ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքի օրը, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ վերանորոգեալ չորս սրբանկարի օծումը։

Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, ինչպէս նաեւ դպրոցէն կրթական մշակներ եւ աշակերտներ ալ հետեւեցան արարողութեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։ Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները այս փուլին պատուոյ հիւրի նման մեծարեցին մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ եւս մասնակցեցաւ Արեւագալին՝ համաձայն իր ուխտին։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2026