ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ ՄԻՇՏ ՀՐԱՏԱՊ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­պա գաղ­թա­կան­նե­րու առ­կայ հար­ցը կրնայ յաղ­թա­հա­րել Թուր­քիոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Գար­նա­նա­մու­տին Եւ­րո­պա հաս­նե­լու փա­փա­քով գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը թափ ա­ռած է դէ­պի Թուր­քիոյ Ե­գէա­կա­նի ա­փե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին՝ Մար­տի 7-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ Մեր­քէլ կրկնեց, թէ գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մը կրնայ յաղ­թա­հա­րուիլ միայն Թուր­քիոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Մինչ այդ, այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն օր մը վերջ՝ Մար­տի 8-ին, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Իզ­մի­րի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րա­սը։ Երկ­կող­մա­նի քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րին ա­ռըն­թեր, Ան­գա­րա­յի եւ Ա­թէն­քի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պի­տի քննար­կուին նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016