Հինգշաբթի 26, Փետրուար 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՄԱՐՄԱՐԱ ԽՄԲԱԿ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ
Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ «Մարմարա խմբակ» հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Taş Yapı»ի մէջ։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ու Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները եւս հրաւիրուած էին այս հաւաքոյթին, որ կազմակերպուած էր՝ «Սէր եւ խաղաղութիւն» կարգախօսով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին գնահատեց կազմակերպիչ հիմնարկի երկխօսութեան ուղղեալ գործունէութիւնը։ Ի յիշատակ երեկոյթին Նորին Ամենապատուութիւնը ստացաւ նաեւ յուշանուէր մը՝ ձեռամբ դիւանագէտ եւ քաղաքական գործիչ Էկէմէն Պաղըշի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 26, 2026