ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը վերջերս կազմակերպեց իր հերթական համագումարը։ Վեցերորդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Կիրակի օրուան զուգադիպած էր համագումարը, որու սկսելէն առաջ միութեան անդամները Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար մասնակցեցան Ս. Պատարագի, որմէ վերջ ալ համախմբուեցան տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն կողմէ սարքուած նախաճաշի սեղաններուն շուրջ։

Ընդհանուր ժողովին ժամանակ արժեւորուեցան եւ հաւանութեան արժանացան՝ նախկին շրջանի ատենապետ Կարապետ Օրունէօզին կողմէ գլխաւորուած վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները։ Համագումարը ընտրեց նոր վարչութիւնը, որ գումարեց նաեւ իր անդրանիկ նիստը՝ ձեւաւորելով դիւանը։

Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութեան նորընտիր վարչութեան ատենապետն է Նուպար Օփան։ Վարչութեան կազմին մէջ են՝ Մէյրեմ Տելկի, Մենեքշէ Տիքթաշ, Դաւիթ Էվեափան, Դաւիթ Ասլանպաշ, Լենա Չիթելի, Ռիթա Տելկի։ Պահեստի անդամներն են Կարապետ Օրունէօզ, Մուրատ Չեքեմ, Սարգիս Պոյաճը, Ասլին Կիւրլերօղլու Էրպէք եւ Սեսիլիա Տելկի։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 26, 2026