ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը ռազմավարական ճատրակի խա՞ղ մը յառաջ կը տանին, թէ դէպի մեծ պատերազմ մը կ՚ընթանան: ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժուար որոշման մը դէմ յանդիման է՝ մինչ կը պատրաստուի այցելել Չինաստան: 

Արդեօք ԱՄՆ ի վերջոյ պիտի հարուածէ՞ Իրանի դէմ։ Եթէ այո՛, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այս փուլին։ Արդեօք որոշումը պայմանաւորուա՞ծ է միմիայն տարածաշրջանային իրադարձութիւններով, թէ նաեւ ներքին քաղաքական հաշիւներ կը խառնուին հաւասարումին մէջ։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նման քայլով մը կը փորձէ ցրել իր վարչակազմին շուրջ կուտակուած ներքին լարուածութիւնները, քաղաքական քննադատութիւններն ու ընտրական ճնշումները։ Եւ կամ ընդհակառա՞կն՝ արտաքին ճակատի վրայ ուժի ցուցադրութիւնը կը դիտուի կանխարգելիչ քայլ՝ վերահաստատելու համար ամերիկեան գերակայութիւնը եւ զսպելու Իրանի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը։

Ի՞նչ պիտի շահի Ուաշինկթըն «սպասուած» հարուածներէն։ Արդեօք, սահմանափակ, բայց ուժգին օդային գործողութիւն մը կրնա՞յ փոխել Թեհրանի ռազմավարական հաշիւները եւ զայն մղել բանակցային սեղան վերադառնալու՝ աւելի թոյլ դիրքերով։ Թէ նման քայլ մը, ընդհակառակն, կը խստացնէ՞ Իրանի դիրքորոշումը եւ կը խթանէ ազգային համախմբումը իշխանութեան շուրջ։ ԱՄՆ կը ձգտի միա՞յն զսպումի քաղաքականութեան, թէ երկարատեւ ճնշման նոր փուլի մը սկիզբը պիտի դրուի։

Եւ աւելի կարեւորը՝ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ Իրանի հակազդեցութիւնը։ Արդեօք Թեհրան պիտի բաւարարուի՞ ուղղակի հրթիռային կամ անօդաչու հարուածներով Իսրայէլի քաղաքներուն դէմ, ինչպէս լարուած պահերու ընթացքին նախապէս եղած է, թէ ոչ պիտի ընտրէ բազմաճակատ պատասխան մը՝ դաշնակից ուժերու միջոցով Լիբանանի, Սուրիոյ կամ Իրաքի ճակատներուն վրայ։ Հիւրմիւզի նեղուցի անվտանգութիւնը պիտի դառնա՞յ ճնշման նոր լծակ։ Նաւթային շուկաները եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը պիտի ցնցուի՞ն։

Արդեօք այս բոլորը պիտի խառնե՞ն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը, որ առանց այդ ալ արդէն փխրուն եւ անհանգիստ վիճակի մէջ է։ Թէ կողմերը պիտի փորձե՞ն պահել բախումը վերահսկելի սահմաններու մէջ՝ խուսափելով լայնածաւալ պատերազմէ մը։ Սահմանափակ հարուած մը կարելի՞ է սահմանափակուած պահել, երբ տարածաշրջանը փոխկապակցուած ուժային ցանցերու վրայ կը գործէ։

Այս հարցադրումները ի յայտ կը բերեն հիմնական երկընտրանքը. արդեօք ներկայ իրադարձութիւնները կը միտին դէպի կարճատեւ ցուցադրակա՞ն բախումի մը, թէ կը սահին դէպի աւելի լայն ու անկանխատեսելի դիմակայութիւն։ Պատասխանը կախեալ է ո՛չ միայն Ուաշինկթընի որոշումներէն, այլեւ Թեհրանի ռազմավարական համբերութենէն եւ ամբողջ տարածաշրջանի նուրբ ուժային հաւասարակշռութենէններէն: Վերջին տուեալները կը խօսին հարուածի մը անխուսափելիութեան մասին: 

«The New York Times»ը՝ ամերիկացի պաշտօնատարներու յղում ընելով կը հաղորդէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի արագացուած ռազմական կուտակումը հասած է այն փուլին, ուր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կանգնած է կարճ միջոցի մը ընթացքին Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան ձեռնարկելու ընտրանքի անխուսափելիութեան առջեւ։ Այսպէս, Իսրայէլի ուժերը սաստկացուցած են իրենց պատրաստութիւնները՝ Իրանի հետ ռազմական բախումի մը հաւանականութեան լոյսին տակ՝ մինչ տարածաշրջանային լարուածութիւնը կը բարձրանայ։ Նոյն ծիրին մէջ նշուած է, որ «Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիր ռազմանաւը եւ անոր ուղեկից երեք կործանիչներ կրնան շաբաթավերջին կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը հասնիլ Միջերկրական։ Ըստ տեղեկութիւններուն, սկզբնական փուլին անոնք պիտի խարսխեն Իսրայէլի ափերուն մօտ՝ Թել Աւիւի եւ այլ քաղաքներու պաշտպանութիւնը ամրապնդելու նպատակով։

Ըստ պաշտօնատարներու մէջբերումներուն՝ Իսրայէլի մէջ կը կատարուին նախապատրաստութիւններ՝ ԱՄՆ-ի հետ համատեղ Իրանի դէմ հաւանական հարուածներու համար, թէեւ վերջնական որոշում մը տակաւին չէ առնուած։ Կը խօսուի նաեւ քանի մը օր տեւելիք ուժգին հարուածի հաւանական ծրագիրներու մասին՝ Իրանը մղելու համար բանակցային սեղանի շուրջ զիջումներու։ 

Միւս կողմէ, «CBS News»ը կը հաղորդէ, որ ըստ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ Իրանի դէմ հնարաւոր հարուած մը կրնայ սկսիլ շուտով, տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան եւ զինուորական զարգացումներու սաստկացումով։ Սակայն, նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ առած Իրանի վրայ յարձակելու համար եւ ռազմական այլընտրանքները կը շարունակեն քննարկուիլ ամերիկեան վարչակազմին մէջ։

Վերոյիշեալ տեղեկութիւնները, որոնք կը վերագրուին «The New York Times»ին եւ «CBS News»ին, կը մատնանշեն ո՛չ միայն ռազմական շարժեր, այլեւ քաղաքական ճնշման մտածուած ռազմավարութիւն մը։ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ռազմական արագ կուտակումը, օդանաւակիրներու եւ ռազմածովային ուժերու տեղաշարժը Թրամփի առջեւ կը դնեն իրական ընտրանք մը՝ ռազմական գործողութեան դիմելու կամ այդ սպառնալիքը՝ իբրեւ բանակցային լծակ օգտագործելու միջեւ։ Այս փուլին աւելի հաւանական կը թուի, թէ Ուաշինկթըն կը փորձէ ուժի ցուցադրութեամբ ճնշում բանեցնել Թեհրանի վրայ՝ զայն մղելով զիջումներու՝ քան անմիջապէս լայնածաւալ պատերազմի մը սկսելու։

Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի պատրաստութիւններու սաստկացումը ցոյց կու տայ, որ խնդիրը միայն երկկողմանի չէ։ Եթէ համատեղ հարուածի մը բեմագրութիւնը իրականանայ, ապա բախումը կրնայ արագօրէն ընդարձակուիլ եւ ներքաշել այլ դերակատարներ, ինչ որ ամբողջ տարածաշրջանը կը մատնէ անկայունութեան նոր փուլի մը։ Իրան, իր կարգին, կրնայ պատասխանել ո՛չ միայն ուղղակի, այլեւ անուղղակի միջոցներով՝ օգտագործելով դաշնակից ուժեր եւ ճնշման այլ միջոցներ, ինչ որ վտանգաւոր շղթայական հետեւանքներու կը տանի։ Այս համայնապատկերը կը յուշէ, որ ներկայ իրադարձութիւնները աւելի շատ ուժի լեզուով հաղորդագրութիւններ են՝ քան վերջնական որոշումներ։ Սակայն, երբ զինուորական ուժերը արդէն մօտեցած են գործողութեան գիծին եւ հռետորաբանութիւնը կը սաստկանայ, սխալ հաշուարկի մը հաւանականութիւնն ալ կը մեծնայ։ Այդ պարագային դիւանագիտական պատուհանը կրնայ արագօրէն փակուիլ եւ ճնշման քաղաքականութիւնը անսպասելիօրէն կրնայ վերածուիլ բախման։

Ամերիկեան զօրքերու ընդհանուր պատկերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ թէեւ լուրջ է, բայց, ոչ աննախադէպ… Մերձաւոր Արեւելքը կը տատանուի հաւանական համաձայնութեան եւ մօտալուտ պատերազմի միջեւ՝ այն բանէն ետք, երբ Թրամփ տեղեկացուած է ամերիկեան զօրքերու պատրաստուածութեան մասին։ Ըստ հաղորդումներու՝ Սպիտակ տան ներքին քննարկումները կը շարունակուին՝ քաղաքական ու ռազմական հետեւանքներու մանրակրկիտ գնահատումով։ Իր կարգին, «The Wall Street Journal» կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ շարունակած է ժամանակակից կործանիչներ՝ «F-35» եւ «F-22» տեղափոխել տարածաշրջան։ Միւս կողմէ, նոր օդանաւակիր մը՝ հարուածային եւ ելեկտրոնային պատերազմի օդանաւերով, ճանապարհին է դէպի տարածաշրջան։ Օդային հրամանատարութեան եւ վերահսկման օդանաւեր եւս կը տեղակայուին, ինչպէս նաեւ վերջին շաբաթներուն շարժման անցուած են հակաօդային պաշտպանութեան լրացուցիչ համակարգեր։

Այս կուտակումը ԱՄՆ-ին կու տայ շաբաթներու երկարութեամբ շարունակական օդային պատերազմի մը տարբերակը՝ Իրանի դէմ եւ ո՛չ թէ միայն սահմանափակ, մէկանգամեայ հարուածի մը՝ ինչպէս եղած էր 1991-ի «Անապատի փոթորիկ» գործողութեան կամ 2003-ին Իրաք ներխուժման նախօրէին։ 

Վերջին օրերուն ամերիկեան ռազմաօդային ուժերը տասնեակ կործանիչներ ու օժանդակ օդանաւեր փոխադրած են Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ զանազան ռազմակայաններ։ Անոնց շարքին են գերժամանակակից կործանիչներ, նախազգուշացման եւ վերահսկման օդանաւեր, հաղորդակցութեան հարթակներ, նաեւ վառելանիւթի մատակարարիչ օդանաւեր։

Ծովային ճակատին ԱՄՆ ներկայիս ունի 13 ռազմանաւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրականի արեւելքին մէջ՝ ներառեալ «Աբրահամ Լինքոլն» օդանաւակիրը եւ ինն հրթիռահակազդիչ կործանիչներ։ Կրկնենք՝ «Ճերըլտ Ֆորտ» եւ անոր մարտական խումբը եւս դէպի տարածշրջան կը շարժին։ Այնուամենայնիւ, ներկայ կուտակումը զգալիօրէն աւելի սահմանափակ է՝ նախորդ լայնածաւալ պատերազմներուն համեմատ։

Այսօր պայմանները տարբեր են. ամերիկեան ռազմաօդային ուժը աւելի փոքր է, ցամաքային լայնածաւալ ուժեր չկան եւ միջազգային մեծ դաշինք մը չէ ձեւաւորուած։ Բաց աստի, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները դուրս դրած են իրենց օդային մարզերը ամերիկեան հաւանական հարուածներու համար օգտագործումէն: Ամերիկեան կործանիչներու զգալի մասը կը գտնուի Յորդանանի մէջ։ 

Միեւնոյն ժամանակ, ռազմական արհեսավարժութիւնը զգալիօրէն զարգացած է՝ ճշգրիտ հարուածներու կարողութիւն, գաղտնաթռիչքային համակարգեր եւ հեռահար ռմբակոծիչներ կը թոյլատրեն գործողութիւններ իրականացնել նոյնիսկ ԱՄՆ-ի տարածքէն կամ Հնդկական ովկիանոսի ռազմակայաններէն։ Ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ թէեւ ներկայ կուտակումը պատմական չափերով ամենամեծերէն մէկն է 2003-էն ի վեր, սակայն, այն տակաւին չի հասնիր 1991 եւ 2003 թուականներու ամբողջական պատերազմի ծաւալին։ 

Վերոյիշեալները, երբ համադրենք ռազմական տեղաշարժերը, դիւանագիտական լռութիւնը եւ հրապարակային արտահոսքերը՝ ինչպիսիք են «The New York Times»ի, «CBS News»ի եւ «The Wall Street Journal»ի հրապարակումները, ապա կը ստեղծուի բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը, ուր պատերազմը եւ բանակցութիւնը իրարու զուգահեռ կ՚ընթանան։ Թրամփի առջեւ դրուածը, իրականութեան մէջ, միայն ռազմական որոշում մը չէ, այլեւ քաղաքական ժամանակացոյցի մը հարցն է. ե՞րբ եւ ի՞նչ չափով օգտագործել ուժի սպառնալիքը առանց ամբողջ տարածաշրջանը անկառավարելի հրդեհի մը վերածելու։

ԱՄՆ-ը առայժմ չի պատրաստուիր դասական լայնածաւալ ներխուժման, այլ աւելի կը կառուցէ ճկուն հարթակ մը՝ սահմանափակ, բայց, շարունակական օդային գործողութիւններու համար։ Ներկայ ռազմավարութիւնը կը յիշեցնէ «կարգաւորուած ճնշում»ի ձեւաչափ մը, ուր ուժը կը գործածուի որպէս քաղաքական հաղորդագրութիւն՝ նպատակ ունենալով բանակցային սեղանին շուրջ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովել։ 

Յամենայնդէպս, խնդիրը այն է, որ Իրան սովորական հակառակորդ մը չէ։ Ան ունի ո՛չ միայն պետական ռազմական ներուժ, այլեւ տարածաշրջանային դաշնակիցներու ցանց մը, որ կրնայ գործել տարբեր ճակատներու վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ նոյնիսկ սահմանափակ հարուած մը կրնայ ծնիլ բազմակէտ պատասխաններ, որոնք կը ներքաշեն Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը կամ ծովուղիները։ Հիւրմիւզի նեղուցի անվտանգութեան հարցը, նաւթային շուկաներու ցնցումները եւ համաշխարհային տնտեսական հետեւանքները այս հաւասարման անբաժան մասն են։

Միւս կարեւոր գործօնը միջազգային միջավայրն է։ 1991-ին եւ 2003-ին գոյութիւն ունէր լայն դաշինք կամ առնուազն համաշխարհային քաղաքական մթնոլորտ, ուր հանդուրժելի էին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները։ Այսօր այդպիսի համախմբում մը երեւելի չէ։ Տարածաշրջանային դերակատարներու վերապահ դիրքորոշումները եւ մեծ պետութիւններու միջեւ մրցակցութիւնը կը սահմանափակեն գործողութիւններու քաղաքական օրինականութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ամերիկեան որեւէ քայլ պիտի կրէ ո՛չ միայն ռազմական, այլեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական ծանր հետեւանքներ։ Արդիւնքը այն է, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը գտնուի նուրբ շեմի մը առջեւ։ Ուաշինկթըն կը փորձէ ուժի ցուցադրութեամբ կանխել աւելի մեծ բախում մը, բայց, ուժի կուտակումը ինքնին կրնայ արագացնել այդ բախումը, եթէ կողմերէն մէկը սխալ կարդայ դիմացինին մտադրութիւնը։ Ներկայ փուլը աւելի շատ ռազմավարական ճատրակի խաղ մըն է՝ քան բաց պատերազմ մը, սակայն, ճատրակին մէջ նոյնիսկ սխալ քայլ մը կրնայ ամբողջ տախտակը տապալել։ 

Ուրեմն, եզրակացութիւնը երկակի է: Մէկ կողմէ ներկայ կուտակումը կը թուի նախատեսուած սահմանափակ եւ վերահսկելի բեմագրութեան մը համար, այլ ոչ թէ ամբողջական ներխուժման։ Միւս կողմէ, տարածաշրջանի փոխկապակցուած բնոյթը եւ Իրանի պատասխանատուութեան բազմաշերտ ձեւերը կը մեծցնեն անկանխատեսելիութեան աստիճանը։ Հետեւաբար, առաջիկայ օրերը վճռորոշ պիտի ըլլան ո՛չ միայն ռազմական, այլեւ դիւանագիտական իմաստով։ Եթէ ուժի ցուցադրութիւնը վերածուի բանակցային նոր պատուհանի մը, ապա լարուածութիւնը կրնայ մեղմանալ։ Իսկ եթէ հաղորդագրութիւնները սխալ մեկնաբանուին, ապա պատմութիւնը կրնայ թեւակոխել նոր՝ աւելի վտանգաւոր փուլ մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026