ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը՝ անդրադառնալով Մեծ պահոց շրջանի Տնտեսի կիրակիին: Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճօղլուի: Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Արեւագալի ժամերգութիւն:
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պահքի սիրոյ սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալները: