ՊԱՅԹԻՒՆԱՎՏԱՆԳ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Սուրիա անորոշութեան մէջ է, ի յայտ կու գայ երկու կարեւոր հանգոյց։ Այս երկրի օրակարգի պարագային կան կարեւոր երկու հարցադրումներ։ Սուրիոյ իրադարձութիւնները յաճախ պատահական չեն ըլլար։ Այս օրերուն երկրին մէջ հիմնական հարցադրում եւ նոյնիսկ մտավախութիւն դարձած է՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) վերաշխուժացման հարցը։ Այս հարցադրումի գոյութիւնը պայմանաւորուած է զանազան հանգամանքներով, որոնց հիմնականը, անշուշտ, կապ ունի հազարաւոր ծայրայեղական զինեալներու գոյութեամբ։ Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ ծայրայեղականները իշխանափոխութենէն ետք մերժեցին հեռանալ երկրէն։ Անոնք շարունակեցին մնալ իրենց «սկըզ-բունքներ»ուն վրայ եւ նոյնիսկ մերժեցին համարկուիլ պետական բանակին մէջ։ Անշուշտ, այս սուր հարցը Դամոկլեան սուրի մը ուժգնութիւնը ունի՝ կախուած Սուրիոյ անցումային շրջանի ղեկավար Ահմէտ Շարայի գլխավերեւէն։ Այս նիւթը հրապարակային հնչեղութեամբ մէջտեղ հանուեցաւ շուրջ երեք ամիս առաջ, այն օրերուն, երբ Շարա այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ  բանակցութիւններ վարեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ 

 Ինչպէս այն օրերուն, այնպէս ալ հիմա ԱՄՆ-ի համար հիմնական օրակարգ է՝ ծայրայեղական զինեալներու հարցը, որ կը շարունակէ առաջնահերթութիւն հանդիսանալ Սուրիոյ ընդհանուր միջավայրին մէջ։

Բաց աստի, այս օրերու նոր իրադարձութիւնը ամերիկեան զօրքերու հեռացումն է։ Սա նոյնպէս դուռ կը բանայ մեծ հարցադրումներու, թէ ինչո՞ւ հիմա եւ ինչո՞ւ այս փուլին հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ հեռացան դէպի Իրաքեան Քիւրտիստանի տարածքները։ Հարցադրումները արդար են ու տեղին, կը մնայ սպասել, թէ դէպքերը ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի զարգանան եւ ինչքա՞ն տիրական պիտի դառնան ԻՇԻՊ-ի հաւանական վերադարձի մասին առկայ լրջագոյն մտավախութիւնները։

Ամերիկեան զօրքերու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանէն դուրսբերումը կը մտնէ նոր եւ նշանակալից փուլ մը։ Ըստ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին՝ սկիզբ առած է ԱՄՆ-ի ամենամեծ ռազմակայանէն՝ Քասրաքէն զօրքերու կազմակերպուած հեռացումը։ Գործընթացը պիտի տեւէ քանի մը շաբաթ եւ առաջին շարասիւները արդէն ուղղուած են դէպի Իրաքեան Քիւրտիստան։ Այս տեղաշարժը կը յաջորդէ նախապատրաստական քայլերու, որոնց ընթացքին Ալ-Շատատէի եւ Տէր Զօրի Ալ-Օմար նաւթով հարուստ շրջանի ռազմակայաններէն զինուորներ ու ռազմական զրահապատ մեքենաներ փոխադրուած էին Քասրաք՝ ընդհանուր դուրսբերման գործողութիւնը համակարգելու համար։

Աւելի քան տասն օր տեւած գործընթացէ մը ետք, ԱՄՆ-ի զօրքերը ամբողջութեամբ դուրս եկած են Ալ-Շատատէէն եւ ռազմակայանի վերահսկողութիւնը փոխանցուած է Սուրիոյ բանակին։ Աւելի վաղ լքուած էր նաեւ Թանաֆ ռազմակայանը՝ Սուրիա-Յորդանան-Իրաք սահմանային գօտիի մերձակայքին։ Այսպիսով, ամերիկեան եւ միջազգային դաշնակից ուժերը այժմ կը պահպանեն ներկայութիւն՝ միայն Խարապ Ալ-Ժիրի մէջ՝ Հասաքէի հիւսիս-արեւելեան հատուածին, Ռմէլանի մերձակայքին։ Պաշտօնական աղբիւրները նախապէս հաստատած էին, որ ԱՄՆ կը ծրագրէ իր շուրջ հազար զինուորները դուրս բերել Սուրիայէն, ինչ որ ներկայ քայլերով կը գործնականացուի։

Այս իրադարձութիւնը ունի բազմաշերտ նշանակութիւն։ Ռազմավարական առումով սա կը վկայէ ԱՄՆ-ի առաջնահերթութիւններու վերանայման մասին։ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը վերջին տարիներուն արդարացուած էր հիմնականօրէն ահաբեկչութեան դէմ պայքարով եւ ԻՇԻՊ-ի վերակազմաւորումը կանխելու նպատակով։ Սակայն, մեծ ռազմակայաններու փակումը կը մատնանշէ ներգրաւուածութեան աստիճանական նուազում եւ ուժերու վերադասաւորում՝ աւելի ապահով եւ վերահսկելի կեդրոններու մէջ, ինչպիսին է Իրաքեան Քիւրտիստանը։ Միաժամանակ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի։ Ալ-Շատատէի վերահսկողութեան փոխանցումը Դամասկոսին՝ կը նշանակէ, որ Սուրիոյ պետութիւնը կը վերագտնէ ազդեցութիւնը իր տարածքներուն մէջ, որոնք երկար ժամանակ գտնուած էին միջազգային ներկայութեան ներքոյ։

Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ քրտական գործօնը։ Հասաքէի եւ Ռմէլանի շրջանը քրտական ուժերու ազդեցութեան տակ է եւ ամերիկեան ներկայութիւնը ցարդ որոշ չափով ապահովագրական դեր կը կատարէր՝ կանխելով հաւանական լայնածաւալ բախումները Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կամ Թուրքիոյ հետ։ ԱՄՆ-ի նահանջը կրնայ քրտական տարրը կանգնեցնել նոր քաղաքական ընտրութիւններու առջեւ՝ մօտենալու Դամասկոսին կամ վերաձեւելու իր անվտանգային յենարանները։

Ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ պատահածը ամբողջական հեռացում մը չէ, այլ դերակատարութեան վերաձեւում։ Սակայն, նոյնիսկ այդ վերաձեւումը կը բերէ զգալի փոփոխութիւններ ուժային դաշտին մէջ եւ կը բանայ նոր փուլ մը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի քաղաքական ու ռազմական զարգացումներուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին երկրի ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի։ Ալ-Շատատէի վերահսկողութեան Դամասկոսի փոխանցումը կը նշանակէ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը վերականգնէ իր վերահսկողութիւնը այն տարածքներուն մէջ, որոնք երկար ժամանակ դուրս էին իր ուղիղ ազդեցութենէն։ 

Քրտական գործօնի կարեւորութիւնը կը բիւրեղանայ այն հանգամանքով, որ Հասաքէի եւ Ռմէլանի շրջանները անոր ուժերու ազդեցութեան տակ են։ Ամերիկեան ներկայութիւնը ցարդ որոշ պաշտպանիչ դեր կը կատարէր՝ զսպելով լարուածութիւնը Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կամ Թուրքիոյ հետ։ 

Օրերս ԻՇԻՊ յայտարարեց, որ կը մտնէ գործողութիւններու նոր փուլ մը՝ ուղղուած Շարայի իշխանութիւններուն դէմ։ Այս յայտարարութիւնը կը հետեւի անվտանգային արագ իրադարձութիւններու, որոնց մէջ ընդգրկուած են խմբաւորման անդամներու մեծ թիւով փախուստ եւ միջազգային նախազգուշացումներ՝ Սուրիոյ մէջ անոր սպառնալիքի աճին մասին։ Խմբաւորումը Շարան կոչած է միջազգային դաշինքի պահակ եւ սպառնացած է, որ անոր վախճանը պիտի չտարբերի Էսատէն։ ԻՇԻՊ նաեւ պնդած է, թէ Սուրիա Իրանի գրաւումէն անցած է թուրք-ամերիկեան գրաւումի եւ կոչ ուղղած է յարձակումներու շարունակութեան համար։

ՄԱԿ-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գրասենեակի փոխ-ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար Ալեքսանտր Զուեւ զգուշացուցած է, որ ԻՇԻՊ-ի սպառնալիքը կը դառնայ աւելի բարդ եւ բազմադէմ։ Ան նշած է, որ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հաւաքագրել օտարերկրացի զինեալներ եւ օգտագործել նոր միջոցներ՝ օգտուելով Սուրիոյ մէջ գոյացած անվտանգային պարապութենէն եւ համայնքային լարուածութիւններէն։

Ամերիկեան ուժերու շարունակուող նահանջը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերադասաւորումը աւելցուցած են անվտանգային խոցելիութիւնը։ Այս կացութիւնը կը վերագրուի կամ անցումային իշխանութիւններու սահմանափակ կարողութիւններուն եւ կամ անոնց անվտանգային կառոյցներու ներսի գաղափարական բարդ կազմին։

Խմբաւորումը ստանձնած է համայնքային շարժառիթներով իրականացուած սպանութիւններու եւ Դամասկոսի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ վրայ արիւնալի յարձակման պատասխանատուութիւնը։ Ըստ ՄԱԿ-ի զեկոյցին՝ Շարա ենթարկուած է հինգ մահափորձի, ինչ որ կը վկայէ, թէ ծայրայեղական տարրերը կը շարունակեն ապակայունացնել նոր իշխանութիւնը՝ շահագործելով երկրին մէջ տիրող անորոշութիւնն ու անվտանգային բացերը։

Միջին Արեւելքի քաղաքական բարդ հանգոյցներուն մէջ Սուրիան դարձեալ կանգնած է վճռորոշ շրջադարձի մը առջեւ։ Տարիներու պատերազմէն, իշխանափոխութենէն եւ արտաքին ուժերու մրցակցութենէն ետք, երկիրը կը թեւակոխէ նոր անորոշ փուլ մը, ուր անվտանգային պարապութիւնը, տարածաշրջանային հաշուարկներն ու միջազգային դերակատարներու վերադասաւորումները կը խաչաձեւուին։ Այս մթնոլորտին մէջ ԻՇԻՊ կրկին կը յայտնուի օրակարգի կեդրոնին՝ որպէս ո՛չ միայն անցեալի սպառնալիք, այլեւ հնարաւոր վերակազմաւորման հետամուտ ուժ։

Միաժամանակ, ԱՄՆ-ի կողմէ հիւսիս-արեւելեան շրջաններու ռազմակայաններէն փուլային դուրսբերումը կը խորացնէ հարցադրումները։ Արդեօք տեղի ունեցողը պարզ ռազմավարական վերադասաւորո՞ւմ մըն է, թէ՞ աւելի լայն աշխարհաքաղաքական վերանայումի մը սկիզբը։ Ուժերու հաւասարակշռութեան այս փոփոխութիւնը կրնայ ազդել թէ՛ տեղական դերակատարներու դիրքերուն եւ թէ ծայրայեղական խմբաւորումներու շարժունակութեան վրայ։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները միասին կը ստեղծեն պայթիւնավտանգ համադրութիւն մը, ուր ներքին անկայունութիւնը եւ արտաքին շահերու բախումը կրնան նոր փուլ մը բանալ Սուրիոյ ճակատագրին մէջ։ Հարցը այլեւս միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարը չէ, այլ նաեւ այն է, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորէ երկրի յաջորդ քաղաքական ու անվտանգային իրականութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026