ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Փարիզի Միջուկային ուժանիւթի երկրորդ գագաթաժողովը միջազգային օրակարգին վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացած իրադարձութիւններէն մին էր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Բացի գագաթաժողովին մասնակցելէ, Փաշինեան եւ Մաքրոն ունեցան առանձին հանդիպում մը։ Այս առթիւ անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ մը։ Վարչապետը եւ նախագահը մասնաւորապէս անդրադարձան քաղաքական երկխօսութեան խորացման, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացման վերաբերեալ հարցերու։ Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ՝ երկուստեք կարեւորելով խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման միտուած հետեւողական ջանքերու շարունակականութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ապագայ զարգացման հեռանկարներուն։ Անոնք ընդգծեցին զանազան ուղղութիւններով գործընկերութեան խորացման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտ յառաջ մղման կարեւորութիւնը։

Բաց աստի, Փարիզի մէջ հանդիպեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ։ Նկատի ունենալով, որ Արարատ Միրզոյեան մաս կը կազմէր Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ կարելիութիւնը ունեցան հանդիպելու։ Անոնք անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման կարեւորութեան վրայ։

Միրզոյեան եւ Պարրօ արծարծեցին Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան հետեւողական զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ անոնք անդրադարձան շարք մը առանցքային ուղղութիւններու. օրինակ՝ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու ոլորտէ ներս համագործակցութեան համար մշակուած ծրագրերուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026