ԶՕՐԱՆԱՆՔ ՏԻՐՈՋՄՈՎ
Մարդ այնքան ատեն որ տակաւին կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ, ապա ենթակայ է թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր դժուարութիւններու, նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ յարձակումներու, որոնց դէմ մարդ պարտաւոր է պայքար մղելու, կարենալ տոկալ եւ յաղթանակած դուրս գալու այդ բոլորին մէջէն:
Ոմանք կը տկարանան այս պայքարին մէջ, ուրիշներ չե՛ն ալ ուզեր մտնել այս պայքարին մէջ, ընդհակառակը կը յանձնուին դիւրութեամբ, ըսելով՝ թէ ինչ որ պիտի ըլլայ թող ըլլայ, իսկ ոմանք ալ կամք դրսեւորելով մուտք կը գործեն այս պայքարէն ներս, փորձելով յաղթահարել ու առաջ ընթանալ:
Այս բոլորին համար եւ մանաւանդ վերջիններուն համար այնքա՜ն խրախուսիչ, գօտեպնդիչ եւ միաժամանակ յուսադրիչ են Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը.
«Ի վերջոյ, զօրացէք Տիրոջմով եւ Իր ամենակարող զօրութեամբ: Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք սատանային հնարքներուն դէմ դնել: Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ: Ուստի Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենաք ետ մղել չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ընէք՝ կանգուն մնալու համար: Հետեւաբար պատրաստ եղէք. ճշմարտութեամբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը, արդարութիւնը հագէք զրահի պէս, եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագէք կօշիկի պէս: Եւ այս բոլորին վրայ՝ հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը: Առէք նաեւ փրկութեան սաղաւարտը եւ Սուրբ Հոգիին սուրը, այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքը: Այս բոլորին հետ՝ աղօթեցէ՛ք, աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէ՛ք տեւաբար, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ: Ատոր համար ալ՝ արթուն հսկեցէք, կատարեալ յարատեւութեամբ աղօթելով բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն համար» (Եփ 6.10-18):
Առաքեալին այս խօսքերը կու գան գօտեպնդելու եւ յուսադրելու մեզ, մղելով՝
ա. Զօրանալ Տիրոջմով եւ Անոր զօրութեամբ:
բ. Աստուծոյ սպառազինութիւնը առնել մեր վրայ, կարենալ դիմադրելու համար սատանային ու անոր յարձակումներուն:
գ. Ճշմարտութեամբ ամրապնդուինք, արդարութիւնը որպէս զրահ հագնինք եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամ ըլլանք:
դ. Հաւատքը որպէս վահան ունենանք՝ զերծ մնալու չարին նետերէն:
ե. Փրկութեան սաղաւարտն ու Սուրբ Հոգիին սուրը առնենք մեր վրայ:
զ. Աղօթենք թէ՛ մենք մեզի համար եւ թէ մեր հաւատացեալ եղբայրներուն համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ