ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ
Եւ արդէն վերջին օրը… Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազաններու հաւաքը այսօր կ՚եզրափակուի՝ գործադրելով իր աշխատանքային ծրագիրը։ Աւստիրոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթենի մէջ կազմակերպուած սրբազաններու խորհրդակցութիւնը արդէն օրերէ ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած էր։ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կազմակերպուեցաւ այս հաւաքը, որու եռօրեայ աշխատանքային ծրագրի գործադրութիւնը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չկրցաւ նախագահել ծրագրուած եպիսկոպոսաց ժողովին՝ իշխանութիւններու կողմէ իրեն դէմ սահմանուած Հայաստանէ դուրս գալու արգելքին հետեւանքով։ Այս պայմաններուն ներքեւ, եպիսկոպոսաց ժողովի ձեւաչափը ակամայ վերածուեցաւ խորհրդակցական հաւաքի։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վաղը երեկոյեան ժամերուն պիտի վերադառնայ քաղաքս։
Սանկտ Փոլթենի մէջ, քսանհինգ եպիսկոպոսի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հաւաքը, ըստ էութեան, դռնփակ է։ Յամենայնդէպս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ ամփոփ հրապարակումներով հանդէս եկան սրբազաններու հաւաքին շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հաւաքի մասնակից սրբազանները Սանկտ Փոլթենի մայր տաճարին մէջ մասնակցած են նաեւ երեկոյեան ժամերգութեան մը։ Այս առթիւ սրբազաններուն հետ ժամերգութեան մասնակցած եւ անոնց ներկայութիւնը ողջունած է Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սանկտ Փոլթենի վիճակաւոր Ալոիս Շվարց եպիսկոպոսը։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, եպիսկոպոսներու խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ՝ այս եռօրեայ աշխատանքի ընթացքին ի յայտ եկած առաջարկները կը համադրուին՝ առկայ տագնապալի կացութեամբ պայմանաւորուած խնդիրներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերու առաջնահերթութեամբ։ Եպիսկոպոսաց խորհրդակցութեան մասնակիցները հետեւեցան եւ այսօր ալ կը հետեւին աշխատանքային ծրագրի վրայ նախատեսուած շարք մը զեկուցումներու, որոնք ներկայ իրավիճակի բիւրեղացման եւ սրբազաններու միջեւ փոխըմբռնման հասնելու տեսակէտէ կ՚ունենան կարեւոր նշանակութիւն։ Այդ զեկուցումներուն մէջ արծարծուած նիւթերու առանցքով սրբազանները խորհրդակցութիւններ կ՚ունենան, կշիռքի վրայ կը դնեն հրատապ հարցերու զանազան երեսակները եւ այսպէսով կը ջանան հասարակաց յայտարար մը ստեղծել, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքը աստիճանաբար վերադառնայ իր բնականոն հունը։
Համայն հայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան մէջ է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ՝ Հայաստանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ակնյայտ թիրախաւորման հետեւանքով իշխանութիւններուն կողմէ։ Երկար ժամանակէ ի վեր բոլոր հարթութիւններու վրայ խնդիրները այնպիսի ձեւով հանրութեան կը մատուցուին, թէ երկխօսութեան ճանապարհները վաղուց սպառած են։ Յամենայնդէպս, եպիսկոպոսաց հաւաքը այս համայնապատկերին վրայ ուշադրութեան արժանացած է՝ այն իմաստով, որ լաւատեսութեան նոր մթնոլորտ մը ծնունդ կրնայ առնել՝ ամէն ինչը հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ վերարժեւորման ենթարկելու առումով։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սանկտ Փոլթենի մէջ հաւաքուած սրբազաններուն իր պատգամն ու խօսքը հեռակայ դրութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն փոխանցեց՝ առցանց ձեւաչափով։ Վեհափառ Հայրապետին առընթեր, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս հաւաքի մասնակիցներուն փոխանցեցին իրենց խօսքերը։
