ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՌԻԹ ՄԸ -1
Ներկայ Մեծ պահքի շրջանը՝ քառասուն օրերու առիթ մըն է վերանորոգուելու, ըսենք՝ սկիզբէն սկսելու կեանքին, այն ինչ որ կը վերաբերի հոգեւոր կեանքին։ Արդարեւ, նորոգումը պայման է այն բոլորին համար, քանի կ՚ապրին, ինչպէս կը գրէ Յովհաննէս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ. «Եթէ ըսենք.- Մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ կը մերժենք ճշմարտութիւնը ընդունիլ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը՝ վստա՛հ եղէք թէ Աստուած որ արդար է՝ պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։ Եթէ.- Մեղք չգործեցինք, ըսենք ստախօս կը հանենք զԱստուած, քանի որ խօսքը չենք ընդունիր…». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8)։
Ահաւասի՛կ, այս իսկ պատճառով է, որ մենք յաճախ նորոգուելու ենք, եւ Աստուած մեզի առիթներ կը ներկայացնէ մեզի, ճամբան ցոյց կու տայ։ Եւ ինչպէս կ՚երգէ Ներսէս Կաթողիկոս. «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորով զարդարեա»։
Ինչպէս յայտնի է՝ այս վերանորոգման շրջանը սկսաւ Բուն բարեկենդանով։ Արդարեւ, Մեծ պահքի նախորդող այս հոգեւոր ապրումը, տառացիօրէ կը նշանակէ բարի եւ ուրախ կեանք, ինչ որ իր մէջ կը բովանդակէ հոգեւոր իմաստ մը եւ աստուածաշնչական խորհուրդ մը։ Բուն բարեկենդանը դրախտային կեանքը կը խորհրդանշէ. այն կեանքը՝ ուր Ադամ եւ Եւա կը վայելէին Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ բարութիւնը՝ կեանք մը ուրախ եւ երանելի, որ մարդ այսօր եւս կարօտը կը զգայ։ Որովհետեւ մարդուն յաւիտենական կարօտն է զԱստուած տեսնել, Անոր ներկայութիւնը վայելել, ինչպէս մանուկը միշտ կը փնտռէ իր ծնողքը՝ վստահելի ապաւէնը։ Այս կեանքը խաղաղութեան, հաւատարմութեան, հնազանդութեան կեանքն է, այս իմաստով ալ՝ աստուածճանաչութեամբ եւ գիտակցութեամբ ճշմարիտ կեանքը ապրիլ։
Ուստի, երբ Բուն բարեկանդանը այդ բարի եւ երջանիկ կեանքի խորհրդանիշն է, այդ կեանքին առաջնորդող ճամբան ալ Մեծ պահքն է։ Մեծ պահքը ընդհանրապէս պահեցողութեան շրջան մըն է, բայց մարդիկ առհասարակ այս պահեցողութիւնը կը կեդրոնացնեն մարմնական եւ ֆիզիքական պահեցողութիւններով։ Բայց Աստուած Եսայի մարգարէի բերնով կ՚ըսէ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութեան ենթարկուողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը, եւ մարմինդ անտեսելն է։ Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի եւ բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ». (ԵՍԱՅԻ. ԾԸ 6-8)։
Ուստի, հետեւելով այս աստուածաշունչ խօսքերուն՝ պահեցողութիւնը եւ ծոմապահութիւնը միայն ուտելիք-խմելիքով կամ աշխարհային զբաղումներով կամ զուարճութիւններով սահմանափակել սխա՛լ է եւ պահեցողութեան իմաստին եւ Մեծ պահքի խորհուրդին հետ անհամաձայն է։
Պահեցողութիւնը պէտք է սրտով-հոգիով եւ միտքով-մտածումներով ամբողջացնել։ Եւ այս իմաստով է, որ Մեծ պահքը ճամբայ մը եւ առիթ մըն է ինքնասրբագրութեան, ինքնաճանաչութեան եւ այս կերպով կատարելագործման։ Շրջան մը՝ աղօթքի, ողորմածութեան եւ մա՛նաւանդ խոնարհութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի…
Փետրուար 18, 2026, Վաղարշապատ