«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՄԻՆ Է»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը ընդմիշտ կնքուած է։

Երէկ, Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստան։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան հասած են ո՛չ միայն թուղթի վրայ, այլ իսկապէս։

Իր կարգին, Անթոնիօ Քոստան ալ նշեց, որ Ատրպէյճան Եւրոմիութեան հիմնական գործընկերներէն մին է։ «Մերձաւոր Արեւելքի առկայ պատերազմի համայնապատկերին վրայ Ատրպէյճանի հետ մեր ուժանիւթի համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ», յայտարարեց ան Պաքուի մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2026