ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՌԻԹ ՄԸ -2

Խոնարհութիւնը, արդարեւ, մարդը կ՚ազնուացնէ, առաքինութեան եւ այս միջոցով կատարելութեան կը հասցնէ։

Սրբութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն՝ մարդս բարձրացնող ազդակներ, առաքինութիւններ են՝ որոնք կարելի է ձեռք բերել Մեծ պահքի շրջանին՝ գիտակցաբար եւ մա՛նաւանդ կատարեալ աստուածճանաչութեամբ կատարուած աղօթքով եւ պահեցողութեամբ։ Աստուածակերտ հոգետես բարիքներ մարդը կը վերածեն Աստուածատես երանելի՜ արարածի։

Մեծ պահքի շրջանը, նաեւ անդրադարձումի շրջան մըն է, հոն է որ, մարդ կ՚անդրադառնայ իր իսկ ինքնութեան, կը դառնայ գիտակից անհատի, որ կը նշանակէ՝ «ա՛նձ ըլլալ»։

 Մարդ «ազատ կամք»ով օժտուած զգայուն եւ գիտակցութեան տէր արարած մըն է։ Բայց «ազատութիւն»ը անսահման վայելք մը չէ՝ ամէն ինչ ընել կամ չընել չէ՛. այս իմաստով մարդ յաճախ կը խախտէ այդ սահմանը եւ կը շահագործէ իր «ազատ կամք»ը եւ ուրեմն պէտքը կը զգայ անդրադառնալու իր ազատութեան սահմաններուն. «Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, որովհետեւ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։ Եւ այսպէս Աստուած հաստատեց «պահեցողութիւն»ը, ուրիշ խօսքով՝ ազատութիւնը եւ ազատութեան սահմանները։

Այս կէտին պէտք է նկատի յանձնել, թէ՝ արգիլուած ծառին պտուղէն «ուտել» խորհրդանիշ մըն է արգելքի՝ որ «ուտել»ու արարքով այլաբանօրէն ցոյց կու տայ մարդկային որեւէ արարք եւ ո՛չ միայն իր նեղ իմաստով «ուտել»։ «Ուտել»ը մարդուն մարմնի գոյապահպանման եւ գոյատեւման կարեւոր եւ անհրաժեշտ արարք մըն է, ուստի մարդ ամենէն շատ կը մտահոգուի «ուտել»ով, այս պատճառաւ «պահեցողութիւն»ը եւ ազատութեան սահմանը կը սկսի «ուտելիք»ի վրայ կեդրոնացնելով ուշադրութիւնը։

Այս իսկ պատճառով, առանց անտեսելու «ուտել»ու կարեւորութիւնը իր նեղ իմաստով, պէտք է հասկնալ զայն լայն առումով, այսինքն մարդուն բոլոր առարկայական-ենթակայական արարքները։ Արդարեւ, Եսայի մարգարէութեան վերոյիշեալ համարները (ԵՍ. ԾԸ 6-8) կը հաստատեն այս իրողութիւնը եւ հաստատուած ամէն իրողութիւն՝ ճշմարտութի՛ւն է։

Մեծ պահքի ընթացքին պահեցողութեան եւ ծոմապահութեան մասին Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ՚ուտէ։ Ան որ կ՚ուտէ՝ չուտողը թող չանարգէ՝ եւ ան որ չ՚ուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՝ որովհետեւ Աստուած զանիկա ընդուներ է։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես, իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ՚իյնայ. բայց պիտի կանգնի, քանի որ Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 2-4)։ Եւ կը շարունակէ. «Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով՝ որ ինք կ՚ընդունի եւ կը փորձէ։ Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չ՚ուտեր, որովհետեւ ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մե՛ղք է». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 22-23)

Արդարութիւն, խաղաղութիւն, սրբութիւն կը պահանջէ Մեծ պահքը, ապա ուրեմն, վերանորոգուելով, այս շրջանին մա՛նաւանդ ուշադրութիւն ընենք չդատել ուրիշները առանց լաւ քննարկութեան, եւ ուրիշները քննադատելէ առաջ մենք զմեզ քննենք, քանի որ ինքնաճանաչումը առաքինութի՛ւն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ

Փետրուար 18, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026