ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. ՄԱՐՄԻՆ՝ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1. Խորհրդատուական եւ ղեկավարող դեր

Եպիսկոպոսաց ժողովը օրէնսդիր մարմին մը չէ այնպէս՝ ինչպէս Ազգային-եկեղեցական ժողովը: Այնուամենայնիւ, այս ժողովը ունի էական դեր մը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ՝ իբրեւ հաւաքական ղեկավարութեան արտայայտութիւն։ Ժողովը կը ձեւաւորէ գաղափարական եւ գործնական ուղենիշեր, որոնք կը նպաստեն Եկեղեցւոյ ընդհանուր ռազմավարական ուղղութեան յստակեցման։ Իր որոշումներուն եւ յայտարարութիւններուն միջոցով ան կը գործէ՝ որպէս բարոյական հեղինակութեան տէր մարմին մը, որ կ՚ազդէ եկեղեցական քաղաքականութեան, ներքին կարգապահութեան եւ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու ձեւաւորումին վրայ։ Այս իմաստով ժողովը կը լրացնէ՝ այլ ո՛չ թէ կը փոխարինէ Եկեղեցւոյ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու գործունէութիւնը։

Այս հանգամանքը կը վկայէ, որ եպիսկոպոսաց ժողովին ուժն ու նշանակութիւնը կը բխին ո՛չ այնքան իր իրաւական լիազօրութիւններէն՝ ինչքան իր հաւաքական փորձառութենէն, հոգեւոր պատասխանատուութենէն եւ եպիսկոպոսական ծառայութեան հեղինակութենէն։ Ժողովը կը ձեւաւորէ այն միջավայրը, ուր եկեղեցական ղեկավարութիւնը կը ձգտի համախմբել տարբեր թեմերու փորձառութիւնները եւ զանոնք վերածել միասնական տեսլականի։ Այսպէսով ժողովը կը նպաստէ Եկեղեցւոյ ներքին համերաշխութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ ընդհանուր առաքելութեան գիտակցութեան ամրապնդման՝ ապահովելով, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին շարունակէ առաջնորդուիլ միասնաբար եւ հետեւողականօրէն՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելական կոչումին ու ժամանակի պահանջներուն:

Ժողովի գործունէութեան գլխաւոր ոլորտներն են հետեւեալները.

ԹԵՄԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՐԴՈՒՄ- Եկեղեցւոյ ներկայ եւ հեռաւոր խնդիրներու ուսումնասիրութիւն, հոգեւոր դասի միասնութեան եւ միասնականութեան ամրապնդում։ Այս ոլորտին մէջ ժողովը կը դիտարկէ տարբեր թեմերու կեանքին մէջ ի յայտ եկած մարտահրաւէրները, կառավարման եւ հովուական ծառայութեան առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական պայմաններէ բխած դժուարութիւններն ու խնդիրները։ Եպիսկոպոսները կը փոխանակեն իրենց փորձառութիւնները եւ կը ձեւաւորեն ընդհանուր մօտեցումներ, որոնք կը նպաստեն թեմական կեանքի առողջ կազմակերպման եւ հոգեւոր ծառայութեան աւելի արդիւնաւէտ իրականացման։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ- Եկեղեցւոյ տեսակէտներու հանրայնացում՝ հասարակական կամ կրօնական խնդիրներու վերաբերեալ։ Եպիսկոպոսաց ժողովը կը փորձէ արտայայտել Եկեղեցւոյ միասնական ձայնը այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին հաւատքին, բարոյական արժէքներուն, ազգային ինքնութեանն ու հասարակական կեանքի առանցքային երեւոյթներուն։ Այս դիրքորոշումները կը ծառայեն՝ որպէս ուղեցոյց հաւատացեալներուն եւ հասարակութեան լայն շերտերուն համար՝ ընդգծելով Եկեղեցւոյ հոգեւոր պատասխանատու ներկայութիւնը ժամանակակից աշխարհի մէջ։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆՈՒՄ- Եպիսկոպոսաց ժողովը կրնայ պաշտօնապէս հանդէս գալ հրապարակային յայտարարութիւններով. օրինակ՝ գնահատել որոշ յոռի վարքագծային կամ կանոնակարգային դրսեւորումներ՝ ըստ եկեղեցական կանոններու։ Նման յայտարարութիւնները կը նպատակադրեն զգուշացնել, ուղղորդել եւ անհրաժեշտութեան պարագային սրբագրել այն երեւոյթները, որոնք կրնան վտանգել եկեղեցական կարգը, բարոյական առողջութիւնը կամ հաւատացեալներու հոգեւոր ապրումները։ Այսպէսով ժողովը կը գործէ՝ որպէս բարոյական հսկողութեան մարմին մը՝ պահպանելով Եկեղեցւոյ վկայութեան մաքրութիւնն ու արժանահաւատութիւնը։

Վերոյիշեալ գործունէութեան ոլորտները կը վկայեն, որ եպիսկոպոսաց ժողովը թէեւ օրէնսդիր մարմին մը չէ, սակայն, կը գործէ՝ իբրեւ ազդեցիկ եւ պատասխանատու եկեղեցական կառոյց մը, որ իր խորհրդակցական, ուղղորդիչ եւ բարոյական հեղինակութեամբ կը ձեւաւորէ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքի եւ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղղութիւնը։ Այս գործունէութիւնը, իր հերթին, կը հիմնաւորէ շրջանակը՝ ժողովին վերապահուած որոշակի լիազօրութիւններու, որոնք կը բխին ո՛չ թէ օրինական պարտադրանքէն, այլ եկեղեցական կանոններով, աւանդութեամբ եւ եպիսկոպոսական ծառայութեան հաւաքական պատասխանատուութեամբ ամրագրուած իրաւասութիւններէն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է առանձին դիտարկել, թէ ինչպիսի՛ լիազօրութիւններ ունի եպիսկոպոսաց ժողովը եւ ի՛նչ սահմաններու մէջ ան կը գործէ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ։

Եպիսկոպոսաց ժողովի լիազօրութիւնները պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ աշխարհիկ իշխանութեան կամ վարչական պարտադրանքի տրամաբանութեամբ, այլ՝ եկեղեցական ծառայութեան, առաքելական պատասխանատուութեան եւ հոգեւոր հեղինակութեան լոյսին տակ։ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ իշխանութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւնն է, իսկ եպիսկոպոսական իշխանութիւնը՝ հովուական եւ վկայողական առաքելութիւն։ Այս իսկ պատճառով եպիսկոպոսաց ժողովի լիազօրութիւնները կը բխին ո՛չ միայն կանոնական կարգաւորումներէ, այլեւ Եկեղեցւոյ դարաւոր փորձառութենէն եւ սուրբ հայրերու աւանդութենէն։

ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՐԳԱՊԱՀԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Թէեւ եպիսկոպոսաց ժողովը ուղղակի դատական կամ պատժիչ լիազօրութիւններ չունի, այնուամենայնիւ, ունի զգալի ազդեցութիւն մը եկեղեցական կարգապահութեան պահպանման եւ միասնական չափանիշներու ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Ժողովի քննարկման առարկայ դարձած հարցերը յաճախ կը վերաբերին հոգեւորականներու վարքականոնին, առաջնորդական ծառայութեան որակին, եկեղեցական կարգերու պատշաճ կատարումին եւ եկեղեցական հեղինակութեան պահպանման խնդիրներուն։

Եպիսկոպոսները ժողովի ընթացքին փոխադարձաբար կը վերահսկեն ո՛չ թէ իրարու անձնական կեանքը, այլ ծառայութեան հոգեւոր ուղղուածութիւնը՝ փորձելով կանխարգիլել այն երեւոյթները, որոնք կրնան վնասել Եկեղեցւոյ վկայութեան ամբողջականութեան։ Այս իմաստով եպիսկոպոսաց ժողովը կը գործէ՝ որպէս ինքնակարգապահական հարթակ, ուր եպիսկոպոսական դասը կը դրսեւորէ իր ներքին պատասխանատու գիտակցութիւնը։

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ

Եպիսկոպոսաց ժողովը կարեւոր դեր մը կը կատարէ նաեւ հովուական ծառայութեան ընդհանուր ուղղութիւններու սահմանման մէջ։ Ժողովը կը քննարկէ քարոզչական լեզուի, դաստիարակչական մօտեցումներու, հոգեւոր խնամքի նոր ձեւերու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ։ Այս քննարկումները նպատակ ունին նպաստելու, որպէսզի Եկեղեցւոյ պատգամը չկորսնցնէ իր խորութիւնն ու ճշմարտութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, դառնայ հասկնալի եւ ընկալելի ժամանակակից մարդուն համար։ Եպիսկոպոսաց ժողովը այս իմաստով կը փորձէ հաւասարակշռել աւանդութեան անփոփոխութիւնը եւ հովուական խոհեմ ճկունութիւնը։

ԵԿԵՂԵՑԻ-ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՒՂՂՈՐԴՈՒՄ

Եպիսկոպոսաց ժողովի լիազօրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերութիւններու դաշտը։ Ժողովը կը քննարկէ ազգային, հասարակական եւ բարոյական այն խնդիրները, որոնց դիմաց Եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ՝ առանց դաւաճանելու իր մարգարէական կոչումին։

Այս շրջանակին մէջ, եպիսկոպոսաց ժողովը կը ձեւաւորէ այն ընդհանուր տեսլականը, որով Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը ներկայանայ հասարակութեան մէջ՝ պաշտպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը, ընտանիքի սրբութիւնը, ազգային ինքնութիւնը եւ բարոյական հիմնարար արժէքները։ Ժողովի միջոցով Եկեղեցին կը խուսափի թէ՛ քաղաքականացուած դիրքորոշումներէ եւ թէ անտարբեր լռութենէ՝ ընտրելով պատասխանատու եւ խոհեմ ներկայութիւն մը։

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Եպիսկոպոսաց ժողովի ամենակարեւոր լիազօրութիւններէն մէկը Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան պահպանման առաքելութիւնն է։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, իր բնոյթով, ունի տարբեր պատմական, մշակութային եւ հասարակական պայմաններու մէջ ծառայող թեմեր։ Այս բազմազանութիւնը կրնայ դառնալ հարստութիւն, սակայն, առանց միասնական հարթակի՝ նաեւ վտանգ։

Եպիսկոպոսաց ժողովը կը ծառայէ՝ որպէս այն առանցքը, որուն շուրջ կը համախմբուին տարբեր իրականութիւններու մէջ ծառայող եպիսկոպոսներ՝ ձեւաւորելով եկեղեցական միասնական ինքնագիտակցութիւն մը։ Ժողովը կը կանխարգիլէ տեղայնական կամ անձնական մօտեցումներու գերակայութիւնը եւ կը շեշտէ Եկեղեցւոյ համահայկական եւ համընդհանուր բնոյթը։

Աւելի՛ն, եպիսկոպոսաց ժողովը միասնութեան հարթակ մըն է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի թեմերուն համար։ Ժողովը կ՚ապահովէ, որ տարբեր երկիրներու մէջ ծառայող եպիսկոպոսները կարենան համախմբել իրենց փորձառութիւնները եւ լուծումներ որոնեն ընդհանուր մարտահրաւէրներու դէմ։ Սա կ՚ամրապնդէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համահայկական եւ համընդհանուր բնոյթը:

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Եպիսկոպոսաց ժողովի՝ գործող իշխանութիւններու դէմ դատապարտող կամ քննադատական դիրքորոշում արտայայտելու իրաւունքը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ քաղաքական պայքարի կամ իշխանութեան փոխարինման տրամաբանութեան մէջ, այլ՝ Եկեղեցւոյ մարգարէական, բարոյական եւ հովուական առաքելութեան լոյսին տակ։ Իր դարաւոր աւանդութեամբ, Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երբեք ինքզինք չէ սահմանափակած զուտ պաշտամունքային ոլորտով, այլեւ մշտապէս կոչուած է վկայելու ճշմարտութիւնը հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այս հասկացութեան լոյսին տակ, եպիսկոպոսաց ժողովը ունի բարոյական իրաւունք եւ պարտաւորութիւն՝ բարձրաձայնելու այն երեւոյթները, որոնք կը սպառնան մարդկային արժանապատուութեան, ազգային ինքնութեան, հասարակական արդարութեան եւ բարոյական հիմնարար արժէքներուն։

Միեւնոյն ժամանակ, եպիսկոպոսաց ժողովը չունի ուղղակի քաղաքական կամ վարչական լիազօրութիւններ պետական իշխանութիւններու նկատմամբ։ Ան չի՛ կրնար եւ պէտք չէ՛ գործէ՝ որպէս ընդդիմադիր կամ այլընտրանքային քաղաքական կառոյց կամ մարմին մը, որ իշխանութիւններու գործունէութիւնը կը կառավարէ։ Անդին, սակայն, երբ պետական քաղաքականութիւնը, օրէնքները կամ գործելակերպերը կը հակասեն քրիստոնէական բարոյական սկզբունքներուն, կը վտանգեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, ընտանեկան սրբազան օճախը, ազգային ինքնութիւնը կամ հասարակութեան հոգեւոր առողջութիւնը, ապա եպիսկոպոսաց ժողովը իրաւունք ունի եւ կոչուած է արտայայտելու իր քննադատական դիրքորոշումը՝ իբրեւ Եկեղեցւոյ հաւաքական խղճի ձայնը։

Այս քննադատութիւնը, իր բնոյթով, պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ քաղաքականացուած կամ կուսակցականացուած, այլ՝ սկզբունքային, խոհեմ եւ պատասխանատու։ Եպիսկոպոսաց ժողովի ձայնը կը բխի ո՛չ թէ իշխանութիւն ձեռք բերելու ցանկութենէն, այլ՝ ծառայութեան գիտակցութենէն։ Ան կը դատապարտէ ո՛չ թէ անձեր, այլ՝ երեւոյթներ, գործելակերպեր եւ որոշումներ, որոնք կը վնասեն հասարակական բարոյական հենքը եւ կը հեռացնեն մարդը Աստուծոյ կամքէն։ Այս իմաստով ժողովի քննադատութիւնը ունի դաստիարակչական եւ զգուշացնող բնոյթ՝ ուղղուած թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ, ընդհանրապէս, հասարակութեան։

Եպիսկոպոսաց ժողովի ազդեցութիւնը եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու մէջ կը դրսեւորուի նախ եւ առաջ երկխօսութեան ձեւաչափով։ Ժողովը կը նպաստէ, որ Եկեղեցին չմնայ՝ որպէս լուռ դիտորդ կամ հակադրուող ուժ, այլ ներկայ ըլլայ՝ որպէս բարոյական կողմնացոյց, որ պատրաստ է համագործակցելու պետութեան հետ հասարակութեան բարիքին համար։ Այս համագործակցութիւնը, սակայն, չի նշանակեր Եկեղեցւոյ ենթակայացում պետութեան կամ պետութեան միջամտութիւն Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին։ Ընդհակառակն, եպիսկոպոսաց ժողովը կը շեշտէ փոխադարձ յարգանքի, ինքնուրոյնութեան եւ սահմաններու գիտակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Այն պարագաներուն, երբ պետական իշխանութիւնները կը փորձեն անտեսել Եկեղեցւոյ պատմական դերը, սահմանափակել անոր ազատութիւնը կամ օգտագործել զայն՝ իբրեւ քաղաքական գործիք, եպիսկոպոսաց ժողովը կրնայ եւ պարտաւոր է պաշտպանել Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը եւ հոգեւոր առաքելութիւնը։ Այս պաշտպանութիւնը կը կատարուի ո՛չ թէ բախումով, այլ՝ սկզբունքային կեցուածքով, հրապարակային յայտարարութիւններով եւ հասարակութեան բարոյական գիտակցութեան արթնացումով։

Այսպէսով, եպիսկոպոսաց ժողովը եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ կը ներկայանայ՝ որպէս հաւասարակշռող եւ ուղղորդող գործօն մը։ Ան կը փորձէ կանխել թէ՛ Եկեղեցւոյ քաղաքականացումն ու իշխանութեան ձգտումը եւ թէ պետութեան՝ բարոյական պատասխանատուութենէ հրաժարումը։ Ժողովի ազդեցութիւնը կը կայանայ ո՛չ թէ պարտադրանքի, այլ՝ հեղինակութեան, վկայութեան եւ հաւատացեալներու վստահութեան մէջ։ Արդարեւ, եպիսկոպոսաց ժողովը կը նպաստէ այնպիսի հասարակական միջավայրի մը ձեւաւորման, ուր պետութիւնն եւ Եկեղեցին կը պահպանեն իրենց տարբեր գործառոյթները ու կը ծառայեն միեւնոյն նպատակին՝ մարդու ամբողջական բարիքին եւ ազգի հոգեւոր ու բարոյական առողջ զարգացումին։

•շար. 2

Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026