ԱԿՆԱՐԿ - 157 - ՊԱՀՔԻ ՀԶՕՐ ԶԷՆՔԵՐԷՆ՝ ԱՂՕԹՔ

Յաճախ շեշտած ենք, որ պահքը միայն որոշ ուտելիքներէ հրաժարիլ չէ, կամ մարմինի բարեձեւութիւնը ապահովելու միջոց: Պահքը նախ եւ առաջ որոշում է, կամքի դրսեւորում եւ հոգեւոր պայքար: 

Այս որոշումին, կամքի դրսեւորումին եւ հոգեւոր պայքարին ամենէն հզօր զէնքերէն մէկը աղօթքն է, որ պահեցողութեան ընթացքին մարդուն կ՚օգնէ յաղթահարել իր դէմ ցցուած դժուարութիւնները, փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները: Աղօթքը միջոց է մարդուն համար, որպէսզի ինքնահայեցողութեամբ, ինքնաքննադատութեամբ ինքզինք մաքրէ, բիւրեղացնէ եւ յարդարէ որպէս տուն եւ բնակարան Սուրբ Երրորդութեան: Աւելին, աղօթքը այն կամուրջն է, որով մարդ դէպի Աստուած կ՚երթայ ապրելու համար Անոր հետ, զգալու Անոր ներկայութիւնը եւ վայելելու Անոր Հայրական խնամքն ու հոգատարութիւնը:

Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ միշտ անդրադարձած են աղօթքի եւ պահեցողութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին: Այստեղ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մտածումներէն փունջ մը:

Սուրբ Անտոն Անապատական.

- Պահեցողութիւնը խոնարհութեան մայրն է:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ.

- Պահքը մեր հոգեւոր կեանքը կը զօրացնէ եւ մարմնաւոր անկարողութիւնները կը խափանէ, որովհետեւ մէկուն զօրանալու միջոցին միւսը կը տկարանայ։ Ինչպէս որ լէշակեր թռչունները անխնայ ուտելնուն պատճառով դժուարութեան կը թռչին եւ հեշտութեամբ կը որսացուին, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ դժուար կը բռնուին, այդպէս ալ որկրամոլ ու չափաւոր մարդն է:

Սուրբ Եփրեմ Ասորի.

- Մաքուր պահքը թանկագին է Աստուծոյ առջեւ եւ այն գանձի նման պահուած է երկինքին մէջ: Պահքը զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով թշնամիին նետերուն դէմ կը պատերազմինք:

Սուրբ Բարսեղ Մեծ.

- Աղօթքը երկինք բարձրացող թեւ է. առանց խոնարհութեան անիկա չի բարձրանար։

- Արդեօք ի՞նչ իմաստ ունի մեր կենդանիներու միս ուտելէն կտրուիլը, երբ չենք դադրիր մեր մօտիկներուն միսը ուտել բամբասանքով եւ չարախօսութեամբ: Ի՞նչ իմաստ ունի ուտելիքի պահք պահելը, մինչ չենք կտրուիր պիղծ մտածումներէն, շնութենէն, ատելութենէն եւ չարութենէն:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ.

- Պահքը ճշմարիտ է, երբ լեզուն ալ կը պահէ, աչքն ալ կը պահէ, իսկ սիրտը կը սրբուի։ Միայն կերակուրէն հեռանալը պահք չէ։ 

- Աղօթքը լոյս է հոգիին. ինչպէս մարմինը առանց շունչի կը մեռնի, այնպէս ալ հոգին առանց աղօթքի կը մարի։

Իսահակ Ասորի.

- Պահքը աղօթքի զէնքն է։ 

- Երբ սիրտը փափկի պահքով, աղօթքը ինքնին կը ծնի։

Շնուտա Գ. Հայրապետ.

- Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն է։

- Աղօթքը հոգիին շունչն է. եթէ դադրիս աղօթելէ, կը թուլանայ հոգեւոր կեանքդ։ 

- Մի՛ սպասեր, որ սիրտիդ մէջ ջերմութիւն զգաս՝ որպէսզի աղօթես. աղօթէ՛, եւ ջերմութիւնը պիտի գայ։

- Պահքը սիրոյ դպրոց է:

- Եթե պահեցողութիւնդ քեզ աւելի խոնարհ չի դարձներ, ուրեմն անիկա դեռ կատարեալ չէ։

- Պահքը մարմինի խոնարհեցում է, որպէսզի հոգին բարձրանայ։

- Աստուած չի նայիր ափսէիդ, այլ՝ սրտիդ։

- Պահքը առանց աղօթքի սննդակարգի յատուկ կերպ է միայն, իսկ աղօթքը առանց պահքի՝ թոյլ պայքար։

- Պահեցողութիւնը կը պատրաստէ սիրտը, աղօթքը կը լեցնէ զայն շնորհքով։

Զարեհ նրք. Ազնաւորեան.

- Աղօթքով է, որ քրիստոնեայ համայնքը մէկ ամբողջութիւն կը դառնայ:

- Զգաստութեան եւ արթնութեան մէջ է, որ աղօթքը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ:

- Անիրաւութիւն գործելով կամ անիրաւութեան նպաստելով կարելի չէ աղօթել:

- Աղօթքները մաղթանքներ են, որոնք Աստուծոյ ծրագիրին կապուած են՝ զայն մարդոց ճանչցնելու համար:

- Աղօթքին միջոցով մենք մեր հոգին է, որ կը դնենք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ:

- Աղօթքը հայելի մըն է, որուն մէջ առաջին հերթին մեր դէմքն է, որ կ՚արտացոլայ: Աղօթողը իր հոգին, իր սիրտն է, որ կ՚արտացոլէ:

- Մեծ պահքը լաւագոյն առիթ մըն է գեղեցիկ սկիզբ մը դնելու, մեր իսկ խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար:

- Ո՜րքան պարզ է ու յստակ Աստուծոյ խօսքը: Աստուծոյ պահանջած պահեցողութիւնը ա՛յս է: Ուղղումն է մեր կեանքին, սրբագրութիւնն է մեր թերացումներուն, բարեփոխումն ու բարւոքումն է մարդկային եւ ընտանեկան մեր յարաբերութիւններուն, հասկացողութիւնն է բարոյական ամուր եւ օրհնաբեր սկզբունքներուն, գիտակցումն է մեր պատասխանատուութիւններուն եւ դերին: Եւ այս բոլորը կեանքը ղեկավարող սկզբունքներ են:

Թաուատրոս Բ. Հայրապետ.

- Աղօթքը կեանքի ոճ է, ո՛չ թէ միայն պարտականութիւն։

- Աղօթքը մարդը կը փոխէ ներսէն՝ նախքան աշխարհը փոխելու փորձը։

- Լռութիւնը աղօթքի դուռն է։

- Ընտանեկան աղօթքը տունը կը դարձնէ փոքր եկեղեցի:

- Պահքը ուրախ ճգնութիւն է:

- Ճշմարիտ պահքը կը ներառէ լեզուի, աչքերու եւ միտքի պահեցողութիւն։

- Պահքը մեզի կը սորվեցնէ չափաւորութիւն՝ ո՛չ միայն սնունդի, այլեւ խօսքի եւ ցանկութիւններու մէջ։ 

- Պահեցողութիւնը առանց ողորմութեան կիսատ է։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026