի մը մասին խօսի թէ նկարիչի մը՝ ինքզինք կու տայ ամէն բանէ առաջ, իր ներաշխարհը կը դրսեւորէ, իր տագնապը կ՚արտայայտէ։ 

Այս տագնապը քսաներորդ դարու մարդունն է, հա՛յ մարդունը, բացառիկ սրութեամբ մը զգացուած իր կողմէ։ 

Բնազանցական է անոր խորքը։ Արդէն ամէն ինչ բը-նազանցական համեմատութիւններ կ՚առնէ իր աչքին, քսաներորդ ահաւոր այս դարուն, որ կարծես միաժամանակ մարդու զգետնումին եւ յաղթական կանգնումին վկան է։ Վահէ Օշականի համար մարդու եւ աշխարհի մասին այս խո՛հն է կարեւորը եւ գրականութեան կոչումը զայն արտայայտելն է ամէն բանէ առաջ։ 

Իրեն այնպէս կը թուի, թէ մարդիկ այն չեն, ինչ որ պէտք էր ըլլային։ 

Անկարելի մնացորդն ենք հին մարդերու ցեղի մը, որ ատենօք երկրագունտի մակերեսին կը շրջէր: 

Տեսակ մը բնազանցական կարօտ կայ մէջը՝ նախնական աշխարհի մը, նախնական մարդկութեան մը, սկզբնական բաներու։ Ամէն առիթով կը կրկնէ, յաճախանքէ մը ծնած յանկերգի պէս, թէ պէտք է ձերբազատուինք երկրորդական «երկրորդ ձեռքէ» մեր ապրելակերպէն, վերադառնանք հին մարդերու սկզբնական մեծութեան։ 

Զարմանալի չէ ուրեմն որ այս աշխարհը իրեն թուի ձանձրոյթի վայր մը, ուր մարդ ամենէն տաղտկալի ձեւը հնարած է ժամանցի՝ ապրիլը առանց անհատականութեան, «իր անհամար պատճէններու բազմութեան մէջ»

Եւ ապրողը մինակ է աշխարհի մէջ, բնազանցական ահաւոր մինակութեամբ մը։ Ամէն բան անիմաստ է եւ ունայն եւ ի՛ր իսկ կեանքի անիմաստութեան արձագանգը կը բերէ մարդ-էակին։ Աստուած «կզակ շարժելու առիթ» է, կրօնը՝ անբաւարար ու քնացնող պատասխան։ 

Երկու հիմնական տուեալ կայ միայն, որոնք կարելի է որպէս մեկնակէտ ընդունիլ մարդկային արկածախնդրութեան. գոյութեան փաստը եւ գիտակցութիւնը։ Գիտակցօրէն պէտք է ընդունիլ մարդկային գոյութեան անհեթեթութիւնը եւ նոր սկսիլ կեանքի։

Այս գիտակցութիւնը սկիզբն է հարցադրութեան մը, որ կրնայ ո՛չ մէկ ելք ունենալ, ոչ մէկ վստահութեան առաջնորդել։ Կարեւորը ստացուելիք պատասխանը չէ, այլ հարցումը, որ նուաճում է ինքնին։ 

Այս ճշմարտութիւնը ընդունելուն մէջն է, ըստ Վահէ Օշականի, մարդու իսկական մեծութիւնը։ Մարդ-էակը, «միակ արժէքը ամպերէն վար ու մանաւանդ վեր», մեծ է, երբ կը գիտակցի իր ճակատագիր ապիմաստութեան եւ կ՚ընդունի զայն. բայց ո՛չ փուլ գալու համար անոր ծանրութեան տակ, այլ՝ անզիջող պայքարի մտնելու համար զէնք ժխտող ամէն ինչի դէմ։ Այդ ձեւով միայն կրնայ օր մը հասնիլ թերեւս, գերագոյն պահին. 

Մար­դա­նա­լու պահն է այդ, 
Մեծ­ղի Ա­յո-ն որ կը խու­ժէ քեզ­մէ դուրս 
Երբ տոմ­սա­կը կը պատ­ռես,   
Ու հե­տիոտն, միս-մի­նակ՝  
Ո­րե­ւէ տեղ կը քա­լես։

Ո՛րեւէ տեղ, որովհետեւ արարքը ի՛նքն է կարեւորը, ոչ՝ անոր նպատակը։ Նպատակ չկայ արդէն։ Լաւագոյն պարագային՝ մարդու գործունէութիւնը կը յանգի «զուտ արարք»ի գեղեցկութեան: 

Դատումի փորձով այս գործին մէջ մխրճուողը կ՚անդրադառնայ ի վերջոյ, որ գործէն աւելի գործողով զբաղած է, գրուածքէն աւելի՝ գրողով։  

Ու բնական է, որ այդպէս ըլլայ: 

Վահէ Օշականի ստեղծագործութիւնը գրելու ոճէ մը աւելի՝ ապրելո՛ւ ոճի մը վկայութիւնը կը բերէ։ Ճիշդ է, ան կը գրէ որպէսզի կարենայ, «փոխանակել իր անձը հայ ժամանակակիցին» հետ, բայց հաղորդութեան այս փորձը միակ միջոցն է ինքզինք գտնելու, ինքզինք փրկելո՛ւ։ 

Սակայն այսքանով պէտք չէ գոհանայ ան։ Մտածումը եւ արտայայտութիւնը կարգապահութեան ենթարկելու յարատեւ ճիգ մը արուեստի աղուոր գործեր կըր-նայ կատակել մեր գրականութեան։ Եւ լաւ կ՚ըլլայ որ զարտուղի, բնազանցական եւ նախնականօրէն հարուստ այս աշխարհի գանձերը մնան մեր մշակոյթին. մնան՝ արուեստով ու ճիգով խորացած, գեղեցկացած։ 

Այն ատեն՝ հեղինակի դիմաստուերով զբաղելու տեղ՝ անյետաձգելի կը դառնայ ձեռնարկել գործի դիմագիծի ճշդումին («Բագին», Դ. տարի, թիւ 4, Ապրիլ 1964, Պէյրութ, էջ 44-45, 49)։

* Եղիվարդի «Օտարականը» աշխատանքին մասին կը գրէ.

Եղիվարդի ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ Յիսուսի եռամեայ գործունէութիւնը պատմող գիրք է. մկրտութենէն մինչեւ խաչելութիւնը: Աւետարաններու սրտառուչ պատմութեան պարզ խտացումն է ան, առանց անձնական որեւէ տուրքի: Տեսակ մը ժողովրդականացում, որ սակայն զուրկ է ժողովրդական գրականութեան հիմնական յատկանիշէն՝ մատչելիութենէն. գեղեցիկ բառերու, գրական դարձուածքներու, պատկերաւոր ըսելակերպերու հանդէս է ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ: Իր այս բնոյթով ալ չ՚արդարացներ իր գոյութիւնը. ո՛չ ժողովուրդին կրնայ բան մը բերել, ո՛չ ալ գրասէրին բաւարարութիւն տալ: 

Հեղինակը կը գործածէ պատկերներ եւ համեմատութիւններ, որոնք միեւնոյն պահեստէն կու գան եւ նոյն արուեստականութիւնը կը պարզեն. Յուդայի երկիրը ժայռոտ ու չոր է, նման արեւին փռուած եզան մորթին, անապատը առիւծի հսկայ մորթի մը պէս արեւուն ներքեւ կը տարածուի, եւ այս կամ այն մարդը նման է գազանի:

Այս համեմատութիւնները այնքան առատ են, որ մեքենական աշխատանքի տպաւորութիւնը կը գործեն: Աւելին. երբեմն անճաշակ հաստատումներու կամ բացայայտ սխալներու կ՚առաջնորդեն հեղինակը: Ան մեզի կը ներկայացնէ զանգակներու նման իրենց ուսերուն ծփացող վարսերով մարդիկ կամ հեռուէն մսի հոտ առնող շնագայլի նման պրկուած դէմքի մկաններ:

Ըսել չէ, սակայն, որ ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ զուրկ է յատկանշական կամ գեղեցիկ մասերէ: Երբեմն հոն կը հանդիպինք հոգեկան վիճակներ վերլուծող հատուածներու -Ձիթենեաց պարտէզի գլուխը-, ներշնչումի յոյզով բաբախող ուրիշներու -Յուդայի, Մագթաղինէի վերաբերող պարբերութիւնները, որոնք գեղեցիկ են բացայայտօրէն: Բայց առհասարակ անոնք հեղինակին չեն պատկանիր կամ կու գան իր գլխաւոր աղբիւրէն՝ Աւետարանէն եւ կամ փոխ առնուած են նոյն նիւթը իւրայատուկ կերպով մշակող միջազգայնօրէն ծանօթ գրողներէ: Բազմաթիւ հատուածներ կան, օրինակ, որոնք բառացիօրէն առնուած են Խալիլ Ժըպրանի ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻՆ գիրքէն: Այս բոլոր պատճառներով, Մեծ Օտարականի մասին գրուած այս գիրքը «օտար» կը մնայ ընթերցողին («Ահեկան», 1967, Գարուն, Պէյրութ, էջ 118-119):

* «Ժամանակակից հայկական վէպը» վերանգրին տակ կը կարդանք.

Հայ նոր վէպը իր արմատները ամրօրէն խրած է անցեալի մէջ, բայց նոյնքան ամրօրէն կանգնած է քսաներորդ դարու արազընթաց իրականութեան մէջ: Զարմանալի է նոյնիսկ ինչպէ՞ս Արշակեաններն ու Խալափեանները այսքան շուտ ու լաւ համադրած են արտաքին եւ ազգային ազդեցութիւնները, հասած՝ ներկայ հանգրուանին, որ ներքին խմորումներով իրագործուած համադրութեան մր յաջորդող յանկարծաբուխ երկերու պահն է: Հաւանօրէն երկար ատեն ներմղուած են օտար ազդեցութիւնները. արգելքներու պատճառով անմիջական ու մակերեսային արտայայտութիւն չեն գտած, խորացած են, իւրացուած, հայացուած եւ ծնունդ տուած սեփական կերպի մը: Այս կերպի շե՛շտօրէն ազգային բնոյթն ալ հաւանօրէն կը բացատրուի անով, որ «երիտասարդ արձակ»ի հեղինակները բախտը ունեցած են հայկական աւանդութիւններով յագեցած հայ հողի վրայ դիմաւորելու ժամանակակից նորութիւնները եւ անցեալի ամբողջ աւանդով զօրացած միտքով ու հոգիով ընկալելու զանոնք: 

Արդիւնքը ուշագրաւ է միաժամանակ եւ սրտապնդիչ: Մեր աչքերուն առաջ ձեւ առնելու վրայ է հայ նոր վէպը՝ իր ուրոյն աշխարհով, մարդկային մաքուր խորքով, կառոյցի եւ ոճի իւրայատկութիւններով:

Անհատական խառնուածքի եւ տաղանդի կապուած տարբերութիւնները շատ են անշուշտ երիտասարդ հեղինակներուն մօտ: Բայց կան հիմնական յատկանիշներ, որոնք նոյնն են կամ նման են միշտ եւ իրենց հաւաքական սեփականութիւնը կը կազմեն: Իւրաքանչիւրը իր անձնական խնդիրները, սեփական յաճախանքները վէպի կը վերածէ, բայց անոնք ամբողջ սերունդի մը կը վերաբերին միաժամանակ:

Ադալեան մը, Զէյթունցեան մը, Պետրոսեան մը կեանքի մէջ իրենց ուրոյն տեղը փնտռող երիտասարդներու տագնապն ու որոնումները կը ներկայացնեն. Սիմոնեան մը, Արշակեան մը կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը դնեն իրենց հերոսներու խօսքին ու գործին մէջ. Աւագեան մը, Խալափեան մը անցնող տասնամեակներու յաճախանքը կ՚ապրին եւ, ուրիշ բաներու կարգին, անցեալի մթնոլորտը գրականօրէն տալու ճիգեր կ՚ընեն: Բայց բոլորն ալ իրենց ժամանակի մարդը կու տան, հայը: Ո՛չ այն մարդամեքենան, որուն կարելի էր հանդիպիլ իրենց նախորդներու շատ մը վէպերուն մէջ, այլ կենդանի հայ երիտասարդը, որուն կարելի է այսօր հանդիպիլ Հայրենիքի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Այս ժամանակակից հերոսը եւ զայն ստեղծող հեղինակները իրենց լուծելի հարցերուն պատրաստ պատասխաններ չեն ուզեր: Կը ձգտին անձնապէս գտնելու իրենց ճշմարտութիւնը: Տարօրինակ հասունութեան տէր են, տեսակ մը կանխահաս իմաստութեան, որ ամենէն ծիծաղելի պահերուն իսկ չես գիտեր ի՛նչ լրջութիւն կու տայ իրենց: Հետամուտ են սեփական երջանկութեան, բայց չեն մոռնար հանրային մտահոգութիւնները, ազգային կեանքի հրամայականները: Արշակեանի Մարինէն երջանկութիւն կը փնտռէ, բայց ամբողջ ազգի մը ճակատագիրին դէմ պայքարելու կորովով Արագածն ի վեր կը մագլցի: Խալափեանի Նորան կը զգայ, թէ սէրն է ամենէն կարեւոր հարցը իրեն համար. բայց պարտականութեան ու գիտակից նուիրումի պահանջին առաջ չի վարանիր հեռաւոր գիւղի մը մէջ բժշկուհի ըլլալու: Սիմոնեանի Լեւոնին համար գիտութիւնը բանաստեղծութիւն է, անձնական վայելք, բայց կատարած գիւտը ան չ՚ուզեր անձնական շահի ծառայեցնել: Կարելի է բազմապատկել օրինակները եւ միշտ միեւնոյն եզրակացութեան յանգիլ. նոր վէպի մէջէն յայտնուող հայ մարդը ժամանակակից բոլոր խնդիրներուն հաղորդ անձ է, բայց ունայնամիտ աշխարհաքաղաքացի չէ բնաւ: Տառապող ու երջանկացող, պայքարող մարդ անհատն է, որուն համար մարդկայինն ու ազգայինը միտքի առօրեայ սնունդ են, հոգիի խորը արմատացած մնայուն ապրում:

Յատկանշական է նաեւ, որ մարդկայինն ու ազգայինը չեն հակադրուիր իրարու նոր վէպերուն մէջ, պարզապէս կը լրացնեն իրար ներդաշնակօրէն: Ազգայնամոլ պատգամները կամ միջազգայնական քարոզները տարօրինակօրէն անիմաստ կը հնչեն այն իրականութեան առաջ, որ այս երկերուն մէջ տիրող հարազատ ապրումն է: Այս հեղինակները եւ իրենց հերոսները մարդ են ու հայ՝ բնականօրէն, հայ մարդ են ինքնաբեր ապրումով, առանց քարոզի խոշոր բառերու կամ տեսական մարզանքներու: Մեր աւանդական բարդոյթներէն ձերբազատուած առողջ մարդեր են՝ հարազատ ու բնական: Հինն ու նորն ալ իրարու կը կապուին ներդաշնակօրէն, բնական համադրութիւն մը կը կազմեն: Արշակեանի Հայօն իր սեփական անցեալը ամէն վայրկեան ներկայի մէջ ապրող կինն է, բայց նաեւ երեք հազար տարուան պատմութիւն ունեցող հայ մարդը առհասարակ, որ այսօր շարած իր պատը կը նկատէ շարունակութիւնը հազարամեակներ ամբողջ շէնք բարձրացուցած ու ջրանցք փորած իր նախորդներու աշխատանքին: Խալափեանի Վասիլ Դային հայ լեռներու վրայ ապրող միեւնոյն հողապաշտ շինականն է, որ երէկ տակաւին արօր ու գութան կը գործածէր, այսօր մեքենական միջոցներով վար ու ցան կ՚ընէ, բայց միշտ ամուր կը պահէ հոգիին մէջ լաւ կատարուած աշխատանքի սէրը եւ հողի պաշտամունքը:

Եւ միեւնոյն հողն է այս վէպերու կռուանը, հազարամեայ հայ աշխարհը՝ քսաներորդ դարու քառուղիին հասած: Այս զգացումը ամուր նստած է երիտասարդ վիպագիրներու հոգիին մէջ, առանց անպայման բառային արտայայտութիւն գտնելու: Զգալի է ան հերոսներու գործունէութեան ու մտածումին, գիրքերու ամբողջ մթնոլորտին մէջ: Մարդիկ հոն կրնան թուիստ պարել եւ ճազ մտիկ ընել, որոնք նոյնքան հայ են, որքան հորովել երգող իրենց հայրերը:

Վէպի նոր այս թեքնիքը վերջնականօրէն հրաժարած ըլլալ կը թուի հոգեբանական վերլուծումի այն դասական ձեւերէն, որոնք հեղինակային բացատրութիւններով կամ դիմանկարային կերտումներով կ՚արտայայտուէին մանաւանդ: Հոս հոգեբանական վերլուծումը հերոսներու խօսքերուն ու գործերուն մէջէն կը հասնի ընթերցողին: Խօսակցութիւններն ալ այն երկար ճառերը չեն, որոնց մէջ կը մխրճուէին երբեմն հին վէպի հերոսները. կարճ, խիտ. թելադրական են՝ հարազատ արտայայտութիւնը արազութիւն ու խտութիւն սիրող մեր ժամանակին:

Փոխուած է մանաւանդ վէպի աւանդական կառոյցը: Վէպը այլեւս ուղղաձիգ զարգացումի մը յաջորդական հանգրուանները նշող ամբողջութիւն չէ: Յատկանշական ետ-դարձերով, որոնք սինեմայի ֆլէշ-պէ՛քը կը յիշեցնեն, բազմաթիւ մակարդակներու վրայ միաժամանակ կատարուող գործողութեամբ կամ զանազան տեսանկիւններէ ներկայացուած աշխարհով՝ նոր վէպը կ՚օտագործէ ժամանակակից կեանքի թելադրած միջոցները՝ շարժանկարային եւ բեմադրական զիւտերէն մինչեւ հոգեվերլուծական վերջին նորութիւնները: Յատկանշական է, օրինակ, Արշակեանի եւ Խալափեանի վէպերուն կառոյցը. որու հիմնական տարրերէն մէկը զգայութիւն-յիշատակ կապն է, որ, արտաքին աշխարհէն ընկալուած պատկերներու թելադրանքով, կը քակէ կծիկը հերոսի ներաշխարհին մէջ ապաստանած ամբողջ անցեալ պատմութեան մը: Գործողութիւնը կը զարգանայ ներկայէն դէպի անցեալի զանազան շերտերը եւ անոնցմէ դէպի ներկայ կատարուած ոստումներով, որոնց դրդապատճառը տեսողական մանրամասնութիւն մըն է շատ յաճախ կամ լսողական տարր մը: Պատահական լապտերի մը տեսքը, օրինակ, ամբողջ պատմութիւն մը կը վերստեղծէ հերոսի յիշողութեան մէջ կամ շոգեկառքի մը սոյլը անցեալի մէկ ճամբորդութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն յարութիւն կու տայ: Եւ վէպի ժամանակը հերոսի ապրումին հետ ներկայէն կը փոխադրուի անցեալ, ընթերցողներն ալ փոխադրելով անոր յուշերու աշխարհը: 

Այս ձեւով կը ստեղծուի բարդ ամբողջութիւն մը, որ իր զանազան մասերու ագուցումով աւելի բնականութեամբ կու տայ կեանքի հարազատ պատկերը. քան աւանդական վէպի թեքնիքը: Եւ այս մօտեցումը անհրաժեշտ կը դարձնէ ընթերցողի գործօն մասնակցութիւնը: Այլեւս ան կրաւորական այն անձը չէ, որուն վիպագիրը յստակ հատումներով աւարտուն պատմութիւն մը կը ներկայացնէր՝ եղածին պէս ընդունուելու սահմանուած: Վիպական մթնոլորտի ստեղծումին անհրաժեշտ ներկայութիւն մըն է: Վիպագիրին ու անոր հերոսներուն հետ, ինքն ալ մասնակիցը կը դառնայ վիպական այն տիեզերքին, որ էջ առ էջ, դէպք առ դէպք կը կառուցուի, անցեալի տարրերու ագուցումովը ներկայի հոսանքին, կը կանգնի որպէս տեւական լինելութեան մէջ եղող ամբողջութիւն: 

Այս ամենը կրնայ մտածել տալ, թէ նոր վէպի հեղինակները խրթին ոճ մը կը գործածեն իրենց երկերուն մէջ: Բնա՛ւ: Եւ այս սերունդի հիմնական արժանիքներէն մէկն ալ այս է ահաւասիկ: Անշուշտ իւրաքանչիւր վիպագիր ոճային իր իւրայատկութիւնները ունի, բայց ինչպէս թեքնիքի, նո՛յնպէս ոճի պարագային՝ կան ընդհանրական քանի մը յատկանիշներ, որոնք նոր վէպի հաւաքական հարստութիւնը կը կազմեն:

Արշակեանի մօտ իմաստասիրական խոհունութեամբ ծանրաբեռն, Խալափեանի՝ ոզեկոչական որոշ խորհուրդով, Սիմոնեանի՝ զուարթախոհութեան բարիքով, իսկ Ադալեանի եւ Պետրոսեանի մօտ տեսակ մը բանաստեղծական տրամադրութեամբ բաբախող՝ այս ոճը պարզ ու թարմ է միաժամանակ, հաղորդական ջերմութիւն ունի, խտութեան ու սղումի կնիքը կը կրէ եւ համակող է միշտ: Կրնայ կոչ ընել զգայնութեան, մտածումին, երեւակայութեան, ըստ հեղինակի կերպին. միշտ կը մնայ առողջ ու բնական, հարազատ:

Ի վերջոյ հարազատութեան այս տպաւորութիւնն է ամենէն տիրականը հայ նոր վէպին մէջ. վաւերականութիւնը հեղինակներուն, կենդանի բնակութիւնը հերոսներուն ու գրաւչութիւնը մթնոլորտին տարրերն են այս տպաւորութեան, որ անակնկալ հաճոյքի մը պէս մատուցուելէ ետք ընթերցողին, կը համակէ զայն ամբողջովին, կը նուաճէ: Շնորհիւ հարազատութեան՝ ժամանակակից հայ վէպը կը մնայ թարմ ու գրաւիչ, երիտասարդներու երիտասարդ ստեղծագործութիւն՝ անկեղծութեան բացայայտ կնիքով, որ մեր ներկան կ՚արտայայտէ հաւատարմօրէն եւ ապագային ուղիները կը լուսաւորէ միաժամանակ («Ահեկան», 1967, Աշուն, Պէյրութ, էջ 95-102): 

* Հրանդ Մաթէոսեանի առաջին գիրքին՝ «Օգոստոս»ին մասին կը գրէ.

Հրանդ Մաթէոսեանը ծանօթ դէմք էր արդէն քանի մը տարիէ ի վեր: Իր վիպակները, պատմուածքները եւ ակնարկները ապահով համբաւ մը շինած էին իրեն՝ Հայրենիքի մէջ, եւ հմայք ստեղծած իր անունին շուրջ՝ սփիւռքի տարածքին: Բայց հատոր մը չկար, որ համադրական գնահատութեան առիթ ստեղծէր: 

ՕԳՈՍՏՈՍը այս բացն է որ կը գոցէ: Հիանալիօրէն:

Անով Մաթէոսեան կը ներկայանայ մեզի մեծ գիւղագիրի իր բոլոր արժանիքներով, որպէս նոր Բակունց իր տեղը կը ճշդէ ոչ միայն սովետահայ երիտասարդ գրողներու շարքին, այլ եւ մեր դարաւոր գրականութեան ամբողջ ընթացքին մէջ:

Իր առաջին զիրքն է ՕԳՈՍՏՈՍը, բայց սկսնակի գործ չէ: Այն բացառիկ երկերէն է, որոնք կազմուած հեղինակ մը առաջին հատորով կը պարտադրեն արդէն, անոր ամառնային հասունութիւնը կը վկայագրեն: 

Սփիւռքի մէջ ապրող քաղաքի մարդիկ ենք, գիւղական կեանքէն անտեղեակ: Բայց Մաթէոսեան կը հետաքրքրէ մեզ, կը խօսի հողէն կտրուած մարդու մեր զգայնութեան: 

Հատորի առաջին նախադասութիւնն է՝ «Այս գիւղը հազար թելով կապուած է աշխարհին»: Հազար թելով կապուած է նաեւ մեր անցեալին ու ներկային: Պահած է իր սեփական կշռոյթն ու շեշտը, բայց անհաղորդ չէ մնացած ժամանակին: Համահայկական է եւ համամարդկային:

Մաթէոսեան յաճախ կը գործածէ նաեւ ներքին խօսակցութեան թեքնիքը: Մտածումներու կոյս աշխարհը կը փոխադրէ մեզ, եւ, զանազան միտքերու կապակցութեամբ, հերոսի ներաշխարհին մէջէն կը ներկայացնէ տրուած պատմութիւն մը: Ժամանակը, այս ձեւով, կը վերածուի յիշողութեան մէջ ապրող տեւողութեան, որ զարգացումի ուղղաձիգ ընթացք չունի այլեւս. հին ու նոր դէպքեր յանկարծ յարութիւն կ՚առնեն այս կամ այն պատկերին մէջ, հեռաւոր անցեալ կը տանին, կամ մօտաւոր պատահարներ կ՚ոգեկոչեն: Այս տեսակէտէ՝ շեշտօրէն նոր է Մաթէոսեանի արուեստը եւ զինք կը կապէ նորարար արձակագիրներու խումբին: Անոնց պէս՝ ժամանակակից զգայնութեամբ եւ արտայայտական միջոցներով կը խուզարկէ մարդու հոգին: Տարօրէն խոր տպաւորութիւն կը գործէ այս գիրքը: Հասուն ու լի գործ է, կը լիացնէ նաեւ կարդացողը: Երջանկութեան շատ ձեւեր ըլլալու են: Անոնցմէ մէկը ՕԳՈՍՏՈՍԸ գրելն է ապահովաբար եւ միւսը՝ զայն կարդալը («Ահեկան», 1968, 1, Պէյրութ, էջ 118-124):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026