ՏԷ ՄԻՍԹՈՒՐԱ ՎԵՐՋԱԿԷՏ ԴՐԱՒ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ
Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթեֆան տէ Միսթուրա Չորեքշաբթի օր վերջակէտ մը դրաւ Ժընեւի մէջ տիրող ընդհանուր անորոշութեան: Տէ Միսթուրա իր ըրած յայտարարութեամբ դիտել տուաւ, որ Ժընեւի ժողովը սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ 25 Փետրուարին: Մինչ այս յայտարարութիւնը կը կատարուէր, Սուրիոյ բանակը կարեւոր յառաջխաղացներ կ՚արձանագրէր մասնաւորապէս Հալէպի հիւսիսային հատուածներուն մէջ: Օրեր առաջ ժընեւեան ժողովին Սուրիոյ պատուիրակութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Պեշար Ալ Ժաաֆարի դիպուկ խօսքով մը հանդէս գալով ըսած էր, որ ներկայ հանգրուանին տեղի ունեցածը ո՛չ թէ բանակցութիւն է, այլ՝ ներսուրիական երկխօսութիւն: Այս խօսքի բովանդակութեան մէջ տարբեր շեշտեր կան այն առումով, որ ժողովին մասնակից ընդդիմադիր կողմերը գետնի վրայ փոփոխութիւններ կամ ըսենք առնուելիք որոշումներու գործադրութիւնը անկարող են ապահովել: Խնդիրը ներկայիս կը գտնուի ընդդիմադիր հատ-ւածներուն մօտ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր «պատուիրատու կողմ»ին կամքը պարտադրել: Այս պարանաձգութեան մէջ կայ նաեւ բանակցութիւններուն քրդական կողմին մասնակցութեան խնդիրը, որ Մոսկուայի համար այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ դարձած է առաջնահերթ խնդիր: Այս մասին կարեւոր խօսք ըսած է ռուս բարձրաստիճան պատասխանատու մը՝ յայտնելով, թէ նախքան «Ժընեւ-3»ի կայացումը, քիւրտերու հարցին շուրջ խմորումները եւ վերջնական համաձայնութեան մը գալը կրնայ տեւել վեց ամիս: Թրքական ոչին դիմաց ռուսական կողմին բարձր մակարդակի ճնշումը կրնայ աւելիով դժուարացնել կողմերը իրար մօտ բերելու Տէ Միսթուրայի առաքելութիւնը: Բանակցային հարթակէն դուրս երեւելի զարգացումներ կը գրանցուին զինուորական գետնի վրայ ու զարմանալի չէ, որ մանաւանդ Հալէպի մէջ ընդդիմութեան տարբեր ջոկատները տրամաթիք անկումներ ապրին: Թէ ինչքանո՛վ ձեռնտու է Ժընեւի հանդիպումները յետաձգել մասնաւորապէս Ռիատի եւ Անգարայի համար, այդ մէկը երեւան պիտի գայ յառաջիկայ շաբաթներուն: Իսկ մինչ այդ եթէ բանակին յառաջընթացը առանց մեծ խափանումներու այս հունով ընթանայ, այն ատեն սիւննի աշխարհի երկու կարեւոր եւ որոշիչ դրօշակիրները՝ Ռիատ եւ Անգարա կրնան կորսնցնել Սուրիոյ մէջ վերջին երեք տարիներուն իրենց շահած բոլոր խաղաթուղթերը:
Խօսելով զինուորական գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին՝ հարկ է նշել, որ Սուրիոյ բանակը նախընթաց Չորեքշաբթի յաջողեցաւ մուտք գործել անցնող երեք տարիներուն պաշարման օղակի տակ առնուած Նըպպոլ եւ Ալ Զահրաա աւանները: Հալէպի հատուածին մէջ եղող այս աւաններու բնակչութեան մեծ տոկոսը կը բաղկանայ շիի բնակիչներէ: Լրատուական աղբիւրներ կը խօսին լիբանանեան «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան զինեալներուն այս գործողութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին: Բացի գետնի վրայ իրականացուած զինուորական յառաջխաղացէն, տարբեր աղբիւրներ կը շեշտեն, որ այս քայլով բանակը կարողացաւ մեկուսացնել այդ շրջանին մէջ եղող ընդդիմադիր ջոկատները: Յառաջիկայ հանգրուանը կը թուի բաւական բարդ ըլլալ մասնաւորապէս «Ալ Նըսրա» ճակատին համար, որ ինչպէս վերը նշեցի, անցնող երեք տարիներուն իր տիրապետութեան տակ կը պահէր այդ տարածքները: Այս զարգացումով «Ալ Նըսրա»ն եւ անոր շուրջ գոյաւորուած զինեալ ջոկատներ նոյնպէս պարէնի խնդիրներ պիտի ունենան Հալէպի ներքին շրջաններուն մէջ: Ռուսական ծրագիրներով շարժող սուրիական բանակին համար այսօր գծուած ճանապարհը մէկ նպատակ ունի՝ վերջնականապէս կղզիացման մատնել Հալէպի շրջաններու զինեալները, որոնք կրնան մէկ օրէն միւսը բաւական տրամաթիք վիճակներու մէջ յայտնուիլ: Ամէն պարագայի յստակ է, որ Մոսկուա վճռած է իր արշաւը շարունակել առանց արժէք տալու Ժընեւի մէջ գրանցուող քաղաքական-բանակցային օրակարգերուն: Այս նոր դրութեան առջեւ բնական է նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանները պիտի ապրին աւելի խաղաղ եւ ապահով օրեր: Մեծ ծրագրին վրայ նոր հանգրուան մը պիտի բացուի Հալէպին համար: Հեռու մնալով վերլուծումներ կատարելու մօտեցումէն՝ ընթացող գործողութիւնները նոր փուլ մը պիտի գծեն վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին ամենէն սեւ օրերը ապրած հայկական Հալէպին համար:
Տագնապին ընդհանուր ուրուագիծը ներկայացնելու համար պէտք է նաեւ յիշել քիւրտերու ժընեւեան բանակցութիւններուն մասնկացութեան հարցը, որ մինչեւ վերջին պահը մնաց կողմերուն միջեւ, որպէս շահարկումի գլխաւոր նիւթ: ՓԵՏ-ի յառաջատար դէմքերէն Սալէհ Մուսլէմի անցեալ շաբաթ կատարած յայտատարութիւններէն բացի մամուլին մէջ տեղ գտան տեղեկութիւններ այն մասին, թէ քրդական կողմը սպասող աչքերով կը նայի 11 Փետրուարին Միւնիխի մէջ կայացուելիք համաժողովին, որուն մասնակիցները պիտի ըլլան Սուրիոյ շնորհատու համարուող երկիրներու ներկայացուցիչները: Առաւելաբար ՆԱԹՕ-ի հովանոցին տակ նախատեսուած միւնիխեան հանդիպումին է, որ կրնայ վճռուիլ քիւրտ պատուիրակութեան մը վերջնական ձեւաչափը: Ամէն պարագայի ինչ որ ալ ըլլան հանգամանքները, այսօր Սուրիոյ տարածքով մէկ քրդական ուժերը առնուազն իրենց տիրած շրջաններուն մէջ նախաձեռնութիւն վերցնելու ուժը ունին, ու ատոր համար է, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ մանաւանդ Ռուսաստան մտադիր չեն հոգեբանական ապտակ մը տալ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) դէմ պատերազմական մի քանի ռաունտ յաղթած քիւրտերուն:
Այս բոլոր ժողովները, ըլլան անոնք մարդասիրական կամ բանակցային, ներկայ հանգրուանին նոր ճանապարհներ բանալու հեռանկարներ չունին: Սիւննիներուն համար Ժընեւի ժողովը անբաղձալի կը համարուէր, ու այդ պատճառով էր նաեւ, որ այդ ժողովը չստացաւ պէտք եղած նեցուկը ու տապալեցաւ:
Բանակցութիւնները ամենէն աւելի անհրաժեշտ են Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն պահանջող կողմերուն ու մասնաւորապէս Ռիատին համար, որ մինչեւ այս պահը համալրող ծրագիր չունի:
Ներկայ հանգրուանին բոլորը կը գիտակցին, որ սուրիական օրագրութեան մէջ երեւելի եւ կտրուկ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունեան: Այդ փոփոխութիւններուն դիմաց մասնաւորապէս սիւննի ընդդիմադիրները եւ զանոնք հովանաւորող ուժերը պէտք է հասկնան, թէ յետայսու հին պահանջներով ճամբայ իյնալը տեղ մը պիտի չհասցնէ:
Կայ նաեւ ատկէ շատ աւելի վատ բեմագրութիւնը եւ այդ մէկը կապուած է Սուրիոյ ընդդիմութեան կրելիք շատ անակնկալ եւ տրամաթիք անկումներուն հետ:
Այս հանգրուանին այն կողմը, որ գետնի վրայ տեղի ունեցող արագ փոփոխութիւնները հաշուի չառնէ, վաղուան օրը կրնայ իր երեւակայածէն շատ աւելի մեծ գին վճարել բանակցութիւններուն լիարժէք սեղանին առջեւ:
Ուրեմն ներկայ հանգրուանը սպասումներու հանգրուան մըն է: Փոփոխութիւններ կրնան գրանցուիլ. առաջին առթիւ՝ երբ բանակցակային գործընթացին դէմ եղող Ռիատի ընդդիմադիր թեւերը զիջին սեղան նստիլ, եւ երկրորդ՝ երբ Սուրիոյ բանակը, միշտ ապաւինելով ռուսական օդային կրակէ օղակին, զինուորական մեծ նուաճումներ կատարէ եւ նոր կարգավիճակ (սթաթիւքօ) մը ստեղծէ:
Այդ կարգավիճակը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներու նոր հանգրուանը պիտի բանայ:
Այս բոլորը կրնան յառաջ մղուիլ հովանաւորութեամբ այն կողմին, որ շրջանին մէջ իր կամքը պարտադրելու բոլոր հիմնական բանալիները ունի եւ այդ կողմը գերազանցօրէն՝ Մոսկուան է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան