ԲԱՌԵՐՈՒ ՆՈՐ ԾԻԼԵՐԸ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՅԱԳԻՐ ՄԸ

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի կողմէ լոյս տեսած «Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» խորագրով Ա. եւ Բ. հատորներու հրատարակութիւնը կարելի է համարել լեզուամշակութային իրադարձութիւն։ 

Երկու գիրքերու յաջորդական հրապարակումը ո՛չ միայն գիտական ձեռնարկ մըն է, այլեւ՝ վստահելի վկայութիւն մը այն իրողութեան, որ արեւմտահայերէնը կը շարունակէ ապրիլ եւ հարստանալ իր գործածութենէն։

Ա. գիրքը կ՚ընդգրկէ շուրջ 1000 բառամիաւորներ, իսկ Բ. գիրքը՝ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն վկայուած արեւմտահայերէնի որեւէ բառարանի մէջ։ 

Այս նորաբանութիւնները քաղուած են արեւմտահայերէն արձակ ու չափածոյ ստեղծագործողներու գիրքերէն, օրաթերթերէն, շաբաթաթերթերէն, ամսագիրերէն, ինքնուրոյն եւ թարգմանական գեղարուեստական ու գիտական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ համացանցային աղբիւրներէն։ Յատկապէս կարեւոր է ընդգծել, որ աղբիւրներուն հիմնական մասը կը կազմեն Պէյրութի, Երեւանի, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած արեւմտահայերէն գիրքերը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ այլ հայաշունչ կեդրոններու հրատարակութիւններն ու արեւմտահայերէն օրաթերթերը։ Աղբիւրներու այս աշխարհագրական ու մշակութային լայն ցանցը գիրքերուն կու տայ կենդանի շունչ մը՝ հաստատելով, որ ներկայացուած բառերը արհեստական կամ գրասեղանային ստեղծումներ չեն, այլ իրական լեզուական շրջանառութեան ծնունդներ։

Այս աշխատասիրութիւնը հաւաստի կերպով կը հաստատէ այն խորունկ ճշմարտութիւնը, որ լեզուն կը հարստանայ նախ եւ առաջ մամուլէն, գրականութենէն եւ հասարակական գործածութենէն։ Բառարանը չէ, որ կը ստեղծէ բառը․ բառը կը ծնանի գրողին միտքին եւ լրագրողին նիւթին մէջ, թարգմանիչին, խմբագրին ստեղծագործ մօտեցումով եւ ընթերցողին ընկալումով, եւ ապա միայն կը հասնի բառարանային հաստատման։ Այս երկու հատորները, այս իմաստով, կենդանի ապացոյցն են, որ արեւմտահայերէնը կը շարունակէ նոր բառեր ծնիլ, նոր հասկացութիւններ ձեւաւորել եւ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն պատասխանել իր իսկ ներքին կարողութեամբ։

Թէեւ արեւմտահայերէնը իր կենսունակ վիճակը կ՚ապրի սփիւռքի մէջ՝ իբրեւ համայնքային հաղորդակցութեան, մամուլի եւ գրական ստեղծագործութեան լեզու, սակայն, այսօր անոր գիտական խնդիրներով հետեւողական կերպով զբաղող հիմնական կառոյցները կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ կան նուիրեալ անհատներ, ուսուցիչներ եւ հետազօտողներ, որոնք մեծ եռանդով կը ծառայեն լեզուին, սակայն, հիմնարկային, համակարգուած եւ շարունակական գիտական աշխատանք տանող հաստատութիւններ գրեթէ չկան։ Այս առումով, Հայաստանի գիտական հիմնարկները՝ յատկապէս լեզուաբանական կառոյցները, կը ստանձնեն ծանր ու պատասխանատու դեր մը՝ արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան, կանոնարկման եւ փաստաթղթաւորման գործին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, հարկ է ընդգծել, որ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ջանքերուն մէջ իր մեծ բաժինն ունի նաեւ արեւելահայերէնը։ Հայաստանեան գիտնականները կը մտածեն եւ կը գրեն արեւելահայերէնով, սակայն, իրենց գիտական աշխատանքը կը ծառայեցնեն նաեւ արեւմտահայերէնի շահերուն։ Այս իրողութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ երկու գրական հայերէնները հակադրուած կամ մրցակից համակարգեր չեն, այլ փոխլրացնող եւ փոխսնող իրականութիւններ։ Առանց մէկը միւսին՝ հայոց լեզուական ամբողջութիւնը կը թուլանայ։ Արեւմտահայերէնի գիտական պահպանումը կը յենու նաեւ արեւելահայերէնով կատարուած հետազօտութիւններուն վրայ, ինչպէս որ արեւելահայերէնի հարստութիւնը չի կրնար անտեսել արեւմտահայ գրական աւանդն ու ստեղծագործ փորձառութիւնը։

«Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի մէջ գործող արեւմտահայերէնի բաժնի նախաձեռնութիւնը՝ արդի արեւմտահայերէնի նոր բառերու հաւաքման եւ բացատրական աշխատանքներու ձեռնարկը, կը վկայէ գիտական հեռատեսութեան եւ լեզուի ճակատագրին նկատմամբ պատասխանատու վերաբերմունքի մասին։ Երկու հատորներու լոյս տեսնելը կը հաստատէ, որ նախաձեռնութիւնը անցողիկ ծրագիր մը չէ, այլ շարունակական եւ ծրագրուած աշխատանք, որուն նպատակը ո՛չ միայն նորաբանութիւններու արձանագրումն է, այլեւ անոնց արժեւորումն ու գիտական քննութիւնը։

Յատկապէս կարեւոր է, որ այս աշխատասիրութիւնը օգտակար կը հանդիսանայ թէ՛ բառագիտութեամբ եւ բառակազմութեամբ հետաքրքրուող մասնագէտներուն, թէ՛ ուսանողներուն ու ուսուցիչներուն եւ թէ մամուլի աշխատակիցներուն։ Արեւմտահայերէնի ուսուցումը՝ յատկապէս սփիւռքի պայմաններուն մէջ, կարիք ունի արդիական, գիտական եւ վստահելի աղբիւրներու։ Այս երկու հատորները կրնան ծառայել որպէս հարստացնող գործիք՝ դասարանին մէջ, համալսարանական ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, յօդուածագրութեան կամ պարզապէս՝ անհատական ընթերցման ժամանակ։

Գիրքերը կը ներկայացնեն նաեւ օգտագործուած աղբիւրներու եւ համառօտագրութիւններու ցանկը, ինչ որ կը բարձրացնէ անոնց գիտական արժէքը եւ կը դիւրացնէ յետագայ ուսումնասիրութիւնը։ 

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» Ա. եւ Բ. հատորները կազմած են՝ Ա․ Ֆիշենկճեան, Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան, Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրն է՝ Լեզուի կաճառի տնօրէն՝ Վ. Կատուալեան։ 

Այս նորակազմ հատորները աւելի լաւ պատկերացնելու եւ անոնց բառային հարստութիւնը շօշափելի դարձնելու համար, կողքի սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք ամէն մէկ տառէն խօսուն եւ բնորոշ օրինակներ՝ իրենց բացատրութիւններով (միայն «Ր» տառով բառեր չկան)։ 

Ա

ԱԳՌԱՒԱՉ - Ագռաւի չար աչք 

ԱԶԱԶՈՂ - Չորցնող, հիւծող, թառամեցնող

ԱՆՏԱՐԱԶԵԼԻ - աներեւակայելի

ԱՆՑԵԼԱԽՈՅԶ - Անցեալը փնտռող՝ քննող

ԱՍՏԵՂԱՏՈՒՆ - Ընկերութեան երեւելի մարդոց ընտրանի, ընտրեալ անուանիներու կաճառ

ԱՐՀԵՍՏԱՔՈՒՆ - Արհեստական քնաբերութիւն

ԱՐՓԱԼԻ - Արեւի լոյսով ողողուած

ԱՒԵԼՈՅԹ - Բազմազբաղութիւն

ԱՐԽԻՒԱԽՏ - Պատմական նշանութեան փաստերու անհարկի՝ չափազանցուած կարեւորութիւն տալը

Բ

ԲԱԶՄԱԳՐԵԱԼ - Բազմաթիւ մարդոց կողմէ գրուած

ԲԱՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - Կնճռոտ՝ խրթին գրութիւն

ԲԱՂՁԱԽՏԱՒՈՐ - Անյաղթահարելի տենչանքի գերի

ԲԱՌԱՐՈՒԵՍՏ - Գեղեցիկ՝ բանաստեղծական բառերով ստեղծուած արուեստ

ԲԱՌԵԶՐ - Գիտական ասպարէզի մը երեւոյթները ճշգրտօրէն բնութագրող մենիմաստ բառ

Գ

ԳԻՆԵԴԵՂԻՆ - Ճերմակ գինիին յատուկ ոսկեգոյնի երանգը ունեցող

ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ - Մասնաւոր սարքերով տեղ՝ գիտական հետազօտութիւններու, փորձերու համար

Դ

ԴԱՓՆԵՁԷԹ - Դափնիի ծառի տերեւներուն մշակութեամբ պատրաստուած ձէթ

ԴԵՐԱՎԿԱՅ - Վկայելու կարելիութիւնը թէականացնող անձ

ԴՆԴԵՐՈՒՏ - Մկանոտ, ջղուտ, ջլապինդ

ԴՊՐՈՑՈՒՆԱԿ - Դաստիարակչական շեշտ ունեցող, ընդունուած օրինակի մը հետեւող

Ե

ԵԹԵՐԱԳԵՂ - Երկնային գեղեցկութեամբ օժտուած

ԵՆԹԱՄԱՐԴ - Երկրորդ կարգի պատկանող մարդ, ստորակարգ եւ անարժան անհատ

ԵՌԱՏՕՆ - Նշանակալից երեք տօներու համատեղ նշումը

Զ

ԶԻԿԶԱԿԵԼ - Անուղղակիօրէն խօսիլ, մանուածապատ՝ դարձդարձիկ ձեւով միտք մը յայտնել

ԶՈՎԱՐՁԱԿ - Հովասուն, օդասուն

Է

ԷՋԱՆԻ- Էջ ունեցող, էջեր

Ը

ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ - Հանրութեան ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւն

ԸՆՏՐՈՂԱՊԱՇՏ - Ընտիրը, կատարեալը պաշտող

Թ

ԹԱՔՍՏԱԿԱՆ - Որեւէ տեղ, ոեւէ մէկէ պահուըտած, ծուարած

ԹԵՐԱՐՈՒԵՍՏ - Թերի, թերաւարտ աշխատանք

ԹԻԹԵՂԱՒԱՆ - Թերթի պէս բարակ մետաղէ ծածկով հողաշէն խրճիթներ ունեցող աւան կամ թաղամաս

ԹՈՂԼՔՈՒՄ - Վհատութիւն, ամէն բանէ հրաժարում 

ԹՈՒԹԱԿԵԼ - Դատարկաբանել, կրկնօրինակել

Ժ

ԺԱՅՌԱՆԱԼ - Անզգայանալ, քարանալ, բրտանալ, նրբազգաց եւ զգայուն ըլլալէ դադրիլ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՅՆՕՐԷՆ - Ժամանակի թուային ճշգրիտ յաջորդականութեան եղանակով

Ի

ԻՄԱՑԱՊԱՇՏ - Միտքը՝ մտքի զօրութիւնը՝ գիտելիքը գնահատող, զանոնք գերակայ արժէք համարող

ԻՆՔՆԱԲԱՆ - Ինքն իր հետ խօսող

ԻՆՔՆԱՔԱՆԴ - Անձը խորտակող, կործանող

Լ

ԼԱՅՆԱՃԱԽՐ - Ազատ, անկաշկանդ ճախրող, անպարագիծ, հորիզոններ նուաճող

ԼԵՌՆԱԾՈՐ - Լեռներէ՝ վսեմ բարձունքներէ՝ հոգեւոր կատարներէ իջնող՝ կաթկթող

ԼՈՒՍՆԱՇՂԱՐՇ - Լուսինի լոյսէն հիւսուած բարակ՝ նուրբ քօղ՝ շղարշ

ԼՌԱՁԱՅՆ - Անձայն, լուռ, լռութեան ձայնով լեցուն 

Խ

ԽԱՅԹԱՀԱՐԵԼ - Խայթել, խայթերով ծակծկել

ԽԱՉՈՒՀԻ - Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) մէջ կամաւոր ծառայող, անոր հայանպաստ բարեգործական ձեռնարկներու աջակից

ԽՍՏԱԲԻԲ - Պահանջկոտ, բծախնդիր, խստապահանջ

Ծ

ԾԱԾԿԱՂՕԹՔ - Գաղտնաբար՝ ցած ձայնով ըսուած սրտի խօսք

ԾՈՎԱԳՐԵԼ - Մարդուն կամքէն անկախ գրել՝ որոշել անոր անցնելիք ճամբան, ճակատագրական ըլլալ

ԾՈՎԱՇԱՐԺ - Երկրաշարժի պատճառով առաջացած վիթխարի ալիք

Կ

ԿԱՅԵՆԱԲԱՐՈՅ - Հարազատին՝ եղբօրը վնասելու գաղտնի մտադրութեամբ կատարուող

ԿԱՅՄԵԼ - Ամուր կապ՝ յարաբերութիւն ստեղծել, վստահելի՝ ապահով դարձնել

ԿԵՆԴԱՆԱՊԱՐՏԷԶ - Տարբեր տեսակի կենդանիներ պահելու եւ զանոնք հանրութեան ցուցադրելու համար շինուած պարտէզ

Հ

ՀԱՄԱՇԱՐՔ - Ընդհանուր շարք, կարգ

ՀԱՅԱԴԱՐԲՆՈՑ - Հայկական կրթարան

ՀԱՍԿԷՏ - Աւարտակէտ, ուր մէկը պէտք է հասնի, ժամանէ

ՀՐԱԳԻՐ - Կրակով, աւիւնով, կիրքով առլեցուն գիր կամ խօսք

Ձ

ՁԵՒԱԶԱՆ - Ձեւերու, տեսակներու հարստութիւն, զանազանութիւն ունեցող

ՁԵՒԱՌԻԿ - Իրեն յատուկ սկզբնական ձեւը կորսնցուցած, անսովոր, արտառոց դարձած

Ղ

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ - Արցախի պետութեանը (Ղարաբաղ) եւ անոր բնակիչներուն առնչուող, անոնց վերաբերող

Ճ

ՃԵՄԱՊԱՐՏԷԶ - Զբօսնելու՝ պտըտելով հանգստանալու՝ կազդուրուելու համար ստեղծուած պարտէզ

ՃԵՊՈՒՏԵՍՏ - Հապճեպ եւ փութով ուտելու համար առանց մասնաւոր խնամքի եւ յոգնութեան արագ պատրաստուող կերակուր

ՃՇՄԱՐՏԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ - Փաստերու ստուգումին հետամուտ ըլլալը, անոր ձգտիլը

Մ

ՄԱՆՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄ - Մանրազննին ընթերցում

ՄԱՐԳՐՏՈՒՈՂ - Մարգարիտի նման փայլող՝ ողորկ

ՄԵԾԱՄՌԱՅԼ - Շատ մութ՝ աղօտ, մշուշապատ, անփառունակ

Յ

ՅԱՅՏՆԱՐԱՐ - Արտայայտութիւն, նշան, դրսեւորում

ՅԵՏՆԱՇԽԱՐՀ - Անհատի նորակազմ միջավայրը

Ն

ՆԻՒԹԱՇԱՀ - Դրամական օգուտի ակնկալիք

ՆՈՐԱԲԱՆԵԼ - Նոր բառ ստեղծել, հին բառի մը նոր իմաստ տալ

ՆՈՐԵՓ - Նոր եփած՝ տաք՝ թարմ

Շ

ՇԱՐԺԱՓԱՌԱՏՕՆ - Շարժապատկերի արուեստին նուիրուած փառատօն՝ հանդիսութիւններու շարք

ՇԱՐԱՖԻԼՄ - Որեւէ նիւթի մասին նկարուած շարժապատկերներու շարք

Ո

ՈՍԿԵՆԱՐՕՏ - Ոսկեգոյն թելերով հիւսք՝ ժապաւէն, որ կը զարդարէ զայն դնողը, անոր արժանացողը

ՈՍԿԵՄԵՂՈՅՇ - Ոսկիի պէս դեղին եւ մեղրի պէս անուշ

ՈՒ

ՈՒԺԱԿԱՆ - Գործունեայ, ժիր 

ՈՒԺԱԿԱՐՈՂ - Կորովի, մարմնական զօրութիւն եւ տոկունութիւն ունեցող

ՈՒՍՈՒՑՉԱԳՈՐԾԵԼ - Ուսուցչական պաշտօն վարել

Չ

ՉԱՅԼԱՆԱԼ - Այլ՝ ուրիշ չըլլալ, վիճակի փոփոխութիւն չկրել, չօտարանալ

ՉԱՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ - Հաւասակշռութիւն, չափերու հաւասար բաշխուածութիւն

Պ

ՊԱՏԿԵՐԱՏԱԿ - Նկարին տակը իբրեւ բացատրութիւն դրուած խօսք՝ գիր

ՊԱՐԵՐԳՈՒՀԻ - Պարային երգ կատարող աղջիկ, կին

ՊՈԼՍԱՎԱՐԻ - Պոլսեցիի նման, անոր վարքը ունեցող

Ջ

ՋՐԱՆՈՒԱԶՈՒՄ - Մարդու մարմինի մէջ ջուրի անհրաժեշտ չափի անբաւականութիւն

ՋՐԻԿԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ - Անլուրջ՝ անմիտ ձեւով խօսիլը, շաղակրատելու համար խօսիլը, ձանձրալի խօսք՝ միտք

Ռ 

ՌԱՄԿԱԽԱՌՆ - Ժողովուրդի առօրեայ, անմշակ լեզուով խառնուած

ՌՈՒՍԱԾԻՆ - Որպէս ռուս ծնած, ազգութեամբ ռուս

Ս

ՍԻՐԱԹԱՔՈՅՑ - Սէրը թաքցնող, գաղտնի ու ծածուկ պահող

ՍԼԱՔՈՒՄ - Ժամացոյցի սլաքներու շարժումը, ընթացքը

ՍՐԲԱԶՐԿԵԼ - Սրբութիւն համարուողը իբրեւ սրբութիւն չընդունիլ

Վ

ՎԱՂԱԶԱՐԹ - Կանուխ զարթնած՝ արթնցած

ՎԱՐԺԱՆԻՍՏ - Վարժարան

ՎԵՐԿԵՆՑԱՂԵԼ - Մեռած բանին նորէն կեանք տալ, վերազարթնել

ՎՆՆՈՑ - Ինքնաշարժի հանած ձայնը

Տ

ՏԱՆԱՌԱՋՔ - Տունի առջեւի մասը

ՏԱՐԱՏՆԿԵԼ - Բոյս մը իր աճած տեղէն հանել եւ ուրիշ՝ հեռու տեղ մը տնկել, փոխաբերական իմաստով՝ անձնական փորձառութեամբ՝ բնականօրէն չծագած գաղափար մը որդեգրել

Ց

ՑԱՆՑԱՐԿԵԼ - Ցանցի մէջ առնել, ցանցել

ՑԵՂԱՄՇԱԿ - Տոհմը, ազգը մշակող, կրթող

Փ

ՓԱՌԱՏԵՆՉԻԿ - Փառքի հետամուտ, փառասէր

ՓՈԽԱԴՐՈՂՉԷՔ - Փոխադրավարձ, փոխադրագին, փոխադրավճար

ՓՈՐՁԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - 1. Ստեղծագործելու ջանք՝ փորձ, 2. այս կամ այն նիւթի մասին անձնական փորձի՝ մտածողութեան վրայ հիմնուած կարճ գրութիւն, էսսէ

Ք 

ՔԱՅԼԱԿ - Նոր քալել սորվող պզտիկներու կամ քալելու

դժուարութիւն ունեցող մարդոց շարժելու՝ տեղէ տեղ երթալու ճկունութիւն տուող գործիք

ՔԵՐԾՈՒԿ - Կարծր բանի մը քսուելէն առաջացած թեթեւ վէրք

Օ

ՕՏԱՐԵՐԷՆ - Մայրենի չեղող ամէն լեզու

Ֆ

ՖԻԼՄԵՐԻԶ - Շարժապատկերը տեսարանները արձանագրող ժապաւէն, նկարուած շարժապատկերի ցուցադրութեան ժապաւէնը

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 19, 2026