ՄԵՐ ԱՆԱՊԱՏԱՑԱԾ ՀՈԳԻՆԵՐԸ ԴԱԼԱՐ ԱՐՕՏԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՎԵՐԱԾԵՆՔ

Մեղքը մարդս կը դատարկէ իր մարդկութենէն եւ զայն կը վերածէ անբան էակի մը, որ առանց նպատակի եւ առանց կոչումի կ՚ապրի: Միւս կողմէ, մեղքը միայն մարդուն վրայ չ՚ազդեր, այլեւ ամբողջ աշխարհին եւ անոր մէջ եղող բաներուն վրայ ալ կ՚ազդէ: 

Յովէլի մարգարէութեան առաջին գլուխին 13-14 համարներուն մէջ մարգարէն կը թելադրէ մարդոց, որպէսզի պահեցողութեան եւ ծոմի օրեր նշանակեն ու աղօթք կազմակերպեն: Ապա, 15-18 համարներուն մէջ կը խօսի Տիրոջ բարկութեան օրուան մասին՝ նկարագրելով, թէ ի՛նչ թշուառութեան եւ նեղութեան պիտի մատնուին մարդիկ այդ օրերուն: Իսկ յաջորդող համարներուն մէջ կը կարդանք մարգարէին հետեւեալ բարեխօսական խօսքերը. «Քեզի կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որովհետեւ կրակը սպաննեց անապատի գեղեցկութիւնը, բոցը լափեց ագարակի իւրաքանչիւր ծառ, վայրի կենդանին քեզի նայեցաւ, քանի որ ցամքեցան ջուրի վտակները եւ կրակը կերաւ անապատի գեղեցկութիւնը» (Յվլ 1.19-20): 

Մեղքի պատճառով մարդ ինք եւս կ՚անապատանայ, մարդ ինք եւս իր գեղեցկութիւնը կը կորսնցնէ, որովհետեւ հոն ուր մեղք կայ, այնտեղ աւեր, տգեղութիւն եւ չարիք միայն կարելի է գտնել: Եւ, մարդ, որպէսզի յաջողի այս անապատացած ու տգեցղած վիճակէն դուրս գալ, ապա կարիք ունի Աստուծոյ դառնալու, զԱստուած կանչելու եւ ապաւինելու Անոր ողորմութեան, որ կարող է մարդուն կեանքը վերստին դալար արօտավայրի վերածել ու գեղեցկացնել: 

Մարդ պէտք չէ մտածէ, որ եթէ մեղքի մէջ է, շատ մեղքեր կը գործէ, իր հոգին այլեւս ոչինչ կը զգայ, այլ խօսքով անապատի վերածուած է, ապա չի՛ կրնար վերստին կանգնիլ: Այսպիսի մտածումները սատանան է, որ կը սերմանէ մեր մէջ, որպէսզի արգելք հանդիսանայ մեր՝ զԱստուած կանչելուն եւ Անոր օգնութեան դիմելուն: Եթէ մարդ կ՚ուզէ Աստուծոյ բարկութեան օրէն ազատիլ ու վայելել Անոր ներկայութիւնը, ապա Յովէլ մարգարէին նման պէտք է համարձակութիւն ձեռք բերէ դիմելու Աստուծոյ եւ ըսելու. «Քեզի կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր»:

Առաքինութեան եւ ողորմածութեան գործերով, ինչպէս նաեւ պահքով եւ ծոմապահութեամբ մեր անապատացած հոգիները սկսինք ոռոգել, որպէսզի Աստուած ալ վերէն Իր օրհնութիւնները թափելով մեր հոգիներուն վրայ կանաչնան ու պտղաբերին ի փառս Իր Սուրբ անուան: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 փետրուար 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026