ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ՎՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Global Talks III» խորագրեալ միջվարժարանային ձեռնարկ մը: Համայնքային լիսէներու աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս նախաձեռնութեան, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան անգլերէնով՝ ի ցոյց դնելով հրապարակախօսական իրենց հմտութիւնները: Անոնք զանազան նիւթերու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները արտայայտեցին անգլերէնով, ինչ որ արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն՝ մանաւանդ, որ անոնց գաղափարները պաշտպանելու ընդունակութիւններն ալ ի յայտ եկան այս ձեռնարկի ընթացքին:

Եզրափակիչ փուլին գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ դպրոցի տնօրէնը՝ Սերքան Քըյըճը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026