ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ չի կասկածիր, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Ատրպէյճանի հետ։

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութեան։ Վարչապետը ըսաւ.

«Նոր սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագրին յղում պէտք չէ ըլլայ։ Անկախութեան հռչակագիրը կառուցուած է հակամարտութեան տրամաբանութեամբ ընթանալ եւ փափաքիլ կառուցել անկախ պետականութիւն։ Մենք չենք կրնար անկախ պետականութիւն ունենալ այսպէս ընթանալով»։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2026