ՄԱՀ՝ ԻՏԱԼԱՑԻ ԳՐՈՂ ՈՒՄՊԵՐԹՕ ԷՔՈՅԻ

Հա­մաշ­խա­րա­հա­յին հռչա­կի ար­ժա­նա­ցած «Վար­դի ա­նու­նը» վէ­պի հե­ղի­նակ, ի­տա­լա­ցի աշխարհահռչակ գրող  եւ փի­լի­սո­փայ Ում­պեր­թո Է­քօ ե­րէկ կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն, ութ­սուն­չորս տա­րե­կան հա­սա­կին: Ում­պեր­թօ Է­քօ շրջա­նէ մը ի վեր կը տա­ռա­պէր քեղց­կե­ղէ։ Ա­նոր մա­հը հաս­տա­տած է իր ա­մե­րի­կա­ցի հրա­տա­րա­կիչ Հու­թոն Միֆ­լին Հար­քուր­թը:

Ան շա­տե­րու կող­մէ կը հա­մա­րուի  ի­տա­լա­կան ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րէն մին: Ում­պեր­թօ Է­քո­յի ա­ռա­ւել նշա­նա­ւոր գոր­ծե­րը ե­ղած են. «Վար­դի ա­նու­նը» (1980) եւ «Ֆու­քո­յի ճո­ճա­նա­կը» (1988): Է­քո­յի գրի­չին բնո­րոշ ե­ղած են հա­րուստ լե­զուն եւ սեմ­պոլ­նե­րու սրա­միտ օգ­տա­գոր­ծու­մը։

Ում­պեր­թօ Է­քօ ծնած էր 5 Յու­լի­ս 1932 թուա­կա­նին, Փետ­մոն­տի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նը գտնուող Ա­լե­սանտ­րիա­յի մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016