ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

Մի քանի տարիներ առաջ ամբողջ մարդկութիւնը վարակած ու բազմաթի՜ւ կեանքեր խլած համաճարակը բնակա՞ն էր թէ ստեղծուած էր մարդու կողմէ՝ յստակ պատասխան մը չունի, սակայն 1920 թուականին մտածող Հալտէյն ապագայի մասին իր պատկերացումները գրած ժամանակ յատուկ բաժին մը կու տայ ապագայ կենսաբաններուն։ Ան կենսաբանը վտանգաւոր կը նկատէ, որովհետեւ անոնք կ՚ուսումնասիրեն մարդու ծնունդն ու մահը եւ կը «վերասահմանեն» կեանքը: Անցեալին մարդիկ վտանգաւոր կը նկատէին կիրքը, մոլեռանդութիւնը, սակայն հեղինակը կու գայ ըսելու, որ բանականութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ կան մտածողներ, որոնք երբեք չեն դադրիր հարցումներ տալէ եւ այդ հարցումներով կը ստեղծեն նոր խնդիրներ, նոր տագնապներ, որովհետեւ այդ հարցումները պատասխանի կը կարօտին. նման գիտնականներ կասկածի ու հարցականի տակ կը դնեն գրեթէ ամէ՛ն ինչ: Գրողը ապագայ կենսաբանները կը նմանեցնէ յունական դիցաբանութեան մէջ յիշուած Դեդալոսին, որ իմաստուն ու հանճարեղ անձ մըն էր, սակայն, իր կարողութիւնն ու միտքը կը գործածէր չարութեան համար: 

Այսօրուան գիտնականը կ՚ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս մարդ լոյս աշխարհ կու գայ. ինչպէս կեանք կ՚առնէ. միեւնոյն ժամանակ կ՚ուսումնասիրէ անոր մահը՝ հասկնալու համար ինչն է, որ մարդը դէպի մահ կ՚առաջնորդէ՝ առանց զէնքի կամ բռնութեան ուժի։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ մարդ արարած (մանաւանդ անոնք, որոնք աշխարհին իշխել կ՚ուզեն) կը ցանկայ կեանքի վերահսկողութիւնը ձեռքի մէջ ունենալ. մարդ իր ԵՍ-էն առաջնորդուած կ՚ուզէ նոր աստուած մը դառնալ, որ գիտէ թէ՛ կեանք տալ եւ թէ կեանք խլել: 

Այդ իսկ պատճառով, Հալտյէն ապագայ գիտութիւնը կը կոչէ «ողբերգական», որովհետեւ գիտութիւնը ո՛չ թէ մարդոց կեանքը բարելաւելու, այլ ոմանց «զօրութիւն»ը աւելի ամրապնդելու կը ծառայէ։ Մարդու կարողութիւնը ունի սահմաններ եւ մերօրեայ կենսաբանը, մերօրեայ մարդը այդ սահմաններէն միւս կողմ անցնիլ կը փորձէ. կ՚ուզէ իր տիրապետութեան տակ պահել մարդկութիւնը, կրօնական բարոյագիտութիւնը, քաղաքականութիւնը, մարդկային ինքնութիւնը:

Օրինակի համար, մի քանի տարիներ առաջ յայտնուեցաւ համաճարակ մը. մի քանի ամիս ետք գտնուեցաւ այդ համաճարակին դեղը։ Գուցէ այդ համաճարակն ու դեղը նոյն կենսաբանական խումբին պատրաստութիւնը ըլլայ, որովհետեւ համաճարակէն ետք բուժում ստանալու, պատուաստուելու համար մարդկութիւնը մեծամեծ գումարներ ծախսեց։ Հիւանդութիւնը ստեղծողը կը ստեղծէ նաեւ դեղը՝ որովհետեւ գիտէ անոր բաղադրութիւնն ու պարունակութիւնը եւ այսպիսով մարդկութիւնը չարչարելով շահ կ՚ապահովէ։ Հնարաւո՞ր բան է՝ այո, պատմութեան մէջ օրինակները կան. մէկը ծանօթ է որպէս «Խորհրդային Միութեան կենսաբանական զէնք» անունով։ Խորհրդային Միութիւնը ինք որոշ հիւանդութիւններ կը ստեղծէր եւ անոր տարածման կը սատարէր. ինչպէս՝ ժանտախտը, ջրծաղիկը եւ այլ հիւանդութիւններ: Նման պատմութիւն ունի Չինաստանը՝ իր յայտնի «731 բաժանում»ով, որով քաղաքացիներուն հիւանդութիւններ փոխանցելով բուժման փորձեր կը կատարէին: 

Աշխարհի երեսին այսօր պատերազմները կը շարունակուին, սակայն պատերազմները չեն, որ աշխարհի եւ մարդկութեան վերջը պիտի բերեն, կենսաբաններն են, որ վերջ պիտի տան այս աշխարհին, որովհետեւ իրենց ապագայ պրպտումներն ու հետաքրքրութիւնները պիտի ստեղծեն այնպիսի «զէնք»եր, որոնց դէմ իրենք եւս պիտի չկարենան գլուխ ելլել։ Երկիրներու միջեւ պատերազմը զէնքի ու ուժի պայքար մըն է. կենսաբանական պատերազմին մէջ սակայն կողմ գոյութիւն չունի: Գուցէ մի քանի հարիւր տարիներ ետք երկիրներ իրարու դէմ պատերազմելու համար զէնքեր, օդանաւեր ու այլ միջոցներ չի կիրառեն, կենսաբաններու կողմէ ստեղծուած մանր բջիջ մը գուցէ բաւարար ըլլայ ամբողջ բանակը ոչնչացնելու։ Այս մէկը անխուսափելի է, որովհետեւ մարդիկ անդադար կ՚ուսումնասիրեն, անդադար կը փորձեն նոր «ինչո՞ւ»ներ եւ անոնց պատասխանները ստեղծել: 

Եթէ մարդը այսօր կը յաջողի միջամտել ծնունդին, մօր եւ հօր սաղմերը առնելով նոր կեանք մը լոյս աշխարհ բերել, բնականաբար, շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարողանայ միջամտել եւ այս պարագային իշխել մարդու մահուան վրայ։ Այս գրութեան սկիզբը մտաւորականները ըսին. «Գիտութիւնը պիտի զարգանայ, սակայն մարդու կեանքը պիտի չբարելաւէ»: 

Այսօրուան մեծագոյն զէնքը գիտութիւնն է. ան կրնայ հիւանդութիւններ բուժել, եթէ ուզէ կրնայ քաղցկեղի բուժումը գտնել, եթէ ուզէ կրնայ չարաշահութեամբ մարդու արդէն իսկ ոչ-առողջ կեանքը աւելիով ապականել: Իմաստութիւնը գիտութիւն կը ծնի, իսկ գիտութիւնը՝ ուժ, իսկ այդ ուժը դարձեալ իմաստութիւն։ Անոր դրական կամ ժխտական ըլլալը կախուած է մարդկութենէն։ Սակայն 1940-ական թուականներուն եթէ չինացիները, իսկ 1970-ական թուականներուն Խորհրդային Միութիւնը գիտական սահմանափակումներով հանդերձ հիւանդութիւններ կը յաջողէին ստեղծել, ապա պատկերացուցէք, թէ ինչ կրնայ ընել 21-րդ դարու կենսաբանը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պէտք է աշխատինք, աշխատինք ու աշխատինք. պէտք է հարուստը իր դրամը, աղքատը իր ուժը, երիտասարդը իր կորովը եւ ծերունին ալ իր փորձառութիւնը բերէ մերինին միացնէ: Ազգային մեծ գործեր ազգովին միայն կարելի է գլուխ հանել:

ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 27, 2026