ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Երէկ, Մխիթարեան վարժարանի վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարաններու աշակերտները շրջայց մը իրականացուցին Ոսկեղջիւրի ափին։ Պտոյտի ընթացքին աշակերտական խումբը գլխաւորեց վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։ Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահքի Միջինքին անմիջապէս յաջորդած օրուան զուգադիպեցաւ այս շրջայցը՝ բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ ուխտագնացութեան մը համազօր եղաւ։ Ոսկեղջիւրի ափին Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին զանազան եկեղեցիներ։

Այս ամբողջին մէջ, անշուշտ, ամենակարեւորն էր Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին տրուած այցելութիւնը։ Տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեանի կողմէ, որ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան մասին։ Տէր հայրը աշակերտներուն համար կատարեց նաեւ խաչահանգիստ, որու ընթացքին խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ եւ տղաքը կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2026