ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­տեղ օ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ Այս­պէ­սով Ռու­սաս­տան եւ Հա­յաս­տա­ն միա­ւո­րե­ցին հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րը կով­կա­սեան տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Սոյն փաս­տա­թուղ­թը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ ստո­րագ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուի կող­մէ։

Հարկ է նշել, որ ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Այս շրջագծով Սէյ­րան Օ­հա­նեան կը գտնուէր Մոս­կուա­յի մէջ, ուր երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին հետ։ Այս հանգ­րուա­նին է, որ ստո­րագ­րուե­ցաւ սոյն հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին 2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ծա­ւա­լուե­լիք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ծրա­գի­րը։

Հարկ է նշել, որ ներ­կա­յիս Մոս­կուա հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կար­գեր ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­նի Խրղը­զիս­տա­նի եւ Տա­ճի­քիս­տա­նի հետ։ Ռու­սաս­տա­նի կող­մը նա­խա­պէս Ղա­զա­խիս­տա­նի եւ Սպի­տակ Ռու­սիոյ հետ կնքած էր նման պայ­մա­նագ­րեր։ Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին սկզբուն­քով ԱՊՀ-ի եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րուն հա­մար­կու­մը ներ­կա­յիս կը հա­մա­րուի ԱՊՀ-ի հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն ուղ­ղու­թիւ­նը։

Ռու­սաս­տա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

Մինչ այդ, «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան Սէր­կէյ Շոյ­կուի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րեց ռու­սա­կան զէն­քե­րուն մա­տա­կա­րա­րու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Ան այս շրջագ­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ յատ­կա­պէս ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ շարք մը ար­տադ­րանք­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման։

Միւս կող­մէ, ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ հա­ւա­նու­թիւն տուին օ­դա­տիեզ­րա­կան պաշտ­պա­նու­թեան հա­յե­ցա­կար­գի նա­խա-գը­ծին։ Սէր­կէյ Շոյ­կու այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ հա­ւա­նու­թիւն տրուած է օ­դա­տիե­զե­րա­կան պաշտ­պա­նու­թեան հա­յե­ցա­կար­գի նա­խագ­ծին, ինչ­պէս նաեւ ԱՊՀ-ա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րու կա­պի հա­մա­տեղ՝ միա­ցեալ հա­մա­կար­գի մը մա­սին հա­մա­ձայ­նագ­րի մը մշակ­ման, հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­ւա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով հան­դերձ։

Ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ռու­սաս­տա­նի Օ­դա­տիե­զե­րա­կան ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի պե­տը՝ Փա­ւել Քու­րա­չեն­քօ յայտ­նած էր, թէ հա­յե­ցա­կար­գի գլխա­ւոր մշա­կողն է Ռու­սաս­տա­նի Օ­դա­տիե­զե­րա­կան պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րո­նա­կան հե­տա­զօ­տա­կան կա­ճա­ռը։ Ըստ Փա­ւել Քու­րա­չեն­քոյի, հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ հա­մա­կար­գի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­կահր­թի­ռա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­ւա­քա­կան հա­մա­կար­գե­րու ստեղ­ծում չի ծրագ-րըւիր։ Սա կը հա­մա­րուի ա­ւե­լի հե­ռա­ւոր ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ հարց մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015