ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ (1676 - 1749)
Եկեղեցական եւ մշակութային գործիչ, գիտնական, հայագէտ եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին ծնած է 1676 թուականի փետրուարի 7-ին, Սեբաստիոյ մէջ:
Նշենք, որ այս տարի Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակն է:
Աւազանի անունով Մանուկը իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Սեբաստիայի Ս. Նշան վանքէն ներս, 1685-1691 թուականներուն: Սարկաւագ ձեռնադրուելով ստացած է Մխիթար անունը: Երիտասարդ տարիքէն նպատակ ունեցած է կրօնական միաբանութիւն մը հիմնել, որ զբաղէր հայ ժողովուրդի, հոգեւոր, մշակութային եւ իմացական կարիքներով:
1691-92 թուականներուն ուսանելու նպատակով եղած է Սուրբ Էջմիածին եւ անկէ անցած է Սեւանի կղզիի վանքը, ուր տեսած է Աստուածամօր տեսիլքը, որու շնորհիւ ամրապնդուած է իր մօտ միաբանութիւն հիմնելու որոշումը. Սեւանի վանքէն ալ անցած է Կարինի վանք:
1695-ին գացած է Բերիա (ներկայիս՝ Հալէպ), ուր ծանօթացած է կաթոլիկ միսիոնարներու:
1696-ին կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած:
1699-ին Կարմիր վանքէն ներս, ուր որոշ ժամանակ մը զբաղած է դպիրներու կրթութեամբ, ստացած է վարդապետական աստիճան:
Այս տարիներէն սկսեալ հրապարակաւ խոստովանած է իր կաթողիկէութիւնը։
8 սեպտեմբեր 1700-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իր ընկերակիցներուն հետ միասին հիմնած է միաբանութիւն մը, որ կոչած է Սուրբ Անտոն Աբբայի միաբանութիւն: Նոյն այս միաբանութիւնը իր ննջումէն ետք պիտի վերակոչուէր Մխիթարեան, ի յիշատակ Մխիթար Սեբաստացիի: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մեծ էր լարուածութիւնը ընդմէջ Լատին եկեղեցւոյ հակուածներուն եւ անոնց, որոնք չէին բաժներ անոնց գաղափարները, մինչեւ իսկ արիւնալի բախումներու հասնելով, որով Սեբաստացին եւ իր ընկերակիցները փախուստի դիմած են դէպի Յունաստան, Վենետիկի իշխանութեան տակ գտնուող Մորէա՝ Պեղոպոնէս թերակղզի:
1703-ին արտօնութիւն ստացած է վանք հիմնելու եւ 1706-ին նոյն թերակղզիի Մեթոն բերդաքաղաքին մէջ ձեռնարկած է վանքի մը շինութեան: Նոյն թուականին միաբանութիւնը՝ Մխիթարի գլխաւորութեամբ գումարած է ժողով մը, որու ընթացքին մշակուած է միաբանութեան կանոնադրութեան նախագիծը՝ Սուրբ Անտոնի կանոններուն, ինչպէս նաեւ սուրբ հայրերու խրատներուն, վկայագրութիւններու վրայ, ընդունելով Սուրբ Պենետիքտոսի կանոնը որպէս հիմք՝ Հռոմի Սուրբ Աթոռէն հաստատումը ստանալու համար։
1712-ին Հռոմի պապը պաշտօնապէս ճանչցած է միաբանութիւնը եւ Մխիթար Սեբաստացիին «աբբահայր» կոչում շնորհած է:
1715-ին Յունաստանի մէջ հաստատուած միաբանութիւնը օսմանեան յարձակումներէն խուսափելով, տեղափոխուած է Վենետիկ:
1717-ին Վենետեիկի Ծերակոյտը Մխիթարի եւ իր ընկերակիցներուն թոյլատրած է հաստատուիլ Վենետիկի մէջ, որպէս արեւելեան կրօնաւորական հաստատութիւն՝ համաձայնելով, որ անոնք վարձակալեն Ս. Ղազար կղզին, ուր մինչեւ այսօր Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգները կը շարունակեն գործունէութիւն ծաւալել։
Ս. Ղազարի մէջ Սեբաստացին վանք կառուցած է, ինչպէս նաեւ բացած է դպրանոց մը եւ համալսարան, ուր պատրաստած է հոգեւոր եւ մշակութային գործիչներ: Հիմնած է նաեւ մատենադարան ու հրատարակած է շուրջ յիսուն հատոր գիրք, որոնց մէկ մասը ինքնագիր:
Աբբահայր Մխիթար Սեբաստացին ի Տէր ննջած է 1749 թուականի ապրիլի 27-ին, Ս. Ղազարի մէջ:
Ս. Ղազարի մէջ Մխիթար Աբբահայրը ծաւալած է մատենագիտական գործունէութիւն, հեղինակած է գիրքեր եւ կատարած է թարգմանութիւններ: Իր հրատարակած աշխատութիւններէն են՝
«Դուռն քերականութեան աշխարհաբար լեզուի» (1727), դասագիրք, «Տաղարան» (1727), «Քերականութիւն գրաբար լեզուի հայկազեան սեռի» (1730), «Տոմար կարճառօտ» (1733), «Մեկնութիւն գրոց ժողովողին» (1736), «Մեկնութիւն Մատթէի» (1737), «Քրիստոնէական վարդապետութիւն» (1737), «Բառգիրք Հայկազեան լեզուի» (երկու հատոր) Ա. հատ. (1749), Բ. հատ. (1769), «Ձայն Քրիստոսի եւ հաւատացեալ հոգւոյն» (1753), «Խոկումն վարուց» (1753):
Բազմաթիւ ձեռագիրներու համեմատութեամբ հարատարակած է Աստուածաշունչ մը (1733-35):
Կազմած է նաեւ «Աւետեաց երկրի աշխարհացոյցը»:
***
Դանիէլ Վարուժանը Մխիթար Սեբաստացիին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը գրած է «Մխիթար Աբբայ» վերանգիրով, զոր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.
Խորունկ ձոր մ՚էր՝ ամլութեան տակ պըրկըւած.
Անկէ գետակ մ՚հառաչելով կը սահէր,
Որուն ջուրէն խըմող բոյս չէր մընացած.
Կ՚աղտոտէին իր մաքրութիւնն աւերներ:
Լեռը, աջ դին, ցուրտ լըռութեամբ, մութին մէջ.
Կը բարձրանար ելեւէջող սեպերով.
Գլուխը մինչեւ երկնի աստղերը անշէջ՝
Վար կը նայէր հեգնութեամբ լուռ, անվըրդով:
Ա՛ն, մեծ արծիւն իտէալի, մըտածման,
Ըստորոտն էր, նըպատակին աչքն յառած.
Ա՛ն, որ այնքան մօտ նըշմարեց ապագան,
Եւ սերունդին գալիք՝ շինեց լուսազգեաց
Փառքի պըսակն…
Ա՛ն, որ երկար դարերու
Հետ կը խօսի - պիտի երբեք չը մեռնի:
Ամէն բարձունք, ըստուերին մէջ ահարկու,
Իրեն կ՚նայէր, իրեն կուրծքին հոլանի:
Քովէն կ՚անցնէր Մարդկութիւն մ՚իր՝ նոր եւ հին
Հեծկըլտանքով. եւ արցունքովն այն գետակ
Կ՚աճէր, կ՚ուռէր… Ան նայեցաւ այդ Խումբին,
Եւ որպէսզի անոր դարձնէ նախնի փառք,
Գութով մը լի՝ դըրաւ դաստակը ժայռին.
«Վե՜ր, վե՜ր, ըսաւ, հո՛ն, դէպ կատար, ցըրուի՜ն թող
Խօլ ըստուերներ. հոն տեղ միայն կը կարմրին
Պըտուղներ, հո՛ն լուսնակն, արփին լուսացող
Լոկ կը քամուին…
Հոն՝ կեանքն երբեք չ՚արտասուեր,
Եւ արեւուն արդար համբոյրն է՝ բեղուն»:
Ելաւ, ելաւ. ոտքին ներքեւ լըքումներ՝
Եւ հոգւոյն մէջ յոյսն հաւատքով թաթաղուն:
Ելաւ, ելաւ. սուրբ քըրտինքով խոխոմցաւ
Կուրծքը լերան, եւ իրենն ալ՝ վէրքերով,
Ուրկէ յետոյ լոյս պիտ՚ բըխէր, եւ հոգեգրաւ
Իր օրէնքներ դըրոշմըւած սուրբ սիրով:
Քաջալերուած Եղիցիով՝ վերջապէս
Գըրկեց լերան կատարն, ու հոն՝ խելացի
Կամքին դափնին դըրաւ՝ յետոյ ան գոչեց
Յաղթանակով. նըպատակս ա՛լ գըրկեցի:
…
Եւ մութ լեռները դողալով ձայն տըւին.
Նըպատակս ա՛լ գըրկեցի: Հոն, ա՜լ յաղթեց
Լոյսը՝ ճընշող ըստուերուն այն ձորին,
Ու մխիթարանք գըտան սըրտեր լալահեղց:
Աշխարհ մը մեծ, ապշած, անոր նայեցաւ՝
Որ մինչեւ ցարդ գլուխը կըծկած կը խիթար.
Եւ Անին ալ գերեզմանէն, մեծ անձկաւ,
Շեշտ վեր կանգնած գոչեց. կեցցէ՜ Մխիթար …
Կեցցե՜ս Մխիթար, կանգնիչ լուսոյ կոթողի,
Կեցցե՜ս Մխիթար, դու մեզ հանգիստ կազմեցիր
Մինչդեռ բաժին քեզ եղաւ վի՛շտը լեղի.
Ուղիղ դիտմանըդ դէմ՝ նենգանքը զազիր:
Դու ցըցուցիր ծեր Արեւելքը՝ Մուտքին.
Եւ Կրօնքին հետ խեղճ Ազգութիւնը՝ ոսկեայ
Միակ լըծով պինդ լըծեցիր. եւ մէկին՝
Մըխիթարէ՛, ըսիր, միւսին ալ՝ Յուսա՛…
10 յունիս, 1903
***
Իսկ հիմա մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մխիթար Աբբահօր ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Այսպէս, «Խրատ քարոզչաց»ի մէջ կը կարդանք.
Ընկերդ քեզմէ լաւ համարէ, ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ սիրտով. ներէ անոր եւ սխալները գաղտնի պահէ: Միաբանութեան բարգաւաճումին ու զարգացումին համար, Աբբահայրը իր վեցամսեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին պէտք է անձամբ այցելէ միաբանութեան բոլոր կեդրոնները: Աբբահայրը, որպէսզի կարենայ լաւագոյն կերպով ղեկավարել միաբանութիւնը, պէտք է առիթներ ստեղծէ իւրաքանչիւր միաբանի հետ անձամբ հանդիպելու եւ խօսի անոնց հետ, քաջալերէ, հայրաբար առաջնորդէ այնպէս, որ բոլոր ալ զգան, թէ մէկ ընտանիքի կը պատկանին: Պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ հիւանդներուն եւ մեծահասակներուն, պէտք է ապահովէ անոնց վիճակը եւ միջավայրը: Միաբանութեան կրթական կեդրոնի տնօրէնը պէտք է կանոնաւոր կապեր հաստատէ Աբայական ղեկավարութեան հետ, պէտք է եռամսեայ հաշուետուութիւն ներկայացնէ իրենց կատարած գործունէութեան մասին: Միաբանութեան մէջ կատարուած ծանր յանցանքներու մասին, այն է՝
Ա) Առանց ղեկավարութեան տեղեակ պահելու հեռանալ միաբանութենէն երկու ամիսով ու չներկայանալ:
Բ) Ծանր գողութիւն եւ թալան:
Գ) Աշխարհիկ մարդոց բողոքել միաբանութեան մասին:
«Խոկումն վարուց»ի մէջ կը կարդանք.
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Ամէն:
Սաղմոս
Ըսի, թէ կը խոստովանիմ մեղքերս եւ Դուն թողութիւն կու տաս իմ մեղքերուս ամբողջ ամբարշտութեան [Սղ 31.5]:
Ապա թուէ՛ մեղքերդ եւ մտածէ անոնց մասին ու ապա ըսէ՛:
Ո՜վ հոգիս մաքրագոյն Փեսայ՝ Յիսուս. ահաւասիկ առջեւդ եմ ու չեմ կրնար նայիլ Քեզի, որովհետեւ մեղքրես կուրցուցին աչքերս: Եւ երանի՜ թէ կարենայի իմանալ կուրութիւնս, որով միշտ ցաւէի ու ինծի դեղ առնէի Քու արեանդ քրիտինքները, որ ինծի համար հեղեցիր: Որովհետեւ անոնցմոց աչքերս կը տեսնէին զիս, թէ ինչպէ՛ս եւ քանի՞ մոլորութեամբ ծառայած եմ մարմինին, աշխարհին ու սատանային: Եւ ապա Քեզ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչքա՜ն սիրով ու չարչարանքներու կրումով եւ ցաւերով ծառայած ես ինծի: Բայց կուրցած եմ եւ չեմ կրնար ճանչնալ ինքզինքս: Արդ, նայէ՛ ինծի այցելու Փրկիչ եւ աչքերուս դեղ տուր՝ դնել արեանդ քրիտինքները, որով տեսնեմ մեղքերէ եւ այլեւս մեղքերու մահուան մէջ չննջեմ: Տէ՜ր, մի՛ ձգեր զիս, որ Կարողդ ես, որովհետեւ իմ սիրոյս համար աղօթքի կեցար Հօր առջեւ Ձիթենեաց լերան վրայ եւ ցաւերովդ՝ մեղքերուս համար արեան քրտինքներ հոսեցուցիր: Արդ, աղօթքներովդ արժանացուր զիս եւ քրիտնքովդ պայծառացուր հոգիիս աչքերը, որպէսզի մեղքերս տեսնեմ: Եւ թէեւ անօրէնութիւններս շատ են եւ թոյլ չեն տար, որպէսզի իմ բոլոր մեղքերս տեսնեմ, որ այսօր գործեցի: Սակայն, գթութիւնդ անչափ է եւ ոչ ոքէ կը գարշիս: Ատոր համար համարձակելով կը մաղթեմ, տո՛ւր ինծի գոնէ այնքան լոյս՝ որպէսզի իսկապէս ինքզինքս կոյր ճանչնամ եւ ամէն տեսակի մոլութիւններ ունեցող: Որովհետեւ, Դո՛ւն, Տէ՜ր, ո՛չ թէ հիւանդները, այլ՝ իրեն հիւանդութիւնը ճանչցողները կը բժշկես: Ո՛չ թէ կոյրերը, այլ՝ իրենց կուրութիւնը գիտցողները կը լուսաւորես: Ո՛չ թէ մեռելները, այլ՝ իրենց մեռելութիւնը տեսնողները կը յարուցանես: Ո՛չ թէ յիմարները, այլ՝ իրենց յիմարութիւնը ճանչցողները իմաստութիւն կը դարձնես: Ո՛չ թէ մեղաւորները, այլ՝ իրենց մեղքերը իմացողները կ՚արդարացնես եւ կ՚արժանացնես ամենամեծ փառքիդ, որ օրհնեալ ես Հօր եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ յաւիտեանս: Ամէն («Խոկումն վարուց», շարադրեալ ի Մխիթարայ Աբբայէ Մեծէ, բ. տպագրութիւն, 1810, Վենետիկ, էջ 11-14. աշխարհաբարի վերածեց՝ Վ. Ք.):
«Ձայն Քրիստոսի եւ հաւատացեալ հոգւոյն» գրքոյկին մէջ կը կարդանք.
Աղօթք հաւատարիմ հոգիին, որ պէտք է Տիրոջ երկրպագէ հոգիով ու ըսէ.
Կ՚երկրպագեմ Քեզի Տէր իմ Յիսուս, որ իմ կեանքս եւ յոյսս ես ու կը խնդրեմ ամենառատ բարերարութենէդ ինծի Քու սուրբ շնորհդ տաս, որպէսզի սիրովդ սիրտս հալի եւ զմայլողական ջերմեռանդութեամբ բորբոքի հոգիս Քու սիրոյդ մէջ. որպէսզի Քու սիրովդ լուսաւորուի միտքս ճանչնալու անհուն բարերարութիւնդ, որ իմ վրաս է: Տուր հոգիիս իմաստութիւն բարւոք տրամադրելու պարգեւներդ ու ձիրքերդ, եւ խոհեմապէս շնորահակալ ըլլալ ամէն ինչի համար: Սուրբ Կոյսին միջնորդութեամբ հեղէ՛ վրաս Քու սուրբ շնորհդ, որպէսզի ամէն ինչ որ ինձմէ խնդրես ու հիմա հրամայես ինծի, յօժարութեամբ յանձն առնեմ եւ բորբոքած սիրով, եռանդով կատարեմ հրամաններդ. եւ ծածկէ՛ զիս թեւերուդ հովանիին տակ ո՜վ Յիսուս:
Քաղցր եւ համեղ անուն Յիսուս,
կեանք եւ Փրկիչ յոյս իմ Յիսուս:
Լուսատու ակը հոգիիս Յիսուս,
սիրտիս անթառամ վարդ Յիսուս:
Կեանքի աղբիւր եղիր ինծի Յիսուս,
սիրովդ զօվացուր զիս Յիսուս:
Բա՛ց բերանս դէպի Քեզ Յիսուս
եւ լսէ խօսքերս Դուն Յիսուս:
Զիս քաշէ դէպի Քեզ Յիսուս
եւ մի՛ ձգեր զիս Տէր Յիսուս:
Սիրտս Քեզի կու տամ հիմա Յիսուս,
ա՛ռ ու պահէ Քու մօտդ Յիսուս:
Հոգիս մաքրէ շնորհքովդ Յիսուս
եւ բնակէ Դուն այնտեղ միշտ Յիսուս:
Սիրտս բուրվառ ըրէ Յիսուս
եւ սէրդ այնտեղ որպէս կրակ դիր Յիսուս:
Սէրս իբրեւ խունկ ըրէ Յիսուս
եւ հոտոտայ Դուն միշտ Յիսուս:
Սէրս կապէս Քեզի Յիսուս
եւ հոգիս փեսայ եղիր Յիսուս, Յիսուս, Յիսուս, Յիսուս, Յիսուս:
Տէր իմ եւ Աստուած իմ Դուն Յիսուս, իմ մաքուր հոգիիս Փեսայ եւ սիրելի Սուրբ. սէրս սիրոյդ կապակցէ անխզելի կապանքներով, որպէսզի ասկէ ետք սիրտս այլեւս չզատուի Քեզմէ, որով կը մատուցեմ Քեզի փառք Հօր՝ Քու ծնողիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ՝ էակցիդ հետ, հիմա եւ յաիտեանս: Ամէն («Ձայն Քրիստոսի եւ հաւատացեալ հոգւոյն», շարադրեալ ի Մխիթարայ Աբբայէ Մեծէ, բ. տպագրութիւն, 1810, Վենետիկ, էջ 16-18. աշխարհաբարի վերածեց՝ Վ. Ք. ):
«Գիրք քրիստոնէականի վարդապետութեան» աշխատասիրութիւնը հարցում-պատասխանի ձեւով գրած է Աբբահայրը, ուր քրիստոնէական կեանքի զանազան երեսակներ շօշափած է: Գիրքին մէջ նաեւ Աբբահօր հեղինակած տաղերն ալ տպագրուած են: Կու տանք մի քանի հարցում-պատասխաններ.
* Հարցում. Ով որ չէ մկրտուած եւ չ՚ուզեր մկրտուիլ, ի՞նչ կ՚ըլլայ այդպիսիին:
Պատասխան. Այդպիսին քրիստոնեայ չէ եւ Քրիստոսի հետ մաս ու բաժին չունի եւ ատով դէպի կորուստ կ՚երթայ եւ փրկութեան չի՛ հասնիր:
Հ. Դուն սկիզբէն այս աշխարհին մէջ չկայիր եւ հիմա որ կաս, ո՞վ ստեղծած է քեզ եւ այս աշխարհ բերած, եւ ինչո՞ւ համար ստեղծած է:
Պ. Զիս Աստուած ստեղծած է ամենակարող զօրութեամբ եւ այս աշխարհ բերած է ու այն պատճառով ստեղծած է, որ այնքան ատեն որ ողջ եմ՝ միշտ բարեգործութեան հետ ըլլամ ու Իր օրէնքներն ու պատուիրանները պահեմ, իսկ երբ մեռնիմ՝ զիս Իր Արքայութիւնը տանի Իր ողորմութեամբ, որպէսզի այնտեղ ամէն բարութիւն, ամէն խնդութիւն եւ փառք վայելեմ առանց մեռնելու յաւիտեան:
Հ. Այդ Արքայութիւնը ո՞ւր է եւ ինչպէ՞ս է:
Պ. Արքայութիւնը երկինքի մէջ է, շատ մեծ է եւ պայծառ լուսաւոր տեղ մըն է, եւ բոլոր սուրբերն ու Աստուածածին Կոյսը, ինչպէս նաեւ հրեշտակները այնտեղ են, եւ Աստուծոյ տեսութիւնը կը վայելեն. նաեւ Քրիստոս մեր Տէրը, որ Իր մարմինով այնտեղ է՝ Անոր տեսութիւնն ալ կը վայելեն: Այսպէս, ով որ Արքայութիւն կ՚երթայ, Աստուծոյ տեսութեամբ շատ կը զմայլի եւ Քրիստոսի մարմինին տեսութեամբ շատ կ՚ուրախանայ. տակաւին, բոլոր սուրբերուն, Սուրբ Աստուածածինին եւ հրեշտակներուն ընկերակից ըլլալով՝ շատ կը ցնծայ: Այսպէս, ամէն տեսակի բարիք կը վայելէ եւ ամէն տեսակի ուրախութիւն ու խնդութիւն կ՚ունենայ, շատ-շատ աւելի քան թագաւոր մը կ՚ունենայ այս աշխարհի վրայ: Այսպիսի Արքայութիեան ճանապարհը Քրիստոս մեր Տէրը բացաւ մեզի եւ Քրիստոսի արդեամբ եւ շնորհքով կրնանք Արքայութիւն երթալ ու ո՛չ թէ մեր արժանաւորութեամբ («Գիրք քրիստոնէականի վարդապետութեան», շարադրեալ աշխարհաբար լեզուաւ, աշխատասիրութեամբ տեառն Մխիթարայ Վարդապետի Սեբաստացւոյ, Աբբայ հայ կոչեցելոյ, 1771, Գ. տպագրութիւն, Վենետիկ, էջ 10-12. աշխարհաբարի վերածեց՝ Վ. Ք.):
Հ. Որո՞նք են այն մեղքերը, որոնք Սուրբ Հոգիին դէմ են:
Պ. Այս վեցն են. յանդգնութիւն. յուսահատութիւն. ընդդիմանալ ճշմարտութեան. նախանձ եղբօր բարիքին դէմ. խստասրտութիւն եւ ի սպառ անզղջութիւն:
Հ. Տեղն ու տեղը մեկնէ ինծի, թէ ի՞նչ են ասոնք:
Պ. Յանդգնութիւնը այն է, որ մարդ մը բարիք գործելու փոյթ չունի եւ չի՛ գործեր, ու միտքին մէջ կը դնէ, թէ ինք այդպէս մնալով կը փրկուի:
Յուսահատութիւնը այն է, որ մարդ մը իր մեղքերը մտաբերելով իր յոյսը կը կտրէ Աստուծոյ ողորմութենէն ու կ՚ըսէ, թէ այլեւս ինծի փրկութեան ճար չկայ:
Ընդդիմանալ ճշմարտութեան այն է, որ մարդ մը ուրիշի մը խօսածը կամ գործածը թէեւ գիտէ, որ ճշմարիտ է ու լաւ, սակայն սիրտին չարութեան պատչառով, կը հակառակի ու կ՚ըսէ, թէ սուտ է եւ վատ:
Նախանձ եղբօր բարիքին դէմ այն է, որ մարդ մը գիտէ, թէ իր ընկերը կամ եղբայրը իր ունեցած բարութիւնը Աստուծմէ առած է, բայց կը նախանձի, կամ միտքին հաւանութեամբ եւ կամ բերանով կ՚ըսէ, թէ ինչո՞ւ Աստուած այդ բարիքը անոր տուած է, կամ ինչո՞ւ ան Աստուծոմէ այդպէս բարութիւն առած ըլլայ. ասով կը տրտմի ու կը ցաւի եւ կ՚ուզէ, որ այն բարին ընկերոջմէն վերանայ, որպէսզի իր սիրտը հանգչի եւ ուրախանայ:
Խստասրտութիւնը այն է, որ մարդ մը երբ մեղքերու մէջ է, սիրտը կը քարացնէ եւ չ՚ուզեր զղջալ մեղքերէն:
Ի սպառ անզղջութիւնը այն է, որ մարդ մը մահու չափ մեղքի մէջ է եւ միտքին մէջ այնպէս դրած է, որ բնաւ պիտի չզղջայ այդ մեղքէն, այլ՝ անզեղջ պիտի մնայ ու այդպէս մեռնի:
Այս մեղքերը շատ մեծ չարիք են եւ Աստուծոյ բարութեան, ճշմարտութեան եւ ողորմութեան հակառակ. այդ պատճառով, պէտք է որ մարդը շատ զգոյշ ըլլայ այս մեղքերէն, որպէսզի Սուրբ Հոգիին հակառակ չըլլայ ու մեծ դժուարութեան մէջ չիյնայ, քանի որ այս մեղքերուն դժուարութեամբ թողութիւն կ՚ըլլայ (նոյն, անդ էջ 94-96. աշխարհաբարի վերածեց՝ Վ. Ք.):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ