ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՊԱՏԳԱՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ դիւանագիտական լուռ աշխատանքները կը շարունակուին՝ ապահովելու համար վերադարձը Ատրպէյճանէ ներս անազատութեան մէջ պահուող հայոց։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն մը տուաւ Եւրոխորհրդարան։ Սթրազպուրկի մէջ ան ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյնն էր Նիկոլ Փաշինեանի տեսակցութիւնը՝ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան եւ Մեցոլա քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։

Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Եւրոխորհրդարանին առջեւ։ «Մեր ժողովրդավարութիւնը պէտք է խաղաղութիւնը դարձնէ անշրջելի», ըսաւ ան։

«Մենք նոր հակամարտութեան, նոր պատերազմի թոյլ պիտի չտանք։ Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նաեւ ենթակառուցուածքներու ծրագրերուն մէջ», յայտնեց Փաշինեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն։

Սթրազպուրկի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ վարչապետը խօսեցաւ նաեւ TRIPP նախաձեռնութեան մասին։ Այսպէս, յառաջիկային Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ պիտի ստորագրուի համապատասխան համաձայնագիր մը, որով սկիզբը պիտի դրուի TRIPP-ի նախագծի գործնական իրականացման։

Այս համայնապատկերին վրայ վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստան այսօր ալ պատրաստ է ինքնաշարժներու համար ճանապարհ տրամադրելու, որպէսզի անոնք Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ունենան։

Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքի իրավիճակին շուրջ խորհրդածելով՝ վարչապետը կանգ առաւ նաեւ Թիֆլիզի վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ «Եւրոմիութեան Հայաստանի համարկման ճանապարհին այս պահուն ամենամեծ խնդիրն է՝ Եւրոմիութիւն-Վրաստան քաղաքական երկխօսութեան սառեցուած վիճակի մէջ գտնուիլը», ըսաւ Փաշինեան եւ շեշտեց, որ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ Եւրոմիութիւն-Վրաստան յարաբերութիւններու զարգացումը։

Միջազգային հրատապ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ՝ Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի ելոյթին ժամանակ շեշտեց նաեւ հետեւեալը. «Ցաւ կ՚ապրինք՝ տեսնելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատահածները»։

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհրդրանի շէնքի յարակից տարածքին բացուեցաւ հայոց այբուբենի յուշարձան մը։ Սա հայկական տառերու խորանարդաձեւ համատեղուած տեսքով յուշարձան մըն է, որու բացումին ելոյթներ ունեցան Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռոպերթա Մեցոլա։

Յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին Մեցոլա նշեց, որ երկխօսութիւնը ժողովրդավարութեան անկիւնաքարն է։ «Այն մեզ կը միաւորէ եւ յառաջ կը շարժէ։ Ի վերջոյ, այդպիսին է Եւրոխորհրդարանը իր էութեամբ՝ երկխօսութեան կառուցում իրարու հետ, քաղաքացիներու հետ եւ մեզ շրջապատող աշխարհի հետ։ Եւ այս գեղեցիկ գործով՝ հայոց այբուբենի այս պատկերմամբ, հայերէնը իր տեղը կ՚ամրապնդէ այն հարուստ ու բազմազան երկխօսութեան մէջ, որ կը կոչուի Եւրոպա», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2026