ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏՆՕՐԻՆԱԾ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրօլ Չնարն ու անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզը: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն: Ծանօթ է ըսել, որ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջերս այս ուղղութեամբ կարեւոր ձեռքբերումներ ապահոված է՝ մասնաւորապէս եկեղեցւոյ եւ վարժարանի յարակից ընդարձակ տարածքի մը սեփականութեան իրաւունքը վերահաստատուած է ու ամբողջութեամբ դատարկուած՝ շինարարութիւն կատարելու հեռանկարով: Ըստ էութեան, այժմ արդէն այդ տարածքին վրայ հնարաւոր է կառուցել կրթական հաստատութիւն մը, ինչ որ անցեալ տարեվերջի մատաղօրհնութեան ժամանակ ալ հրապարակուած էր թաղային խորհուրդին կողմէ: Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը ներկայիս համայնքային շրջանակներու հետ խորհրդակցութեան մէջ է՝ այդ տարածքի արժեւորման հեռանկարներուն կապակցութեամբ:
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, թաղականները երէկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ալ քննարկեցին այս եւ նման հարցեր:
Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեան: