ՇԻՔԱԿՈՅԻ NORTHWESTERN ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՍԱՐԻՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՔԱՂԱՔՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ՝ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԹԵԶԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու ամերիկահայ նոր սերունդէն իսկապէս արժէքաւոր եւ համակրելի ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, մեր հիւրն էր Շիքակոյի Northwestern համալսարանէն Սարին Մկրտիչեան, որ կ՚ուսանի քաղաքագիտութիւն եւ աւարտական թեզը պատրաստելու համար այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։
Սարին Մկրտիչեան ծնած է Պոսթոն եւ իր ընտանիքը ունեցած է նախկին պոլսահայերու հետ սերտ բարեկամութիւն։ Ուստի, իրեն համար հետաքրքրական եղած է Իսթանպուլ այցելելու ներկայ պատեհութիւնը՝ քանի մեր համայնքին մասին բաւական լսած է նախապէս։
Սարին Մկրտիչեանի աւարտական թեզի նիւթն է՝ ամերիկահայութեան եւ թրքահայութեան ինքնութեան նիւթերու շուրջ բաղդատութիւնը։ Ան շուրջ երկու շաբթուան կեցութիւն մը նախատեսած է քաղաքիս մէջ, որպէսզի պոլսահայ զանազան դէմքերու հետ շփուի եւ տարրական պատկերացում մը կազմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին շուրջ՝ մասնաւորապէս զրուցելու համար այնպիսի կէտերու կապակցութեամբ, որոնք կը պայմանաւորեն ինքնութեան հարցերը։
Սարին Մկրտիչեան թեզին համար զրուցեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ, որ ապագայ գիտնականի նկատառման յանձնեց իր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները թեզին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Սարին Մկրտիչեանին, որ ի վիճակի է հան-գըստութեամբ հաղորդակցելու հայերէնով եւ իր երիտասարդական եռանդին ընդմէջէն ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ խորաթափանցութեամբ, մտաւորական ենթակառուցուածքով ու աշխատանքի լրջութեամբ։