Շաբաթ 21, Փետրուար 2026
ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սասուն-Պիթլիսի հայրենակցական միութեան վարչայինները։ Հարկ է նշել, որ այս միութեան վարչութեան ղեկը վերջերս ստանձնեց Թուրկայ Քափ՝ յաջորդելով Արամ Տեմիրին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչայիններուն եւ միութեան գործունէութիւնը գնահատեց՝ փոխանցելով օրհնութիւնները։
Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026