ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԾԱՆՐ ՈՒ ԼԱՐՈՒԱԾ ԳԻՇԵՐ ՄԸ ԱՊՐՈՒԵՑԱՒ
«Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ։ Երէկ կէս գիշերէն ետք ահաբեկչական խմբաւորումներու կատարած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով փուլ եկած են երկու շէնքեր, որոնցմէ մէկուն մէջ քաղաքացի մը ծանրօրէն վիրաւորուած ու մահացած է, մինչ անոր քոյրը փոխադրուած է եւ մինչեւ այս պահը կը գտնուի հիւանդանոցային խնամքի տակ: Մահացած երիտասարդը կը կոչուի Էլիաս Սաքքալ: Նշենք, որ փուլ եկած առաջին շէնքը կը գտնուի Հալէպի Վիլլաներու շրջանը («Իսլահ զիրահի շէնքի հանդիպակաց), իսկ երկրորդը՝ Թէլէֆոն Հաուայի շրջանը («Զաքի Ալ Արսուզի» վարժարանի կից գտնուող շէնք): Վերջին օրերուն Հալէպի տարբեր շրջաններ սկսած են թիրախ դառնալ ահաբեկիչներու կրակներուն: Քաղաքը կը շարունակէ զրկուած մնալ ելեկտրականութենէ եւ ջուրէ:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Հալէպի վերջին հրթիռակոծումներուն հետեւանքով վնասուած է Սուրիահայ օգնութեան խաչի բժշկական կեդրոնը։ Կիրակի գիշերուան եւ երէկ գիշերուան ծանր ռմբակոծումներուն հետեւանքով Հալէպի զա-նազան շրջաններու կարգին մեծ վնասներ յառաջացած են Նոր Գիւղ, Սէյրաֆին եւ Սիւլէյմանիէ թաղամասերէն ներ։ Կան զոհեր եւ վիրաւորեալներ։ Փլած են շարք մը բնակելի շէնքեր։
Անցեալ տարուան Հոկտեմբերի 23-էն ի վեր Հալէպի մէջ չկայ ելեկտրականութիւն, իսկ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ջուր ալ չի մատակարարուիր քաղաքի բնակչութեան։
Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին ալ Հալէպի մէջ մահացած էր հայ երիտասարդ մը։