ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Փանաեոթիս Քամմենոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան եւ այս շրջագծով երէկ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս դիմաւորուեցաւ զինուորական հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Սէյրան Օհանեան եւ Փանաեոթիս Քամմենոս վարեցին բանակցութիւններ, նաեւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Բանակցութիւններու ընթացքին նախարարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ որպէսզի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հիմնական բոլոր ոլորտներուն մէջ շարունակուի երկկողմանի համագործակցութիւնը։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ, թէ ռազմական համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման։ Սէյրան Օհանեան յայտնեց, թէ ինք եւ իր պաշտօնակիցը ամէն ջանք պիտի գործադրեն՝ որպէսզի համագործակցութիւնը զարգանայ աշխոյժ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ կարծիքներ փոխանակուեցան շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին շուրջ։ Ողջունելով հիւրը՝ Նալպանտեան նշեց, որ երկու երկիրները կապուած են բազմաթիւ պատմական եւ մշակութային կապերով եւ Հայաստան կը կարեւորէ աւանդական բարեկամ երկրի՝ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու առաւել խորացումն ու ընդլայնումը։ Իր կարգին, Քամմենոս ընդգծեց, որ Աթէնք բարձր կը գնահատէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած միջպետական փոխյարաբերութիւնները։ Ըստ իրեն, Յունաստան հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացմամբ եւ ամրապնդմամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն ջանքերը, Ատրպէյճանի կողմէ շարունակական սադրանքներու հետեւանքով հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։