ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԱԹԵՒ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն մին. ոչ եւս է Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեան։

Նորոգ վախճանեալ սրբազանը ազգականն էր երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ան սկիզբին մաս կը կազմէր Անթիլիասի միաբանութեան եւ որոշ ժամանակ պաշտօնավարած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1995 թուականին հաստատուած էր Հայաստան եւ մշտապէս կը բնակէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026