ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 27-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ
Այսօր կը սկսի Միջմիութենական գիտական մրցաշարքը, որ 27-րդն է իր նմաններու շարքին։ Միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ տարիներէ ի վեր հետեւողական ջանքերով կազմակերպուած՝ խոր աւանդութիւններով նախաձեռնութիւններէն մին է այս մէկը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ տարուան մրցաշարքի դափնեկիրը դարձած էր «Մարալ» միութիւնը՝ այս տարուան մրցաշարքի կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վիճակած է անոր։ «Մարալ» միութիւնը արդէն իր աւարտին հասցուցած է նախապատրաստական աշխատանքները։ Այս տարուան գիտական մրցաշարքը ձօնուած է՝ Տիանա Շէրիտճեանի եւ Ալէն Քալքի յիշատակին։
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Եօթ փուլէ պիտի բաղկանայ մրցոյթը, որ այսօր սկսելէ վերջ աւարտին պիտի հասնի մարտի 30-ին։ Բոլոր փուլերուն հանդիսավարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Նաթալի Միհրանեան։
Մրցոյթի դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Սելմա Մելեքեան, Շահան Սարըօղլու, Լեռնա Փափազեան, Ճուլիա Էօզնիկոլեան, Գարէն Էմիրկելօղլու, Արման Տելկի եւ Սարօ Աբէլեան։