ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՊԱՇԽԱՐԱՆՔԸ ԵՒ ԶՂՋՈՒՄԸ

Մարդուս համար ո՜րքան դժուար է իր իսկ «Ես»ին հետ դէմ յանդիման գալ եւ ընդունիլ իր սխալը կամ յանցանքը։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ զղջումը եւ ապաշխարանքը քաջութիւն կը պահանջէ։ Ապաշխարութիւն կը նշանակէ՝ վերադառնալ Հօր Աստուծոյ, ինչպէս անառակ որդին կը վերադառնայ իր հօր. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32)։ Ուստի, այս առակին մէջ կը տեսնուի մարդուն եւ Աստուծոյ՝ կերպարը անոնց փոխյարաբերութեան։

Անառակ որդիի առակին մէջ՝ որդիին հօրմէն պահանջածը ո՛չ միայն իր նիւթական բաժինն է, այլ ան հօրմէն կը պահանջէ նաեւ իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը։ Անշուշտ, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը բարձագոյն արժէքներ են, այն պայմանով, որ անոնք գործածուին Աստուծոյ փառքին ի նպաստ, ո՛չ թէ անձնական փառքի համար։

Անառակը շռայլութեամբ մսխեց իր դրամը եւ նաեւ կորսնցուց իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը եւ իր ընկերները հեռացուց իրմէ։ Ամէն ինչ կորսնցնելէ վերջ հաւասարեցաւ խոզերու, մինչեւ իսկ կարօտ եղաւ անոնց ուտելիքին։ Արդարեւ, խոզը՝ հրէական հասկացողութեամբ եւ աւանդութեամբ կը ներկայացնէ ցած, ամենաստորին մակարդակը։ Եւ այս իմաստով, անառակը իջած էր ամենէն ցած վիճակի մը։ Բայց անառակը քաջութիւնը ունեցաւ զղջալու եւ վերադառնալու իր տունը՝ հօրը քով։ Քանի որ ան անդրադարձաւ իր սխալին։ Եւ այս իմաստով խոստովանանքը միջոց մը՝ ճամբայ մըն է վերականգնելու, քանի որ վտանգաւորը՝ իյնալը չէ՛, այլ՝ չկարենալ վերականգնի՛լը։

Եւ անառակին հայրը երբ տեսաւ իր զաւկին վերադարձը վազելով դէպի անոր, ուրախութեամբ դիմաւորեց եւ ընդունեց զայն։ Այս կէտին պէտք է նշել, որ դարձեալ հրէական հասկացողութեամբ, պատուաւոր մարդիկ երբեք վազելով չէին յառաջանար, բայց անառակին հայրը ոչինչ սեպեց այդ աւանդութիւնը եւ վազեց դէպի իր զաւակը՝ դիմաւորելու համար զայն։ Վերադարձող տղուն տուաւ իր պատմուճանը։ Դարձեալ, պատմուճանը կը խորհրդանշէ Մկրտութիւնը, այսինքն՝ վերակենդանութիւնը։

Այո՛, ապաշխարութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ, բայց ան պէ՛տք է ըլլայ անկեղծ հոգիով եւ մա՛նաւանդ խոնարհութեամբ։ Եւ անառակին խոստովանութիւնը անկեղծ էր եւ խոնարհ հոգիով։

Երբ խօսքը անառակին մասին է, կ՚արժէ անդրադառնալ նաեւ անոր աւագ կամ անդրանիկ եղբօր պարագային։ Ան երբեք չէր ուրախացած իր եղբօր վերադարձէն։ Քանի որ ան ինքզինք անիրաւուած կը սեպէր, ինք որպէս հաւատարիմ զաւակ պէտք չէր հաւասար համարուէր իր եղբօր հետ։

Այս առակին մէջ աւագ կամ անդրանիկ եղբայրը կը ներկայացնէ այն կարծեցեալ «հաւատացեալ»ը՝ որ միշտ եկեղեցի կը յաճախէ, եկեղեցւոյ մէջ կը մնայ տեւական, բայց եկեղեցին չ՚ապրիր, քանի որ եկեղեցին չէ՛ իւրացուցած եւ կ՚ընէ ամէն բան որպէս պարտականութիւն եւ ո՛չ՝ սրտաբուխ եւ յօժարութեամբ։ Ուստի, պաշտամունքն ալ արժէք կը ստանայ, երբ յօժարութեամբ կատարուած է եւ ո՛չ ստիպողաբար եւ կամ որպէս պարտադրանք, այլ՝ ինքնակա՛մ…

Անառակին առակը մեզ կը յորդորէ յաճախ ինքնաքննութիւն կատարել, անդրադառնալ մեր ինքնութեան եւ եթէ կան հոն սխալներ, թերութիւններ՝ խոստովանիլ եւ անկեղծութեամբ եւ խոնարհաբար ապաշխարել։ Կեանքի մէջ անկումներ բնական են, կարեւորը կարենալ կանգնի՛լն է, եւ քաջութիւնը ունենալ սխալը ընդունելու։ Աստուած կ՚ընդունի անպայման մեր անկեղծ վերադարձը։ Ա՛յս է ահաւասիկ մեր պարտականութիւնը Աստուծոյ, ծնողքին եւ ընկերին հանդէպ։ Աստուած երբեք հեռու չէ մեզմէ, այլ մենք ենք, որ երբեմն կը հեռանանք Իրմէ։

Եւ վերջապէս ընտանիքը, ընտանիքի միութիւնը պահել, խնամել շատ կարեւոր է, քանի որ ան որ տէր չի կանգնիր իր ընտանիքին, չի՛ կրնար տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2026