ՍԻՐԵՆՔ ԶՔՐԻՍՏՈՍ
Մարդուն կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, սակայն, այդ դժուարութիւնները անլուծելի չեն եւ ո՛չ ալ տառապեցնող, եթէ մարդ կարենայ ճիշդ ճամբան գտնել եւ ճիշդ քայլեր որդեգրել, այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Ցաւօք, սակայն, այդ դժուարութիւնները յաճախ պատճառ կը դառնան, որ մեր մէջ եղող սէրը Քրիստոսի նկատմամբ սկսի նուազիլ կամ տկարանալ: Երբեմն ինչ-ինչ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու կը հանդիպինք, որոնց մէջ կը զգանք, թէ մեր Տէրը լքած ու հեռացած է մեզմէ, որով կը սկսինք կասկածիլ, իսկ երբ կասկածինք, կը նշանակէ ,թէ մեր սէրը նուազած է…:
Պահ մը եթէ մտածենք սակայն, ապա պիտի յայտնաբերենք, որ մեր Տէրը ո՛չ թէ լքած է մեզ, ընդհակառակը, մեր կողքին կանգնած է, ուշադիր կը հետեւի մեր քայլերուն, որպէսզի յարմար պահին միջամտէ, ճիշդ հօր մը նման, որ երբ իր փոքրիկը կը փորձէ առաջին քայլերը կատարել, կը ձգէ զինք, սակայն, երբ իյնալու ըլլայ՝ կը միջամտէ, որպէսզի չիյնայ, այդպիսով ինքնավստահութիւն եւ քալել սորվեցնելով իր զաւակին: Մեր Տէրն ալ այդպէս վարուելով կ՚ուզէ, որ մենք ինքնավստահութիւն ձեռք ձգենք՝ հոգեւոր ինքնավստահութիւն, որով մեր սէրը ա՛լ աւելի աճի Իր նկատմամբ, գիտնալով եւ մեր փորձով համոզուելով, որ երբ Իր սէրը ունինք մեր մէջ եւ այն զօրաւոր է, ապա ո՛չ մէկ փորձութիւն կամ դժուարութիւն կրնան յաղթահարել կամ ընկճել մեզ: Կարեւորը մենք Քրիստոսի սէրէն չբաժնուինք, աւելին՝ չկասկածինք երբեւէ Անոր սէրէն:
Պօղոս առաքեալ այս մասին կը գրէ. «Բայց այս բոլորէն ա՛լ աւելի յաղթական դուրս պիտի գանք Անոր միջոցով, ով սիրեց մեզ. որովհետեւ վստահ եմ, թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ ուրիշ բաներ, որ հիմա կան, ո՛չ գալիքները եւ ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ բարձրութիւն, ո՛չ խորութիւն եւ ո՛չ մէկ ուրիշ արարած չի կրնար բաժնել մեզ Աստուծոյ այդ սէրէն, որ կայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով» (Հռ 8.37-39):
Կառչինք Քրիստոսէն, սիրենք զԻնք մեր ամբողջ էութեամբ, վստահ ըլլալով, որ «եթէ սէրը վերցուի մարդկութենէն, կը վերածուի կոյր մարդկութեան, որ վտանգաւոր է, որովհետեւ սէրն է, որ ամէն ինչ կ՚ընէ: Սուրբ հայրերը սէրը առաքինութիւններուն հիմքը կը կոչեն: Կեանքիդ մէջ չես կրնար որեւէ մէկ առաքինութիւն ձեռք բերել առանց սիրոյ: Սէրն է հիմքը» (Հայր Եուսէֆ Տաուտ): Ուրեմն, ամուր մնանք այդ սիրոյ մէջ, որպէսզի մեր կեանքը առաքինազարդ դառնայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
20 փետրուար 2026, Վաղարշապատ