ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
«Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ…» (Ելք 3.12), այս արտայայտութեամբ Աստուած պատասխանեց Մովսէսին, երբ կ՚ուզէր զինք Եգիպտոս ղրկել՝ փարաւոնի պատճառած տառապանքներէն ազատելու համար Իր ժողովուրդը: Մովսէս երբ զարմացած հարցուց Աստուծոյ, թէ ինք ո՞վ է, որ պիտի երթայ Եգիպտոս, ներկայանայ փարաւոնին ու հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանէ, Աստուած այսպէս պատասխանեց անոր. «Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ եւ երբ այս լերան վրայ զԱստուած պաշտէք, ատիկա քեզի նշան կ՚ըլլայ, որ Ե՛ս ղրկած եմ քեզ, որպէսզի ժողովուրդս հանես Եգիպտացիներու երկրէն» (Ելք 3.12):
Բոլորիս յայտնի է, թէ Աստուած Մովսէսի միջոցով ի՜նչ մեծամեծ գործեր կատարեց Եգիպտոսի մէջ եւ իր ժողովուրդը դուրս բերաւ Եգիպտոսէն: Արդարեւ, Մովսէս թէեւ ինքզինք անարժան մէկը կը համարէր այդ գործին համար, սակայն, Աստուծոյ ոգեւորիչ մէկ արտայայտութիւնը՝ «Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ…» բաւարար է գօտեպնդելու զինք, որպէսզի այդ գործը կատարէր: Թէեւ ետքը Մովսէս դարձեալ կը փորձէ այդ գործէն հրաժարիլ, բայց վերջաւորութեան կը համակերպի…:
Նոյն այս արտայայտութիւնը՝ «Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ…» այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրիս ուղղուած է: Այսօր, ճիշդ է, որ բառացիօրէն փարաւոններ չկան, բայց կան այլ կարգի փարաւոններ, որոնք կը ճնշեն մեզ, կը փորձեն տկարացնել մեր հաւատքը, հեռացնել մեզ Աստուծմէ, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով հազար ու մէկ զբաղմունքներու վրայ. ինչպէս՝ հարստութիւն, ունեցուածք, լաւ դիրք կամ պաշտօն, հեռախօս, համակարգիչ, լաւ ինքնաշարժ եւ այլն: Այս եւ նման բաններն են, որ այսօր մէկական փարաւոններ դարձած կը ճնշեն ու կը ստրկացնեն մարդը, հեռացնելով զինք հոգեւորէն ու երկնայինէն, այլ խօսքով՝ Աստուծմէ:
Աւելին, այս զբաղմունքները մարդս դարձուցած են տկար եւ թոյլ արարածի մը, որ որեւէ մէկ փորձութեան կամ նեղութեան դիմաց անմիջապէս կը կրանայ եւ չի՛ կրնար դիմադրել կա՛մ վախի եւ կա՛մ ալ անվստահութեան պատճառով: Ահա այստեղ է, որ կը հնչէ Աստուծոյ ձայնը, թէ՝ «Ես քեզի հետ եմ…»: Աստուած մեզ երբեք առանձին չի ձգեր, Ան երբեք մեզմէ չի՛ հեռանար. մենք է, որ մեր սխալ որոշումներով ու ընտրութիւններով կը հեռանանք Իրմէ, կ՚առանձնանանք, որով կը տկարանանք ու կը թուլնանք:
«Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ…» արտայայտութիւնը միշտ մեր միտքերուն մէջ պահենք եւ երբ որեւէ մէկ բանով փորձուինք, այս հաւատքով ու վստահութեամբ փորձենք յաղթահարել ու դիմակայել այդ փորձութիւնը, համոզուած ըլլալով, որ Աստուած Ի՛նք մեզի հետ ըլլալով՝ մեզի ցոյց պիտի տայ ճիշդ ճամբան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 մարտ 2026, Վաղարշապատ