ՊԱՅՐԱՔԹԱՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԽՈՒԴԱԹԵԱՆԻ ՀԵՏ
Փարիզի Միջուակային ուժանիւթի երկրորդ գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ շփումի մը։ Ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար այս համաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւնները արդէն բաւական խորացած են վերջին տարիներուն եւ այս մթնոլորտին մէջ երկու երկիրներու զանազան ոլորտներու նախարարները կամ պաշտօնատարները պարբերաբար կը մէկտեղուին իրարու հետ։ Այս շղթային վրայ աւելցած նոր օղակ մըն էր Պայրաքթար-Խուդաթեան տեսակցութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներու միջեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս ուղիղ համագործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւնը։ Նախարարները նոյն ամբողջին մէջ շօշափեցին նաեւ ապագայ հաւանական քայլերն ու թեքնիք մանրամասնութիւնները։
Հարկ է նշել, որ Ալփարսլան Պայրաքթար եւ Դաւիթ Խուդաթեան անցեալ տարի յունիսին հանդիպում մը ունեցած էին Իսթանպուլի մէջ։ Փարիզի երէկուան տեսակցութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումները եղած են՝ անցեալ տարի Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ վարուած բանակցութիւններուն շարունակութիւնը։
Ալփարսլան Պայրաքթար Փարիզի մէջ զրուցեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։