ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Մեծ պահքի նախավերջին Կիրակին:
Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով: Բայց տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած էր գարնան զարթօնքէն, յարութիւն առնող բնութեան:
Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար, որ դարձեալ նուիրուած էր գարնանամուտին: Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով՝ պահպանելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն, յետոյ զանոնք կ՚այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին՝ փորձանքներէ հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմակայել բնութեան աղէտները:
Անցեալին եկեղեցիներուն մօտակայ ծառերը կը զարդարէին գունաւոր ժապաւէններով եւ պտուղներով այս սովորութիւնն ալ պտղաբերութեան գաղափարին հետ կապուած էր:
Մինչեւ օրս ալ Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ՚ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին։
Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները՝ խորհրդանշելով Տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանը եւ Վերջին դատաստանը:
Դռնբացէքի արարողութիւնը խօսակցութեան, հարց ու պատասխանի ձեւ ունի. դռնբացէք կը կոչուի, քանի որ անմիջականօրէն կապ ունի դրան հետ: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ, որ արքայութիւն մտնել արտօնէ:
Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ կամ Մեծ շաբաթ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ՝ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը: Իսկ յաջորդ Կիրակի արդէն Զատիկ է՝ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 05/06/2025