ՊԶՏԻԿԸ, ԱՆԱՂԱՐՏԸ, ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲՆ ՈՒ ՋԵՐՄԸ…

Պզտի­կը, ա­նա­ղար­տը, ա­մե­նա­սուրբն ու ջեր­մը ի դէմ ան­հու­նու­թեան-ան­ծայ­րաց­ման տե­ղա­տուու­թեան ու պա­հանջ­քին:

Ման­կու­թիւն քու­նե­րու
բո­լոր ա­ղօթք­նե­րուն
բա­րեւ ձեզ,
ա­հա մենք կանք ու ե­կանք։

Կը հասկ­նա՞ս մեզ Աս­տուած, երբ դուն ան­հունն ես ինք­նին կամ տիե­զե­րա­կանն է ա­մէն ինչ քու սահ­մա­նու­մովդ, մենք կեր­տողն ենք նաեւ քեզ ու քեզ­մէ սե­րած: Մենք կ՚ու­զենք տես­նես, որ մեզ կը սպան­նէ այս­պէս կամ այն­պէս տարտղ­նու­մը այս խան­ձող, որ կը հեր­կէ մեր մէջ մեզ յան­դի­ման հա­նե­լով մեր տե­սա­կա­ւոր­ման դէմ ու մեր ըն­թաց­քը կա­պե­լով տիե­զե­րա­կաց­ման մը հետ, որ կը դարձ­նէ մեզ ալ դժկա­մա­բար  ան­հուն ու տե­ւա­բար կը հո­սի, գրկուա­ծու­թեան կա­րօտ: Այդ­պէս է աս­տուա­ծա­կա­նու­թիւ­նը իր աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ա­մէն գա­լա­րում­նե­րով, այս­պէս է ան­հու­նու­թիւն շա­ղե­լու դա­տա­պար­տուա­ծու­թեան հեն­քը մեզ շօ­շա­փող ու մեզ­մէ ա­ռաջ ու վերջ գծող:

 Միւս մա­կե­րե­սով մեզ կը հասկ­նա՞ս դուն ով բջի­ջա­ւո­րում, մեզ­մէ դուրս ու մեզ հրող դէ­պի ներս մը, զոր կը սի­րենք խեն­թի պէս, բայց միեւ­նոյն ա­տեն կը վախ­նանք ան­կէ չա­րա­չար: Ե՞րբ եւ ինչ­պէ՞ս դուն ե­ղար գեր­ներ­հուն ով բջիջ, ա­ռանց աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէ հեր­ձուե­լով:

Մենք մէջ­տե­ղը չենք ու­զեր ըլ­լալ, մե­զի պէտք է ջեր­մու­թիւ­նը ան­սահ­ման, ա­մե­նա­կա­տար ու հա­սա­նե­լի, ջեր­մու­թիւ­նը սի­րա­յին, ըն­կե­րա­յին, ազ­գա­յին, մո­լո­րա­կա­յին ու տիե­զե­րա­կան, ո­րոնք հա­մադ­րե­լի չեն, ա­յո, բայց նա­զե­լի:

Ջեր­մու­թիւն մը, որ բնա­ծին է, տե­ղա­ծին է, հրա­շա­ծին է ու քա­ւող բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րը, հաշ­տեց­նող բո­լոր միտ­քե­րը եւ հա­մադ­րող բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րը․ մեր մէջ ու մեզ­մէ ալ ան­դին ան­գոյն­ներն ալ զար­դա­րող մեր գո­րո­վան­քով:

Ե՞րբ կ՚ըլ­լանք մարդ­կա­յին, ե՞րբ կը սահ­մա­նենք զայն, ե՞րբ մենք ենք տի­րա­կա­նը եւ դէպ­քե­րուն դէպ­քը մեր մէջ եւ ի վեր­ջոյ ե՞րբ ի չիք կամ ար­դա­րա­ցիօ­րէն կը հիմ­նա­ւո­րենք ա­մէ­նու­թիւնն ու մեր հո­գին: 

Հոս ենք, կանք ան­կախ ա­մէն ին­չէ եւ պի­տի կեր­տուին ըն­կե­րու­թիւն­ներ, պե­տու­թիւն­ներ, կազ­մուածք­ներ եւ նոյ­նիսկ հա­մաս­տե­ղու­թիւն­ներ մեզ­մով ե­րե­րուն: Ո՞ւր չկանք կամ ո՞ւր չի գոր­ծեր հա­ւա­քա­կան մեր ե­սը, իբ­րեւ ե­սա­կան ա­ռանձ­նու­թիւն հա­ւա­քուա­ծու­թեան մը (որ չկայ մեզ­մէ դուրս ու չի շնչեր իր մէ­ջու­թեամբ մը) կլա­նող է ու ներկ­րող է մեզ էու­թեամբ մը, որ կը խոր­թաց­նէ եւ նոյն ժա­մա­նակ կը ձու­լէ մեզ:

 Կեան­քի նպա­տա­կը տնտե­սու­մէ ան­դին պարզ ո­գե­ղէն ջեր­մու­թեան մը կեր­տու­մին մէջ է, հա­ւա­նա­բար, խինդ մը, որ գո­րո­վան­քը ծո­րեց­նե­լով ու ներ­փա­կե­լով կը դառ­նայ լիու­թիւն, կը թե­ւա­ծէ ա­մե­նայ­նու­թիւն նոյն պարզ տե­ղի ու խտաց­ման մը մէջ եւ որ բնա­զան­ցու­թիւնն ալ կը խոր­տա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ու մաք­րու­թեամբ: Երբ ա­մե­նա­փոքրն է ըլ­լալ մը, ա­նա­ղար­տու­թեան ու կա­տա­րե­լու­թեան ձգտող մար­դա­ցու­մէ ար­դէն, ա­ւե­լի վեհ ու վճիտ քան պատ­կե­րուած կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը ո­րե­ւէ ա­րար­քով կամ կա­տար­մամբ: Հոն ենք մենք միշտ, այդ պզտիկ ու ջերմ, պարզ ու հա­սու, աս­տուա­ծա­յին ու ջինջ գոր­ծո­ղու­թեան մէջ, իսկ մենք ձգտող ենք ան­դա­դար ըլ­լա­լու հոն:

Տա­րիր մեզ տեղ ու տիե­զերք դէ­պի հա­լում մը դե­գե­րող, դէ­պի աս­տուա­ծու­թիւն մը տո­չո­րող, դէ­պի սե­րիլ մը տուայ­տող ու մենք ե­ղանք ան­հու­նու­թեան գե­րի­ներ: Բայց, տե­ւա­բար մնաց խեղճ ու վսեմ մեր խին­դը ըլ­լա­լու, պար­զու­նակ  չի­րա­գոր­ծուա­ծու­թեան ճամ­բուն վրայ, ըլ­լա­լու գեր­տեն­դա­գին ու հա­րա­զատ, ըլ­լա­լու շիլ զու­լալ ու կրքա­ծին շի­տակ ապ­րուս­տի ման­րա­մաս­նը ներծ­ծող: 

Երբ նստած ենք կլոր սե­ղա­նի մը դի­մաց մի քա­նի հո­գիով տի­րա­նա­լու ըլ­լա­լուն, մեր ու­զա­ծը սա­ւառ­նում մը, որ սրբօ­րէն ներ­փա­կող է ա­մէն ջանք ու մսխում, ա­մէն զե­ղում ու ու­նայ­նու­թիւն: Սե­նեա­կով, հոգ­ւով, փոք­րու­թեամբ ու խտու­թեամբ պայ­ծա­ռա­գոյն, վառ ու վերջ­նա­կան միա­ձուլ­ման մը բա­ցախզ­մամբ:

Չենք ե­ղած բնաւ մե­կու­սի, մեր մէ­ջի­նը քա­մող վասն խզման մը, ե­թէ կայ գո­յու­թիւն մեզ­մէ դուրս, ա­պա մենք պար­տա­ւոր ենք մեր զգա­յա­րան­նե­րը շե­ղել մին­չեւ կա­տա­րուի ա­մե­նաի­ման: Ես այ­սօր ես եմ այն աս­տի­ճան, որ թո­ղու­ցի ան­թիւ, ան­հա­մար ե­սեր ինձ­մէ ան­դին․ չե­կած կամ ե­կած, նուա­ճուած կամ չնուա­ճուած, հա­լե­ցուած կամ չձու­լուած, մէկ­տե­ղուած կամ ա­մա­յա­ցած: Հոս է ե­սու­թեան անց­քը, ուր կար ան­ժա­մա­նակ առ­տուայ մը շո­ղին տակ պառ­կող ու գի­շե­րուայ մու­թին վրայ փռուող: Շա­րադ­րե­ցի հո­գի մը ու հո­գի­ներ այս հո­գիին հա­մար, որ կը կո­չուի մարդ­կա­յին եւ որ հին է զիս տա­նե­լու այն­տեղ, ուր կայ համն ու հո­տը մի­նա­կու­թեան, ա­ռանց մի­նա­կու­թեան ու հա­մա­մաս­նու­թեան, ա­ռանց հա­լեց­ման ու խառ­նուր­դի, ա­ռանց մե­ծա­գոյն ե­սի դուր­սի ու ներ­սին եւ ա­ռանց աս­տուա­ծախր­ման:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026