ԱՅՍ ԱԼ ՏԵՍԱՆՔ…
Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան՝ հասնելով անհաւատալի համեմատութիւններու: Համայն հայութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի առկայ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններուն, որոնց հրահրած պառակտումը պատճառ կրնայ դառնալ անդառնալի կործանարար հետեւանքներու: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը շաբաթավերջին հասաւ այն կէտին, ուր արդէն ինքնաբերաբար ի յայտ կու գայ այն հարցումը, թէ արդեօք պատա՞նդ առնուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը շաբաթավերջին քրէական հետապնդում յայտարարեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին համար սահմանուեցաւ երկրէն դուրս գալու արգելք: Հարցը կը վերաբերի Արման Սարոյեանի դատավարութեան: Ան Մասեացոտնի թեմի, այժմ արդէն նախկին առաջնորդն է, որ եպիսկոպոսութենէ կարգալոյծ ըլլալէ վերջ աշխարհականներու կարգին դասուած է աւազանի անունով՝ Արման Սարոյեան: Այս վերջինը Հայաստանի դատական իշխանութիւններուն դիմած էր՝ Մասեացոտնի առաջնորդի պաշտօնէն ազատուելուն կապակցութեամբ: Դատական իշխանութիւնները զարմանալի արագութեամբ եւ իսկապէս եզակի մտայնութիւնով յանդգնած էին վճիռ մը արձակել այս ուղղութեամբ: Աւելի՛ն, դատական իշխանութիւնները մօտաւոր անցեալին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին (ԳՀԽ) Հայաստանի մէջ գտնուող բոլոր անդամներուն դէմ ալ քրէական հետապնդում յայտարարած էին: Այդ ծիրէն ներս այդ եպիսկոպոսներու պարագային ալ սահմանուած էր երկրէն դուրս գալու արգելք:
Ի շարունակութիւն՝ այդ դատավճռի իրականացումը խոչընդոտելու պատրուակով, Վեհափառ Հայրապետին դէմ ալ քրէական հետապնդում հռչակուեցաւ: Նորին Սրբութեան դէմ սահմանուած երկրէն դուրս գալու արգելքը իսկապէս ժամկէտի առումով շատ հետաքրքրական էր: Արդարեւ, սա զուգադիպեցաւ Բուն բարեկենդանի շաբաթավերջին, Մեծ պահոց սկիզբի սեմին եւ մա՛նաւանդ՝ վաղուան Եպիսկոպոսաց հաւաքին ընդառաջ: Այսպէսով Վեհափառ Հայրապետը գործնականօրէն հնարաւորութիւն պիտի չունենայ՝ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթէնի մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսական ժողովին նախագահելու: Ստեղծուած իրավիճակը իսկապէս ծանրակշիռ է՝ քանի առկայ տագնապալի կացութեան մէջ Եպիսկոպոսաց ժողովը ելքի որոնման տեսակէտէ ունէր կարեւոր նշանակութիւն: Յամենայնդէպս, Նորին Սրբութեան բացակայութեամբ, վաղը սկսելիք հաւաքը զուտ խորհրդակցական բնոյթ պիտի ունենայ, որովհետեւ առանց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեան՝ սա չի կրնար ժողով համարուիլ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Վեհափառ Հայրապետին դէմ հռչակուած քրէական հետապնդման անմիջապէս արձագանգեց խիստ յայտարարութեամբ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ այդ քայլը պատմականօրէն ամօթալի գործողութիւն մը որակուեցաւ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ Վեհ. Հայրապետի հովուապետական գործունէութիւնը կը խոչընդոտուի:
Մինչ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ եւ անհանգստութեամբ՝ այժմու պայմաններով իսկապէս դժուար է կանխատեսել, թէ այսպէս ո՛ւր կարելի է հասնիլ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն շարունակեց զանազան առիթներով խօսիլ եկեղեցւոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ: Ան կրկնեց, որ անընդունելի է եկեղեցւոյ քաղաքականութեամբ զբաղիլը: Բաց աստի, վարչապետը արձագանգեց նաեւ՝ նախօրէին սփիւռքահայ ութ հեղինակաւոր գործիչներու կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան: Ան ստոյգ տուեալներու եւ ո՛չ համոզիչ պնդումներու ձեւին մէջ յայտնեց, որ թոյլ պիտի չտայ, որպէսզի Կաթողիկոսութիւնն ու Էջմիածնի գանձերը դուրս բերուին Հայաստանէն:
ԿԵՂԾ ՏԵՍԱՆԻՒԹ
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի փաստաբանը՝ Արսէն Պապայեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ գրառումով մը։ Ծանօթ է, որ Նորին Սրբազնութիւնը ներկայիս բանտարկուած է։ Մօտաւոր անցեալին, իրեն վերաբերեալ գայթակղեցուցիչ տեսանիւթ մը շրջանառութեան մէջ դրուած էր ընկերային ցանցերու վրայ։ Այդ ժամանակ հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւած էին այն պնդումները, թէ իշխանամէտ լրատուամիջոցները հրահրած են այդ գայթակղեցուցիչ տեսանիւթի տարածումը։
Նորին Սրբազնութեան փաստաբանը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ երեք տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր մասնագիտական հաստատութիւններու քննարկման ուղարկուած է այդ տեսանիւթը։ Ուրեմն, արդիւնքը այն է, որ տեսանիւթը որեւէ առնչութիւն չունի տեսագրութիւններու բովանդակութեան հետ եւ, ըստ էութեան, Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան որեւէ կապ չունի այդ տեսանիւթերուն հետ։ Փորձագէտները այս կապակցութեամբ յանգած են հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
1.- Տեսագրութեան բովանդակութիւնը կեղծ է եւ զայն ստեղծուած է յատուկ ծրագրային միջոցներու կիրառմամբ։
2.- Տեսարանները առարկայական իրականութեան մէջ գոյութիւն չեն ունեցած։
3.- Տեսագրութեան մէջ երեւցող անձերու հաւաստի նոյնականացում կատարելը անհնարին է։
Բաց աստի, ըստ փաստաբանին՝ գոյութիւն ունին նաեւ այլ կարեւոր եզրակացութիւններ, որոնք հիմնաւոր կերպով կը վկայեն կեղծարարութեան մասին։
Փաստաբան Պապայեան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի մամլոյ ասուլիս մը սարքել։