ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՊԱՏԳԱՄ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը՝ Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Հոգւոյ նուիրական ապրումներով վերստին մուտք կը գործենք Մեծ պահքի շրջանը։ Ներաշխարհի քննութեամբ, զղջման եւ ապաշխարութեան սրբարար ճանապարհով պիտի ընթանանք դէպի բերկրալի եւ լուսաւոր տօնը՝ մեր Փրկչի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի քարոզչութիւնը սկսաւ ապաշխարութեան կոչով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Մատթ. 4.17)։ Տէրունական այս հրաւէրին ընդառաջումն է, որ պահքը աղօթական իր խորհուրդով կը զօրացնէ եւ կը մաքրագործէ հոգին, կ՚ամրացնէ որդիական կապը Երկնաւոր Հօր հետ։ Ջերմեռանդ աղօթքը պիտի լուսաւորէ պահեցողութեան ընթացքը, չափաւորութիւնը պիտի զարդարէ հաւատաւոր անձի կենցաղավարութիւնը, նաեւ ներողամտութիւն պիտի դրսեւորէ զղջացող հոգին իր նմանին հանդէպ՝ ինչպէս որ Տէրը քաղցրօրէն կը յորդորէ. «Ներեցէ՛ք, որպէսզի ձեր Հայրն ալ, որ երկնքն է, ներէ ձեզ ձեր յանցանքները» (Մարկ. 11.25)։

Սիրելիները, մեր օրերուն, երբ ազգային եւ հայրենական կեանքի խնդիրներու, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ տարատեսակ յարձակումներու մտահոգութիւններով ալեկոծ են մեր հոգիները, խաղաղութիւն գտնենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, որու միջոցով հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ։ Ապրինք ազգի ու հայրենիքի նկատմամբ ամենայն նուիրումով եւ ինքնութեան ու սրբազան արժէքներու հանդէպ անբեկանելի նախանձախնդրութեամբ, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնալու հաստատակամութեամբ։

Աղօթենք միասին, որպէսզի պահեցողութեան խորհրդաւոր այս ժամանակամիջոցը համընդհանուր զղջման եւ ապաշխարութեան գեղեցիկ առիթ մը ըլլայ բոլորիս համար, որպէսզի մեր սխալներն ու թերութիւնները գիտակցելով ու շտկելով՝ կարողանանք միասնաբար յաղթահարել բոլոր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները։ Թող Բարձրեալն Աստուած խաղաղութիւն հաստատէ աշխարհի վրայ, մեր հայրենիքին ու մեր սրտերուն մէջ եւ բարօրութեան ու շինութեան մէջ պահէ ու պահպանէ մեր ազգը, մեր պետութիւնն ու մեր Սուրբ Եկեղեցին. ամէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026