ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԱՐՄԻՆ ԱՌՆԵԼՈՎ՝ ՄԱՐԻԱՄ ՄԻՇՏ ԿՈՅՍ ՄՆԱՑ
5. Քրիստոսի եղբայր չունենալը վաւերացուած է. այն է՝ հրեաներուն «Մարիամի որդիներ» ըսածը, Կղէոպասի կին Մարիամի որդիներուն համար ըսուած ըլլալը կասկածողներէն շատերն ալ գիտեն. Աւետարանն ալ յայտնած է. ինչպէս որ նախ հրեաները Յակոբոսին համար եղբայր կ՚ըսէին, նոյնպէս Թադէոս ըսուած Յուդային ալ, անոնց մայրը կ՚որոշուի, որ Կոյս Մարիամը չէ, այլ՝ Կղէպասի կին Մարիամը, «որ Յիսուսի խաչին մօտ էր, որ Անոր մօր քոյրն էր» (Յհ 19.25):
Նոյնպէս «Յակոբի եւ Յովսէի մայրը Մարիամ» կ՚ըսէ (Մտ 27.56): Թադէոս ըսուած Յուդան ալ Տեառնեղբայր ըսուած Յակոբին եղբայրն է: Ասիկա ըսել եղաւ, որ Պետրոս ու Անդրէաս եղբայր են, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը Զեբեթէոսի որդիներն են. Տեառնեղբայր ըսուած Յակոբոսն ու Յուդա ըսուած Թադէոսն ալ Ալփէոսի տղաներն են (Յդ 1.1). նաեւ, եբրայեցիներուն մէջ եղբայր բառը ազգականներուն համար ալ կը գործածուէր (Ծն 12.5 եւ 22.20): Ասոնք յայտնի ճշմարտութիւններ են. մանաւանդ ասոնք չգիտցողն իսկ կրնայ հասկնալ, թէ քանի մը զաւակ ունեցող մայր մը Զեբեթէոսի տղուն՝ Յովհաննէսին չէր յանձնուեր խաչին քով (Յհ 19.26):
Քրիստոսի եղբայր չունենալը եւ Մարիամին միշտ կոյս ըլլալը յայտնի ճշմարտութիւն է, կասկածիլը՝ Քրիստոսի մարդեղութեան դէմ մեղանչել եւ հերետիկոսութիւն է:
Մեր աչքերը Սուրբ Գիրքին դարձնենք եւ պիտի տեսնենք, թէ Աստուած աշխարհի ստեղծումէն սկսելով մինչեւ Քրիստոսի ծնունդը, զանազան ընթացքներ բռնած է. իւրաքանչիւր ընթացք, անշուշտ, մէկ-մէկ ստուերներ էին: Օրինակ, Մելքիսեդէկ Քահանան Քրիստոսի ստուերն է (Եբր 9-10 գլուխներ): Իսահակի համար Սաբէկի ծառէն կախուած խոյը Քրիստոսի խաչէն կախուելուն ստուերն էր, իսկ պասեքի գառն ալ Անոր զոհ ըլլալու ստուերն էր: Հապա Քորեբ լերան մորենին, որ կը վառէր ու չէր այրեր, ինչի՞ ստուերն էր, որովհետեւ վառիլն ու չայրիլը բնութեան հակառակ է. այդ Մարիամի գերբնական յղութեան ստուերն էր: Այդ վայրին «սուրբ երկիր» ըսուեցաւ, Մովսէս վախի պատճառով չէր կրնար նայիլ (Ելք 3.2-6). ասիկա Մարիամին միշտ կոյս մնալէն բացի ուրիշ յարմար օրինակի մը չենք կրնար նմանցնել, քանի որ Ստեփանոսէն աւելի շնորհքով լեցուն մարդիկ չենք. որովհետեւ, Ստեփանոսի հրեաներուն առջեւ պատմելուն նպատակը՝ Քրիստոսի ծնունդին ստուերը ըլլալը իմացնել էր (Գրծ 7.30), որ ըսել է, այդ բնութեան դէմ եղած կրակը նոյնիսկ Մարիամի վրայ տեսնուեցաւ, քանի որ Քրիստոս «կրակ [նետելու] եկայ» ըսաւ. Սուրբ Հոգին կրակով մաքրեց. նոյնպէս Պօղոս կը վաւերացնէ այն ծուխով կրակը, որ մորենին չայրեց (Եբր 12.29): «Սուրբ երկիր է, կօշիկներդ հանէ», այն է՝ «մեղքերով մի՛ մօտենար». Քրիստոսէ բացի ուրիշ անմեղ մարդ մըն ալ չկար, որ անկէ ծնէր1, որովհետեւ ան Քրիստոսի համար պատրաստուած սուրբ երկիր էր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի» (Ղկ 1.35): Եթէ այս կէտերը չըլլային, նորը հինին մէջ ծածկուած չըլլար, ի՞նչ պէտք կար Աստուածաշունչ կարդալու. Աւետարանը բաւարար էր, իսկ անոր իւրաքանչիւր նշանախեցներուն մէջ մենք փնտռելիք ունինք, այդ պատճառով ալ կը կարդանք:
6. «Ծնաւ կատարելապէս»: «Եթէ կատարեալ մարդ, կատարեալ Աստուած պիտի դաւանինք, հապա ինչպէ՞ս Մարիամին միշտ կոյս պիտի ըսենք» ըսողները, Եւտիքական, Մակեդոնական խմոր մը կը կազմեն իրեն մէջ, որովհետեւ Աստուածային հրաշալիքը դարձեալ մոռցան. քանի որ Քրիստոսի մարդկութիւնը՝ Աստուածութեան եւ Աստուածութիւնը՝ մարդկութեան թերութիւն չբերաւ. եթէ այդպէս ըլլար, անճառելի ծնունդ ըսելու կարիք չէր մնար, որովհետեւ Քրիստոսի ծնունդը յատուկ է, սկզբնական եւ ներգործական մեղքերէ անմասն, ինչպէս հրեշտակը աւետիս տուած ատեն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի», որ Մարիամ գերբնական շնորհքով նախապէս մաքրուեցաւ. «Շնորհք գտար Աստուծմէ» (Ղկ 1.30), որով յղացաւ եւ անմիջապէս «ծնունդ» ըսուեցաւ, «իրմէ ծնածին» (տե՛ս Մտ 1.20). մինչդեռ հասարակ ծնունդները սերմէ եւ արիւնէ կը բաղկանան առաջին անգամ, որ նախ յղութիւն կ՚ըսուի, եւ ինն ամիս ետք ծնունդ. իսկ Քրիստոսի համար յղութիւն եւ ծնունդ անմիջապէս ու յատուկ, քանի որ Հօր էութենէն է, նախքան յաւիտեանները ծնունդ. ապա դարձեալ ծնունդ ըստ Աստուածութեան եւ ըստ մարդկութեան ալ, յետ իննամսեայ դարձեալ ծնունդ հրաշալի եւ անճառելի. ասոր համար երբ տակաւին Մարիամի արգանդին մէջն էր, Եղիսաբէթը Սուրբ Հոգիով լեցուած «Տիրոջս մայրը» ըսաւ (Ղկ 1.12):
7. Մարիամի միշտ կուսութիւնը, Քրիստոսի կատարեալ մարդկութեան թերութիւն չէ, որովհետեւ մեզի պէտք չէ մեր գիտցածէն աւելի ճառել. մենք Սուրբ Գիրքին մէջ Մարիամը սուրբ գտանք, Քրիստոս ալ ծնելէն ետք մարդու մը նման ննջեց, Աստուածապէս հովն ու ծովը սաստեց, Ղազարոսի գերեզմանին մօտ մարդու մը նման լացաւ, մեռելը դուրս կանչեց Աստուածապէս. թէ՛ կատարեալ մարդկութիւն եւ թէ կատարեալ Աստուածութիւն տեսնուեցաւ Անոր վրայ. Մարիամէն այնպէս ծնելով, մարմինը երկինքէն չբերաւ, այլ՝ Կոյսէն առաւ, Իր Աստուածութեան հետ խառնեց, այդ պատճառով ալ Անոր մօր Աստուածածին ըսելու կասկածիլը մեծ մեղք է. քանի որ «ծնաւ կատարելապէս» կը դաւանինք, Քրիստոսի վրայ կատարեալ մարդկութիւն տեսնելնուս համար. հետեւաբար, Անոր մօր Աստուածածին երբ ըսենք, մարդկութիւնը հետն է, իսկ «Աստուածութիւնը չի ծնիր, չի մեռնիր, չի թաղուիր, հապա այդ գործերը մարմինով էր, ուրեմն Մարիամ մարդածին է եւ ո՛չ թէ Աստուածածին» երբ ըսենք, կատարեալ մարդ, կատարեալ Աստուած խոստովանած չենք ըլլար, կամ Աստուածային հրաշալիքը իրական եղած չ՚ըլլար, այս ալ հերետիկոսութիւն է: Այլ խօսքով, Աստուածածին ըսելով մարդածին ըսած ես, քանի որ «ծին» ծնունդ բառին արմատն է, իսկ մարդածին երբ ըսես, կատարեալ Աստուածութիւնը խոստովանած չես ըլլար, ատոր համար Առաքելական Եկեղեցին «Աստուածածին» կը խոստովանի: Ինչպէս Եղիսաբէթը Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ «Տիրոջս մայրը» ըսելը, պարզապէս Աստուածածին ըսել է:
8. Մինչեւ հիմա ըսուածներէն հասկցանք, թէ Մարիամ միշտ կոյս է, «անոր մասին Սուրբ Գիրքին մէջ բան մը չկայ» ըսողները, կը զրպարտեն. նոյնիսկ եթէ այսքան գրութիւններ ու մարգարէութիւններն ալ չըլլային, Քրիստոսի անկէ ծնիլը բաւարար էր, այլեւս ի՞նչ կարիք կար, որ առաքեալները եւ կամ Քրիստոս, Սուրբ Կոյսին մասին մեզի պատուէր տային. մենք գիտենք, որ Քրիստոսի յարութենէն ետք Մարիամ միշտ առաքեալներուն հետ էր (Գրծ 1.14):
9. Քրիստոսի կատարեալ մարդկութեան թերութիւն չի գար Աստուածածինին միշտ կուսութենէն, որովհետեւ անկէ առած մարմինը՝ մեղքերէ անմասն, խառնեց Իր Աստուածութեան հետ. այդ մարմինով Իր Աստուածութիւնը ցոյց տուաւ Թաբոր լերան վրայ. այդ մարմինով խաչուեցաւ, գերեզման դրուեցաւ, յարութիւն առաւ, գերեզմանին մէջ վարշամակները միայն մնացին. այդ մարմինը առանց փոխելու գոց դռնէն ներս մտաւ, մարմինը փոխած չըլլալը գիտցնելու համար Թովմասին մասնաւորապէս ըսաւ. «Հոգին ոսկոր չ՚ունենար, տե՛ս, որ Ես ունիմ»՝ գամերուն տեղը ցոյց տուաւ. այդ մարմինով քառասուն օրուան մէջ աշակերտներուն երեւցաւ յարութենէն ետք, անոնց առջեւ հաց կերաւ. այդ մարմինով համբարձաւ, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ. այդ մարմինով պիտի գայ ողջերն ու մեռելները դատելու համար, այդ մարմինով այդքան հրաշք գործողը, այդ մարմինով Իր մօր կուսութիւնն ալ առանց ապականելու կրնար ծնիլ. Աստուածային հրաշքը բնութեան վերածելը հաւատքի թերութիւն է:
Ոմանք այս մասին երբեմն սխալ գաղափարի մըն ալ կը դիմեն «մարմինն ու արիւնը Աստուծոյ Արքայութիւն չեն կրնար ժառանգել» կամ թէ՝ «ակնթարթի մը մէջ պիտի փոխուին, կարելի է Քրիստոս ալ փոխեց». այս խօսքը կատարեալ հերետիկոսութիւն է եւ դէմ է Նիկիական Հանգանակին, որ կը դաւանի, թէ՝ «նոյն մարմինով պիտի գայ», որ յաւիտենապէս խառնեց Իր Աստուածութեան հետ:
Այս մարմինով այնքա՜ն հրաշագործեց, նոր գերեզմանի մէջ դրուեցաւ, որպէսզի կասկած չմնայ, թէ՝ «մարգարէներէն մէկուն գերեզմանին պատահեցաւ, որ յարութիւն առաւ» ըսողներ ըլլան, քանի որ Եղիսէ մարգարէին գերեզմանին պատահած մեռելի մը ողջնցած ըլլալը գիտէին:
Այն մարմինը, որ Աստուածութեան հետ խառն էր, յաւիտեան պահելու ուխտով առաւ եւ անով պիտի գայ, ասոր համար նոյնիսկ հրեշտակներ վկայեցին Քրիստոսի համբարձման ատեն, թէ՝ «ինչպէս Անոր երթալը կը տեսնէք, այդպէս ալ պիտի գայ» (տե՛ս Գրծ 1.11): Առաքեալին ըսած փոփոխելի մարմինը մեղքերուն համար է:
Եթէ Քրիստոս մարմինը փոխէր՝ գերեզմանին մէջ պէտք էր ձգէր, բայց վարշամակէն բացի բան մը չմնաց. նոյնիսկ պահակները «աշակերտները գողցան» ըսին, որոնց դէմ ելաւ այս գեղեցիկ երկսայրաբանութիւնը, թէ՝ «ո՜վ պահակներ, կամ քնացած էիք կամ ալ արթուն. եթէ քնացած էիք, ինչէ՞ն գիտցաք աշակերտներուն գողնալը. իսկ եթէ արթուն էիք, ինչո՞ւ ձգեցիք որ գողցուի. ուրեմն, սո՛ւտ էք»: Այլ խօսքով, ասոնց բնաւ կարիք չկայ, Քրիստոս մարմինը պիտի չփոխէր, որովհետեւ մարդոց փրկութեան համար առած էր այդ մարմինը, Իր մարդեղութենէն առաջ մեռնողներուն ալ պիտի ներկայացնէր անշուշտ, ինչպէս որ առաքեալն ալ վկայած է, թէ՝ «բանտին մէջ եղող հոգիներուն ալ քարոզեց» (Ա. Պտ 3.19):
Ոմանք՝ «Քրիստոս Իր մայրը յանդիմանեց» եւ կամ, թէ՝ «իրեն երանութիւն տուող կիներուն խօսքը հերքեց» կ՚ըսեն, բայց բոլորովին հակառակ է Աւետարանական ճշմարտութեան, որովհետեւ Մարիամ Սուրբ Հոգիով լեցուն «ասկէ ետք երանի՜ պիտի տան» ըսաւ, հետեւաբար, Քրիստոս այս երանութիւնը պիտի չհերքէր. հետեւաբար, այդպիսներուն ըսածին պէս չէ, այլ՝ «ո՜վ կիներ, եթէ զիս ծնողը արդէն երանելի է, հապա անոնք երանելի ըլլալու կարօտ են ինծի հաւատալով». կամ, թէ՝ Գալիլիոյ հարսանիքին ջուրը գինիի փոխած ատեն՝ «ի՞նչ կայ Իմ եւ քու մէջդ» (տե՛ս Յհ 2.4) ըսուած խօսքը Իր մայրը յանդիմանել չէր, այլ՝ գովել. այսինքն՝ «Ես եւ դուն ի՞նչ ունինք», այնպէս որ «ո՛չ ես եւ ո՛չ դուն այս աշխարհիս կը պատկանինք», կամ թէ՝ «Ինծի եւ քեզի ի՞նչ պէտք», որովհետեւ ինչ պաշտօն որ ԻՄս է, ՔՈՒԿԴ ալ նոյնն է:
Եկեղեցին ինչպէս որ կը հաւատայ, այդպէս ալ կը գաղափարէ Մարիամի միշտ կուսութիւնը: Քրիստոսի կատարեալ Աստուածութիւնն ու կատարեալ մարդկութիւնը անփոփոխելի հաւատալով, աներկբայօրէն կը դաւանինք, թէ՝ «նոյն մարմինով եւ Հօր փառքով պիտի գայ, դատելու ողջերն ու մեռելները, Որու թագաւորութիւնը վախճան չունի»:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 8
Վաղարշապատ
1 Ոմանք «Մարիամին մասին Սուրբ Գիրքին մէջ բան մը չկայ» կ՚ըսեն, այն է՝ Քրիստոս եւ կամ առաքեալները բան մը չըսին (տե՛ս Այնուատէթ, էջ 51). բայց անոնք թող ըսեն, մենք գիտենք, որ Աստուածաշունչին սկիզբէն մինչեւ վերջ ան [Սուրբ Կոյսը] յարգուած է. անոր համար Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ, Դաւիթ, Սողոմոն հազարաւոր տարիներ առաջ «լսէ՛, դուստր», «կոյսը պիտի յղանայ» ըսելէն բացի, Եզեկիէլն ալ գոց դրան օրինակով տեսաւ զայն. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը անցաւ, ուրիշ ոչ ոք պիտի անցնի». իշխանը հաց պիտի պատրաստէ հոն (Եզ 44.1-5): Այո՛, անցաւ, հացը հոն պատրաստեց, եւ անկէ առած մարմինով փրկեց մեզ: Անկէ առած մարմինին համար ըսաւ. «ԱՌԷՔ ԿԵՐԷՔ», թէ՛ ստուերապէս օրինակներով, թէ՛ իրական գուշակութեամբ գրուելուն համար եկեղեցին միշտ կոյս կը դաւանի, երեք սոսկալի խորհուրդով.
Ա. Անսերմն յղութիւն:
Բ. Անապական Ծնունդ:
Գ. Ծնելէն ետք կուսութիւն:
Որովհետեւ մորենին չի՛ մոխրացաւ եւ Իսրայէլի Տէր Աստուածը անցնելուն համար, ուրիշ ոչ ոք պիտի անցնէր: